Չորեքշաբթի, Ապրիլ 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Արցախը Դեռ Կանգուն Է Եւ Անպայման Յաղթանակներ Պիտի Ունենանք

«Արցախը Դեռ Կանգուն Է Եւ Անպայման Յաղթանակներ Պիտի Ունենանք»

Նախարար Դաւիթ Բաբայեան Խօսեցաւ ՝ «Ռամկավար Մամուլ»ին

Արցախի հանրապետութեան ԱԳ նախարար ՝ Դաւիթ Բաբայեան օրերս հարցազրոյց մը տուաւ «Ռամկավար Մամուլ»ին։

 Խօսելէ ետք Արցախի շուրջ եւ Արցախի այսօրուան  տարածքին մէջ  առկայ ընդհանուր դրութեան մասին, Բաբայեան մասնաւորապէս շեշտեց, որ մեր ժողովուրդը ունի մէկ ճանապարհ այս բոլորէն դուրս գալու համար եւ այդ  ճանապարհը միաւորման  ճանապարհն է։

 Ստորեւ  նախարար Բաբայեանին հետ մեր կատարած հարցազրոյցը։

– Պր. նախարար, վերջին օրերուն շատ արագ զարգացումներ կը կատարուին, Ատրպէյճան կանոնաւոր կերպով կ’ոչնչացնէ մեր ժողովուրդի հոգեւոր ժառանգութիւնն ու խորհրդանիշները, յատկապէս Շուշիի մէջ։ Այս առումով ի՞նչ ունիք ըսելիք։

Իրօք ինչ որ կը կատարէ Ատրպէյճանը, այլ բան չէ քան մշակութային Ցեղասպանութիւն մշակութային ահաբեկչութիւն եւ մշակութային Նացիզմ: Այս սպասելի էր, որովհետեւ այս միակ գործելաոճն է Ատրպէյճանի, զոր մենք կ’անկալենք, ասիկա նորութիւն չէ, եւ պէտք է ասոր մասին յստակ պատկերացում ունենանք եւ երբեք չսխալինք ու իրականութենէն չհեռանանք: Հարեւան ունինք Ատրպէյճանի պէս երկիր մը, որուն համար հայատեացութիւնը պետական եւ ազգային գաղափարախօսութիւն դարձած է: Իսկ թէ մենք ինչ պէտք է ընենք, կարելի է ըսել, որ այստեղ խնդիրը աւելի փիլիսոփայական է քան նոյնիսկ քաղաքական, բայց բնական է որ ամէն տեղ պէտք է ահազանգենք, բնական է որ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը պէտք է սեւեռենք այս կատարուածներուն վրայ: Բայց ամէնէն մեծ մեր ընելիքը այն է, որ ըլլանք ուժեղ, եւ վերջապէս դարձի գանք ազգովի, այնպէս ընենք որ մեր երկիրը ապաքինուի, ըլլանք ուժեղ եւ հզօր որպէսզի թոյլ չտանք, որ ոսոխը երբեւիցէ տիրանայ մեր երկրին, մեր երկրի որեւէ մասին, եւ մեր մշակութային ժառանգութեան, այլ տարբերակ մենք չունինք:

– Այս զարգացումներն ու դէպքերը որոնք  տարբեր առումներով ալ  խոցեն մեզ, արդեօք Արցախի ժողովուրդի, Արցախի բնակչութեան վրայ ինչ որ ձեւով կ’ազդե՞ն։ Այլ  խօսքով հայրենի հողը լքելու ու հեռանալու, կամ վախով ապրելու  տրամադրութիւններ կա՞ն Արցախի մէջ։

Ատրպէյճանը ըստ ամենայնի, կ’ուզէ այսպիսի տրամադրութիւններ տարածել մեր ժողովուրդի մօտ, եւ այդ նպատակով տարբեր յայտարարութիւններ կը կատարեն, իբրեւ թէ Ատրպէյճանը շուտով պիտի գրաւէ Ստեփանակերտը, իբրեւ թէ այդ հարցը որոշուած է, եւ այլն: Հասկնալով, որ այս ռազմական առումով անհնարին է, քանի որ այն մասին մէջ ինչ որ մնացած է Արցախէն, տեղակայուած են ռուսական խաղաղապահ ուժերը, այսինքն յարձակում Արցախի վրայ ըստինքեան կ’ըլլայ յարձակում Ռուսաստանի Դաշնութեան վրայ, եւ հասկնալի է թէ այդ ինչ հետեւանքներ կրնայ ունենալ: Այս բոլորը հասկնալի է Ատրպէճանին, բայց միեւնոյն ժամանակ, հայաթափումը անոր համար գերխնդիր է, բայց անոր համար ինչու թանկեր գնել, ինչու անօդաչու թռչող սարքաւորումներ, «Պայրաքտարներ», զինուորներ օգտագործել, ան դիմելով տնտեսապէս աւելի աժան մեթոտներու, պարզապէս յայտարարութիւններով վհատութիւն կ’ուզէ սերմանել մեր ժողովուրդի հոգիներուն ու սրտերուն մէջ, որպէսզի Արցախ ապրող մարդիկ մտածեն, որ Արցախ արդէն վտանգաւոր տեղ է եւ չուզեն իրենց ու իրենց երեխաներու ճակատագիրը կապել Արցախի հետ, իսկ այն մարդիկ ալ որ կ’ուզեն վերադառնալ Արցախ, չվերադառնան, նպատակը այս է: Արցախի անվտանգութիւնը այս պահու դրութեամբ, կրնայ մահացու սարսափ ըլլալ միայն մէկ պարագային, եթէ Ռուսաստանի մէջ սկսին անկանխատեսելի զարգացումներ, ինչպէս յեղափոխութիւն, կամ այն երկիրը նորէն քաղաքացիական պատերազմի մէջ ներգրաւուի, ինչպէս տեղի ունեցաւ 1917-1918 թուականներուն, բայց այս պարագային արդէն ամբողջ հայութիւնը վտանգուած կ’ըլլայ: Եթէ  այդպիսի բարդ  զարգացումներ ըլլան, ապա բնական է, որ Թուրքիան ու Ատրպէյճանը անմիջապէս իրենց յանցաւոր ծրագիրները կը փորձեն իրականցնել,  բայց այնքան ատեն, որ  դեռ ռուս խաղաղպահները դեռ Արցախ են ու Ռուսաստանը կայուն իրավիճակի մէջ է, նման զարգացումներու հաւանականութիւնը ի հարկէ շատ քիչ է:

– Կարեւոր հարցի մը անդրադարձաք, որովհետեւ Սփիւռքն ալ այս պահուն, յստակ չի գիտեր որ արդեօք Ռուսաստանը իրապէ՞ս մեր ռազմավարական գործընկերն է, այսինքն անկախ ամէն ինչէ, Ռուսաստանը պահեց Արցախը, այդ առումով ի՞նչ կը մտածէք:

Անկասկած, որ Ռուսաստանը մեզի համար եղբայր երկիր է, եւ իսկապէս եթէ այս պայմաններուն, Ռուսաստանը ներկայ չըլլայ Արցախ, մէկ օրուայ մէջ հայ չի մնար: Որովհետեւ մենք այս պահու դրութեամբ, դժբախտաբար, պէտք է ընդունինք այն իրականութիւնը, որ ի վիճակի չենք մեր սեփական ուժերով ապահովել Արցախի անվտանգութիւնը: Միւս կողմէ ալ Ռուսաստանը երբ կ’ապահովէ այդ անվտանգութիւնը, մեզի համար նոր հնարաւորութիւններ կ’ընձեռնէ ապաքինուելու, տնտեսապէս զարգանալու եւ այլն: Սակայն Արցախի մէջ հայութիւնը պէտք է լաւ հասկնայ, որ մենք պէտք չէ դառնանք թատերաբեմ համաշխարհային աշխարհաքաղաքական պայքարի։ Ի վերջոյ հայութիւնը ունի այդ ներուժը, որ ճկուն ձեւով Ռուսաստանի եւ արեւմուտքի միջեւ եղած բարդութիւնները շրջանցէ, քանի որ մենք ունինք հայկական սփիւռք այդ տեսակէտէն, մեր կապերը տարբեր երկիրներու հետ պահպանելու լաւագոյն ձեւը եւ իրական տարբերակը այդ է: Քանի որ մենք ունինք սփիւռք հետեւաբար այն թոյլ կու տայ շրջանցելու բազմաթիւ հնարաւոր աշխարհաքաղաքական բարդութիւններ, եւ  այս առումով մեր ունեցած այս հնարաւորութիւններ իրապէս շատ մեծ են ու արժէքաւոր։

– Այս բոլորի լոյսի տակ, ի՞նչ կ’ուզէք ըսել սփիւռքահայութեան: Համաճարակի այս ալիքի աւարտին, արդեօք Արցախը կը սպասէ՞ իր սփիւռքահայ զաւակներուն. Ի՞նչ կոչով պիտի ուզէիք հանդէս գալ։

Պէտք է ըսել, որ այո՛ հարուածը սարսափելի էր, բայց Արցախը կա՛յ եւ կանգուն է, հայութիւնը կա՛յ եւ կանգուն է: Մենք դեռ յաղթանակներ պիտի տօնենք սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, եւ ամէն ինչ կախեալ է մեզմէ, ճիշդ դասեր քաղենք, վերջապէս դարձի գանք ազգովին, խելացի ըլլանք, արհեստավարժ ըլլանք, հայրենասէր ըլլանք, ի վերջոյ Աստուած այնքան մեծ է, որ մեզ չարժանացնէր այն ճակատագրին, որուն մենք գուցէ արժանի ենք, հետեւաբար պէտք է ըլլանք յոյսով լի, որովհետեւ յուսահատութիւնը Աստուծոյ նկատմամբ թերահաւատութիւն է, ինչ որ անթոյլատրելի է:

 «Ռամկավար Մամուլ»  
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ