Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Գրախօսական. Գէորգ Պետիկեանի «Տարին, Որ Անցաւ» Նոր Լոյս Ընծայած Հատորին Առթիւ

ԱՆԻ ՄԱՐՍԷԼԵԱՆ

2021-ի սկիզբին, գաղութիս ծանօթ գրիչ, ազգային դէմք, աւելի քան կէս դարու կրթական մշակ եւ ութը հատորներու հեղինակ՝ Գէորգ Պետիկեան, լոյս ընծայեց իր նոր հատորը՝ «Տարին, Որ Անցաւ» անունով:

Այս առթիւ, յիշեցնելու համեստ պարտականութեամբ ըսեմ, որ հեղինակի այս նոր հատորին մէջ հաւաքուած են անցեալ տարուան (2020) ընթացքին «Քորոնա» համաճարակին, Արցախի պատերազմին, հեղինակին եւ անոր թոռնիկներուն միջեւ հարազատ զրոյցներուն եւ ազգային ու համամարդկային զանազան իրադարձութիւններու մասին Պետիկեանի յօդուածները։

Բայց, ինչ որ ալ ըլլան մեր տրամադրութիւնները՝ դրական կամ քմահաճ, հայ գիրքը պէտք է որ կարդացուի, բազմանայ, քաջալերուի ու փրկուի կորուստէ, որովհետեւ ա՛ն է որ հայ մարդուն հոգին ու միտքը կրնայ ջերմացնել: Չմոռնանք սակայն, որ նոյնքան կարեւոր է հայ գրագէտները քաջալերել: Այս եւս մեր մշակութային առաքելութիւնն է. աւանդ է, -եթէ կ՛ուզէք,- որ պէտք է շարունակուի:
Խորքին մէջ, հայ գիրքը փրկել կը նշանակէ նաեւ փրկել անոր հեղինակը: Արդ, այս հատորը կ’ընդգրկէ 43 արձակ եւ 2 չափածոյ կտորներ,ինչպէս նաեւ գեղեցիկ ու տպաւորիչ վկայութիւն մը՝ տք. Արմենակ Եղիայեանի գրիչէն, որոնք բոլորն ալ էջ առ էջ կու գան ջերմացնելու Սփիւռքի գրականութեան գորշ երկինքը:

Նաեւ ըսեմ, որ «Տարին, որ անցաւ»ը, վկայութիւն մըն է այն հասկացութեան, թէ գիրքը նոյնի՛նքն հեղինակ մարդն է:

Գէորգ Պետիկեանի ոգեշնչող գրութիւններն ու հատորները  միշտ եղած են բանբեր ու   թարգման ընթերցողի սրտի ու մտքի կանչին: Իր բոլոր պատմուածքներն ու խոհական արտայայտութիւնները, արդէն իսկ կը պարզեն ու կը բացայայտեն հեղինակի սփիւռքահայու յատուկ եւ վայել ապրումները:

Եթէ քիչ մը աւելի մօտէն հետեւինք իր գրիչին, կարդանք իր հատորները, անպայման պիտի հանդիպինք, տեսնենք եւ վկայենք, թէ Պետիկեան միշտ գրած է իր ծննդավայր Հալէպի ու հալէպահայութեան մասին, լուսարձակի տակ առնելով հալէպահայ կեանքը, մշակոյթն ու հալէպցիի մղձաւանջ: Եւ աւելին՝ հայու յարութիւն առնելու տենչը, այդ երկրի պատերազմի պատճառած աւերակներու ու աւերներու ընդմէջէն:                     

Նաեւ ան գրած է թշնամիի ձեռամբ կործանուած պատմական արժէքներու կորուստին մասին, երբ այցելեց եւ ականատես  եղած էր Արեւմտեան Հայաստանի մէջ գտնուող աւերակ դարձած  բերդաքաղաք  Անին (Երբ Տեսայ Անին)    փոխանցելով    յուզումներն ու  ապրումները    իր գրիչին հետեւաբար ՝  ընթերցողի հոգիին:                                            

Գէորգ  Պետիկեանի  վերջին ինքնատիպ  հատորը՝  (ՏԱՐԻՆ,ՈՐ ԱՆՑԱՒ) 2020 թուականը  կրող այդ տարուայ մարդկութեան չնախատեսուած տագնապներու տարափի  եւ յուզումներու քանդակ է կարծես, բազմազան ստորաբաժանումներով հատոր մը, որ մեր հոգիներու ծալքերուն, պոռթկումն ու ընթերցումն է ինչպէս կը վկայէ տք. Արմենակ Եղիայեանը այս հատորի վերջին՝ իր վկայութեամբ:

Իւրաքանչիւր պատմուածք իր հմայքն ու սրտի ուղղուած խօսքն ու պատգամը ունի: Եւ այսպէս, ընթերցողը անընդհատ մենախօսութեան կերպարին մէջ կը մտնէ ինքնաբերաբար:

Պետիկեանի ինքնատիպ ոճը, անոր հիւմըրով խառն պարզ, թարմ եւ առողջ կերպով հայաշխարհը ներկայացնելու գրիչը, անկասկած կը բխի իրապաշտութեան ակունքներէն եւ կու գայ հաստատելու հեղինակի հասուն գրողի ու մտաւորականի վաստակը, անոր հայ լեզուի, միտքի, մշակի ու երկարամեայ ուսուցիչ-տնօրէնի վաստակին հետ առնչուող կէտերը:

Գէորգ Պետիկեան իր անձնական ճիգերով եւ մաքառելով սփիւռքեան այլօրինակ խոչընդոտներու եւ արգելակող ալիքներու դէմ, իր պատուանդանը կերտած է իբրեւ մամուլի մարդ, գրող, դաստիարակ եւ մշակոյթի սպասարկու:

Հեղինակը կը տագնապի հայ լեզուի նահանջով, մեր ժողովուրդի այլասերման երեւոյթներով եւ արմատներուն վերադառնալու տենդով, սակայն նաեւ՝ նոր աշխարհին մէջ մանուկն ու երիտասարդը իսկական արժէքներէ հեռու պահող վիճակներուն հետեւանքներով:

Գիրքին մէջ տեղ գտած են նաեւ ամերիկեան միջավայրէն քաղուած միջադէպեր եւ մտորումներ: Նկարագրութիւններուն յուզականութիւնը խորապէս տպաւորիչ դարձուցած է գիրքին բոլոր կտորները:

Ու այսպէս, Արցախեան 44 օրուայ  պատերազմի  պատճառած  յուսաբեկութիւնը,  համայն աշխարհն  սարսափի մատնող անիծեալ ու մարդասպան «Քորոնա» ժահրը, թոշակառուներու հոգեկան ապրումները, ընտանիքներու առօրեայ  կեանքէն դրուագները, թոռնիկ ու մեծ հայր  երկխօսութիւնները, հայապահպանման մարտահրաւէրներն  ու ձուլման սպառնալիքները եւ այլ նիւթեր բովանդակող հատորը՝ մեր ամէնօրեայ կեանքէն վերցուած թատերախաղ մըն է կարծես, ուր իւրաքանչիւր հերոսի մէջ կը գտնես ինքդ, քու անձդ, իսկ բեմադրիչը՝ գիրքին հեղինակը:

Ինչպէս կը տեսնէք, Գէորգ Պետիկեանի հոգին ու սիրտը իր հայութիւնն է: Ընթերցողը վստահաբար, հաճոյքով պիտի ըմբոշխնէ նաեւ սոյն նոր հատորը:

Արդ, գրիչդ դալար , սիրելի Գէորգ  ,  մաղթանքս է միշտ  շարունակես գրել քու հաճելի ու  ինքնատիպ ոճովդ եւ  քաղափարներովդ  ու մեր հոգիներուն արձագանգ տաս քու գրիչովդ, ամէնէն կարեւորը, ինչպէս տք. Արմենակ Եղիայեան կը վկայէ-. «սրտէս խօսիս, ինչպէս միշտ»:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ