Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Տ.Տ. Սահակ Բ Խապայեան Կաթողիկոսին Վերջին Այցն Ու Կիլիկիոյ Դժբախտ Ճակատագիրը

1920-1921

Սիսի պատմական Աթոռին վերջին Գահակալը եղաւ։ Իր կեանքն ու երկարատեւ գահակալութիւնը վերջալոյս չբերին իր ալեհեր կեանքին։ Ընդհակառակը, արշալոյս մը բացին իր տոկուն կենցաղին եւ անխախտ հաւատքին շնորհիւ։ Սահակ Կաթողիկոս տեսաւ վերընձիւղումը իր Աթոռին՝ ի՛ր ձեռքով, եւ ո՛չ թէ օտարին աջակցութեամբ։

                                              Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Վերջին Յոյսն ու Հրաժեշտը

            Ուղիղ դար մը առաջ Երջանկայիշատակ Տ.Տ. Սահակ Բ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը 1920 թուին աքսորէն Կիլիկիա վերադարձաւ այն յոյսով որ պիտի վերակերտէր իր Աթոռը՝ քաջալերուած Միհրան Տամատեանի քաղաքական դիրքէն։ Լման տարի մը մնաց Ատանա, 1920 Նոյեմբերէն 1921 Դեկտեմբեր, եւ ապա անդարձ մեկնեցաւ Կիլիկիայէն, միշտ մնալով իր ժողովուրդին գլուխը երբ արդէն 72 տարիքը լրացուցած էր։ Կաթողիկոսը    իր վերջին հրաժեշտը տալով Կիլիկիոյ, գահակալութեան փորձանքներով   լի ահաւոր իր ընթացքը շարունակեց անվհատ՝ քաղաքական երկու յաջորդական հոսանքներու ընդմէջէն՝ Արեւմտեան Հայաստանէն դէպի Արեւելեան Հայաստան։

            Թուրքիոյ ծանօթ ոճիրը, որ այսօր համատարած ճանաչում գտած է արդէն որպէս բարձրաձայն պարսաւանք թուրք պետական ղեկավարութեան դէմ, սկիզբ առաւ թրքական հողին վրայ, սպանդով եւ աքսորով, քանդելով հայուն տունն ու մշակոյթը, եկեղեցին ու համայն հայութիւնը, անցնելով սահմանէն անդին եւ Արեւելեան Հայաստանն ալ նոյն ճակատագրին մատնել փորձելով։ Սարդարապատի ճակատամարտը սակայն ետ շպրտեց թուրք բանակը խիզախ հայորդիներու վճռակամ դիմադրութեամբ՝ հռչակելով Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1918 Մայիս 28-ին։ Նոյնը չեղաւ սակայն թրքահայոց պարագային։

            Երկու հոգեւոր պետերն ալ, Տ.Տ. Գէորգ Ե Սուրէնեան եւ Տ. Տ. Սահակ Բ Խապայեան Կաթողիկոսները, ամենէն վճռական պահուն նոյնիսկ մնացին ամուր եւ պահեցին հայուն մնացորդաց բեկորները։ Ամենայն Հայոց Հայրապետը մնաց իր Աթոռին վրայ աներեր, հակառակ թշնամիին դէպի Էջմիածին ու Երեւան ձախող ներխուժումին, իսկ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը թուրքին եւ Եւրոպայի պետութեանց քմայքին ներքեւ թափառեցաւ անտուն եւ անօթեւան, ու անդարձ մեկնեցաւ բնակութիւն գտնելու Հալէպ, իր կարեւոր թեմերէն մէկուն մէջ, ուր մեծ թիւով վտարանդի Կիլիկեցիք    հասած էին։

            Հայութենէ պարպուած էին Սիսը, Ատանան ու Այնթապը, Մարաշն ու Զէյթունը։ Վերապրողներն եղած էին գաղթական, անտէր եւ անտուն՝ ցրուած Պաղեստին, Սիւրիա, Լիբանան եւ Յունաստան, լքուած իրենց բախտին, իրենց ձեռքերով կերտելու համար իրենց տունը, մինչ անվհատ   ու քաջարթուն Սահակ Բ Խապայեան Կաթողիկոսը իր դիմացկուն եւ աննահանջ ուժերով պիտի վերակերտէր իր Աթոռը Լիբանանի մէջ։

Նախընթացը

Կիլիկիոյ տարաբախտ պարպումին նախընթացը եւ պատճառը Եւրոպական դաւաճանող քաղաքականութիւնն էր։ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի ժամանակ Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի միջեւ 1916 Մայիս 16-ին գաղտնի համաձայնութիւն մը կնքուեցաւ Օսմանեան Թուրքիոյ որոշ տիրոյթները բաժնելու մասին, եւ այդ համաձայնագիրը ընդունուեցաւ Ռուսիոյ Կայսեր կողմէ եւ ստորագրուեցաւ Լոնտոնի մէջ։

            Ըստ տուեալ պայմաններուն Ֆրանսայի պիտի յանձնուէր Կիլիկիան, նկատի ունենալով անոր ռազմավարական կարեւոր դիրքը։ Հայկական Լէգէոնը գտաւ իր հովանաւորը՝ Ֆրանսան, որուն հետ հայեր պիտի կռուէին թուրքերուն դէմ եւ յաղթութեան պարագային Կիլիկիա ինքնավար պիտի դառնար եւ տրուէր հայերուն։ Ըստ այնմ, Հայկական Լէգէոնը 1918 Սեպտ. 19-ին Արարայի ճակատամարտին մասնակցեցաւ Պաղեստինի մէջ ու Ֆրանսա յաղթական դուրս եկաւ անուններով յայտնի քսաներեք հայ հերոսներ նահատակ տալով։ Առաջին նշանները լաւ էին եւ սակայն շատ կարճատեւ։ Ֆրանսա արտօնեց հայկական գունդին մուտքը Կիլիկիա շուրջ 6000 զինեալներով, որոնք ցամաք ելան Ալեքսանտրէթ, եւ Մերսինէն մտան Կիլիկիա։ 1919-ին արդէն մօտ 120,000 հայեր կ՛ապրէին Կիլիկիոյ մէջ, իսկ տարի մը ետք    թիւը բարձրացած էր 160,000-ի։ Սակայն ֆրանսական հոգատարութիւնը լուրջ եւ մնայուն միջոցներ ձեռք չառաւ հայերու անվտանգութիւնը ապահովող։ Ֆրանսայի հաւանութեամբ նոյնիսկ տեղ տեղ թուրք պաշտօնատարներ սկսան իշխանութեան գլուխ անցնիլ, մինչ անդին միեւնոյն ատեն Քեմալական շարժումը կը սողոսկէր Կիլիկիայէն ետք Իզմիրի եւ Յունական ծովերուն տիրանալու վճռակամութեամբ։ Սակայն անոնց համար Կիլիկիան նախ եւ առաջ կու գար։

Կիլիկիոյ Ինքնապաշտպանութիւնը

            Հայեր իսկոյն ինքնապաշտպանութեան խիզախ փորձերու ձեռնա-մուխ եղան որոնք սակայն շուտով թուրքերուն ձեռքը ինկան՝ ջարդի եւ կոտորածի մատնուելով։ Այսպէս, 1920-ին Մարաշ դիմադրեց 20 օրեր եւ կորսնցուց 11,000 հայորդիներ։ Մնացած 8,000-ը գաղթեց Սուրիա։ Հաճըն պաշարուեցաւ 7 ամիս եւ հերոսաբար դիմադրեց թշնամիին, եւ սակայն 1920 Հոկտեմբեր 15-ին յանձնուեցաւ անոր։ Հաճնոյ բազմաթիւ հայութենէն միայն 380 զինուորներ կրցան ճեղքել թշնամիին բանակը եւ ազատիլ։ Ո՞ւր էին Ֆրանսացիք։ Ինչի՞ ծա-ռայեց անոնց Հայ Լեգէոնականներուն հետ իրենց կնքած դաշինքն ու համա-ձայնութիւնը Արարայի կռիւին ընթացքին։ Անպատիւ քաղաքականութեան, սուտի եւ կեղծիքի զոհ գացին հայորդիք։

            Մուսթաֆա Քեմալ 1920-ի Ապրիլ 1-ին պաշարեց Այնթապը, եւ 15 օրուան հերոսական ինքնապաշտպանութենէ ետք 18,000 այնթապցի հայեր փրկուե-ցան կոտորածէ ու գաղթեցին Հալէպ։ 1919-ին Զէյթուն վերադարձած էին 1058 տարագիր հայեր որոնք դժբախտ վախճան մը ունեցան, եւ այս ձեւով Կիլիկիոյ հայութիւնը անգամ մը եւս զոհ գնաց միջազգային քաղաքականութեան, խաբուելով Ֆրանսայէն եւ Անգլիայէն, որոնք աւելի պէտք ունէին թուրքին քան թէ հայուն։ Աւելին եւ դատապարտելին եղաւ այն որ Ֆրանսա ո՛չ միայն դրժեց իր կնքած դաշինքը, այլեւ 1921 Հոկտեմբեր 20-ին Անգարայի դաշնագրով Կիլիկիան յանձնեց Թուրքիոյ։

Սահակ Բ Կաթողիկոսի Վերջին Ճիգը 

            Նոյն այդ տարիներուն Սահակ Բ Խապայեան Կաթողիկոս կը ջանար Ատանա իր հօտին գլուխը մնալ, ուրկէ կը վարէր իր թեմական գործերը իր կողքին ունենալով Եղիշէ Կարոյեան եւ Պետրոս Սարաճեան եպիսկոպոսները, յուսալով որ հոն պիտի մնար ու հաստատուէր։ Սակայն վերոյիշեալ արագընթաց եւ դաւաճան դէպքերը խորապէս յուսալքեցին ծերունի Հայրապետը, որ կրկին կը ստիպուէր թողուլ Կիլիկիան եւ դիւանագիտական այցի երթալ Փարիզ՝ 1920 Մարտ 13-ին, տեսակցելու Ֆրանսայի  նախագահին ու վարչապետին հետ։

Կաթողիկոսը ձեռնունայն Փարիզէն Պէյրութ մեկնեցաւ, ուր  Ֆրանսայի Բարձր Քոմիսերին հետ բանակցեցաւ ու ապա վերադարձաւ Ատանա Նոյեմբերի 1-ին՝ ութ ամիս բացակայելէ ետք։ Զինք կը փոխարինէր Եղիշէ Եպիսկոպոս Կարոյեան որպէս թեմի առաջնորդը։ Սահակ Կաթողիկոս եւ եպիսկոպոսներ Ատանա մնացին լման տարի մը եւս եւ Կիլիկիոյ վերջնական պարպումը տեսնելով իրենք եւս իրենց հօտին հետ գաղթեցին Հալէպ 1921 Դեկտեմբերին։ Այս անգամ վերջնականապէս։

Ականատեսի մը Յուշերէն

            Հայրս Եղիա Արզումանեան իր մօր եւ երկու քոյրերուն հետ Էվէրէկէն բռնի գաղթական ելան դէպի Կիլիկիա ուր մնացին նոյն ա՛յն տարին երբ Կիլիկեցիք յուսալից վերադարձան Ատանա։ Հոն հայրս, ինչպէս պատմած    է մեզի, կը յուսար իրենց բնակութիւնը հաստատել, մինչեւ  իսկ «Ատանայի մէջ դերձակի խանութս ալ բացի այդ մէկ տարուան ընթացքին» ըսելով։ Քսանամեայ հայրս կը յիշէր Միհրան Տամատեանն ու Ռամկավար Ազատական ազգայնոց ուղիղ վերաբերմունքը նորեկներու նկատմամբ ու  կ՛անդամակցէր կուսակցութեան մեզի ցոյց տալով փոքրիկ վկայագիրը՝ ստորագրուած Լեւոն Աճեմեանի կողմէ որ յետագային եղաւ նաեւ մեր  Հայոց Պատմութեան ուսուցիչը Գահիրէի Գալուստեան Ազգային Վարժարանին մէջ։ Անդամատետրը կը մնայ եղբօրս Յարութիւնին մօտ։

            Կիլիկիոյ պարպումին, իրենք եւս հետեւեցան դէպի Հալէպ գաղթողներուն, ու շեղելով մեկնեցան Պէյրութ, անկէ դէպի Եգիպտոս հասնելու մտադրութեամբ։ Մնացին Անթիլիասի մերձակայքը ուր տակաւին չէր հաստատուած Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը։ Հայրս կը յիշէր Սահակ Կաթողիկոսի Հալէպի մէջ կատարած Միւռոնօրհնէքը եւ Անթիլիասի որբանոցը որ տասնամեակ մը ետք պիտի վերածուէր Կաթողիկոսարանի։

Արթուն եւ Անվհատ Հայրապետը

Հակառակ յուսահատութեանց եւ յուսախաբութեանց, դաւաճանութ-եանց եւ անարդարութեանց Տ.Տ. Սահակ Բ Խապայեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը ընթացաւ յառաջ՝ խաչը ձեռքին եւ ձեռքը մաճին վրայ։ Թէեւ իր պատմական Աթոռէն հեռու, սակայն ապահով Լիբանանի Անթիլիաս աւանին մէջ Հայրապետը ի՛նք անձամբ հաստատեց Կիլիկիոյ Աթոռը 1930 թուին, իրեն աջակից ունենալով Տ.Տ. Բաբգէն Ա Կիւլէսէրեան Աթոռակից Կաթողիկոսը որ կարճ ժամանակի ընթացքին նոր ստացուած թեմերը կազմակերպեց, Դպրեվանքին հիմը դրաւ, հրաւիրեց Շահէ Եպիսկոպոս Գասպարեանը որպէս Տեսուչ, զինք եպիսկոպոսացուց, աշակերտներ հասցուց եւ սակայն կանուխ վախճանեցաւ՝ ծերունի Սահակ Հայրապետէն երեք տարի առաջ՝ 1936 թուին։

Սահակ Բ Կաթողիկոս սրտաբեկ եւ սակայն խոհուն, հիմքը դրաւ  Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին, եւ առանց տեսնելու անոր կառուցումը վախճանեցաւ 1939 թուին խոր ծերութեան մէջ, 90 տարիքը լրացուցած եւ 36 տարիներ գահակալելէ ետք։ Իր Փոխանորդը եւ ձեռնասունը, Հաճնոյ երախտարժան Առաջնորդը՝ Պետրոս Արքեպիսկոպոս Սարաճեան կառուցանել տուաւ Մայր Տաճարն ու Նահատակաց Մատուռը իր ճաշակովն ու հսկողութեամբ, եւ արժանի կերպով եղաւ յաջորդ Կաթողիկոսը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ որպէս Պետրոս Ա Հայրապետ։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ