Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Հրաժեշտի Վերջին Խօսք Ընկ. Արա Ահարոնեանի Մահուան Տխուր Առթիւ

                                            ԳԷՈՐԳ ՀԱԼԷՊԼԵԱՆ

Սիրելի սգակիր հարազատներ, բարեկամներ եւ գաղափարի ընկերներ,

Ցնցուած եւ տխուր ենք բոլորս: Անժամանակ մահը մեզմէ խլած է սրտակից եւ հարազատ մը՝ գաղափարի աննկուն մարտիկ եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան անմնացորդ նուիրեալ Ընկ. Արա Ահարոնեանը:

Երեւակայել անգամ դժուար է թէ հանդիսութիւններու, ընդհանուր անդամական ժողովներու կամ հրապարակային ձեռնարկներու ընթացքին այլեւս պիտի չլսենք Ընկ. Արայի հատու եւ խրոխտ ձայնը, խանդավառող խօսքը եւ ոգեւորող կոչերը: Ան արժանաւոր զաւակն էր մեր կուսակցութեան ղեկավարներէն Ընկ. Փայլակ Ահարոնեանի, որուն շունչին տակ ստացած էր իր ազգային-հայրենասիրական դաստիարակութիւնը: Մօտէն ծանօթ եւ գործակից ըլլալով այդ ընտանիքին, երբեք չէի կրնար երեւակայել թէ Ընկ. Փայլակի եւ այսօր ալ սիրելի Ընկ. Արայի մահուան տխուր առիթներով դամբանական խօսք պիտի արտասանէի անոնց շիրիմներուն առջեւ:

Ընկ. Արա ծնած է Թրիփոլի: Նախակրթութիւնը ստացած է տեղւոյն Խրիմեան-Նուպարեան, իսկ երկրորդականը՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Յովակիմեան-Մանուկեան Վարժարանին մէջ ապա `Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը: Ընկ. Արան ճանչցած էի պատանեկան տարիքիս: Միասին գործած էինք Ռ.Ա.Կ.-ի Պէյրութի Շրջանակին մէջ: Տակաւին Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Պէյրութի Յովակիմեան-Մանուկեան Վարժարանի աշակերտ, ան արդէն իսկ լծուած էր ազգային ծառայութեան:

Յիշողութիւններուս մէջ թարմ են Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն Թէքէեան Վարժարանի շրջափակէն ներս ծաւալած անոր ծառայասիրական գործունէութիւնը, երբ պահակութիւն կ՛ընէինք հոն: Ան ամէն զոհողութիւն յանձն կ՛առնէր հայահոծ թաղերուն մէջ օգնութեան հասնելու բոլորին, յաճախ ֆիզիքական վտանգներու դէմ յանդիման դնելով իր անձը:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը պատճառ եղած էր որ ան 1976ին հաստատուէր այս ափերը: Հոս, Ամերիկայի մէջ, ան աւարտեց Նորթրիճ համալսարանը, մասնագիտութիւն ընտրելով թուային ելեկտրոբանութիւնը: Իր մասնագիտութեան եւ ասպարէզին կողքին, նոյնիսկ անոնցմէ ալ աւելի, իր հոգին, կարողութիւնները եւ ժամանակը տուաւ ազգին եւ կուսակցութեան, յաճախ զոհելով նաեւ իր ընտանիքը: Անուրանալի է տասնամեակներու վրայ տարածուող Ընկ. Արայի դերակատարութիւնը Ռ.Ա.Կ.-ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանակի զօրացումին եւ մանաւանդ անոր երիտասարդացումին մէջ, հիմնադիր ղեկավարը ըլլալով Ռ.Ա.Կ. Արմենական Երիտասարդական Շարժումին:

Երկար տարիներ գործուն անդամներէն էր Ռ.Ա.Կ.-ի Ամերիկայի Արեւմտեան Շրջանի Շրջանային Վարչութեան: Իր կուսակցանուէր գործունէութիւնը եւ քաղաքական թէ գաղափարական ուժականութիւնը զինք բարձրացուցին մինչեւ ղեկավար պաշտօններու, դառնալով Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ: Կազմակերպչական ձիրքին կողքին, Ընկ. Արա Ահարոնեան փայլեցաւ մանաւանդ իր հրապարակագրական եւ կուսակցագիտական աշխատանքներուն ընդմէջէն: Ան ամբողջովին նուիրուեցաւ մտաւորական աշխատանքի: Կուսակցութեան պատմութեան մոռցուած էջերը, հերոսական դէմքերը եւ անոնց նոյնքան հերոսական գործերը ներկայացուց ամբողջ մանրամասնութեամբ, բծախնդրութեամբ եւ պատմական հաւաստիութեամբ: Ռ.Ա.Կ.-ի անմահանուն գործիչներուն կենսագրութիւններուն միջոցով սերունդներուն փոխանցեց հպարտութեան եւ քաջալերանքի բազմաթիւ օրինակներ:

Ընկ. Արայի անդուլ պրպտումներուն եւ ջանասիրութեան արգասիքը եղան Ռ.Ա.Կ.-ի համապարփակ պատմութեան մաս կազմող աշխատութիւններ՝ 2001ին Ռ.Ա.Կ.-ի կազմութեան 80-Ամեակին ձօնուած «Հերոսական Դէմքեր Ռ.Ա.Կ.-ի» գիրքը, որ թարգմանաբար լոյս տեսաւ նաեւ անգլերէն եւ սպաներէն լեզուներով: 2006ին, Ռ.Ա.Կ.ի 85-Ամեակին առիթով, լոյս տեսաւ Ընկ. Ահարոնեանի «Երախտաւորներու Ուղին» գիրքին Ա. Հատորը, իսկ 2014ին՝ Ռ.Ա.Կ.-ի 90-Ամեակին առիթով լոյս տեսաւ նոյնին Բ. Հատորը: Հիմա, այս պահուն, կ՛անդրադառնանք թէ այս բնագաւառին մէջ Ընկ. Արային բացակայութիւնը որքա՜ն զգալի պիտի ըլլայ եւ հաւանաբար իր գործը շարունակող արժանաւոր փոխարինող մը գտնելու դժուարութեան առջեւ գտնուինք:  

Ընկ. Ահարոնեան Հայ Դատի հետապնդման զինուորագրուած գործիչ էր: Ան երկար տարիներ ղեկավարած է Ռ.Ա.Կ. Հայ Իրաւանց Խորհուրդը, որուն գործունէութեան ծիրին մէջ հայանպաստ կարեւոր աշխատանքներ տարած է ամերիկեան տեղական մարմիններու եւ պետական թէ քաղաքական դէմքերու մօտ: Այս ծիրին մէջ կարեւոր գործեր էին «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն» եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան Մարտահրաւէրները» հայերէն եւ անգլերէն հրատարակած աշխատութիւնները:

Թախիծով եւ խորունկ ցաւով է որ մենք վերջին հրաժեշտը կու տանք տարաբախտ մեր թանկագին աւագ ընկերոջ: Այս առթիւ մեր խորին ցաւակցութիւնները եւ վշտակցութիւնները կը յայտնենք կողակցին՝ Տիկին Տիանային, դստեր՝ Ռիթային, որդւոյն՝ Ալեքսին, եւ համայն ազգականներուն, Ռ.Ա.Կ. Կեդրոնական վարչութեան, Ռ.Ա.Կ. Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան, Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի աշխարհատարած ընտանիքին:

Թող հողը թեթեւ ըլլայ վրադ սիրելի Ընկեր Արա, մենք միշտ պիտի յիշենք քեզ եւ ազգանպաստ հարուստ գործունէութիւնդ: Պիտի շարունակենք գաղափարական այն ուղին, որուն հաւատացիր եւ ծառայեցիր ողջ գիտակցական կեանքիդ ընթացքին:

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ սիրելի եւ թանկագին ընկեր:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ