Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Գրելու Համար Գերմանիոյ Քաղաքացիին 2 Տարուան Ազատազրկում Կը Սպառնայ Թուրքիոյ Մէջ

Պոլսոյ ծանր յանցագործութիւններու 32-րդ դատարանը դատական հայց ներկայացուցած է գերմանական «Die Welt» թերթի թղթակից Տէնիզ Եուճելի դէմ՝  Հայոց Ցեղասպանութեան եւ քրտական հարցին վերաբերեալ համացանցի վրայ ըրած հրապարակումներուն համար: Այս մասին կը տեղեկանանք Ermenihaber.am-էն։ 

Այդ առնչութեամբ Պոլսոյ հանրապետական գլխաւոր դատախազութիւնը պատրաստած է մեղադրական եզրակացութիւն:

Դատախազութիւնը Տէնիզ Եուճելի նկատմամբ հետաքննութիւն սկսելու համար համապատասխան արտօնութիւն պահանջած է արդարադատութեան նախարարութենէն:

Եուճել կը մեղադրուի Թուրքիոյ քրէական օրէնսգրքի 301-րդ յօդուածի յատկանիշներով, որն է՝ Թուրքիոյ պետականութիւնը, թուրք ժողովուրդը հրապարակայնօրէն նուաստացնելը: Լրագրողին կը սպառնայ 6 ամիսէն մինչեւ 2 տարի բանտարկութիւն:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ