Կիրակի, Նոյեմբեր 10, 2024

Շաբաթաթերթ

Ցեղասպանութեան Նահատակ Սուրբերու Յիշատակի Եւ Ոգեկոչման Արարողութիւնները Արեւմտեան Թեմէն Ներս

«Նահատակներու ոգին նոր կեանքի կը կոչէ մեզ։

Արթնութեան ու զգաստութեան ձայնն է այդ ․․․»։

Յովնան Արքեպիսկոպոս

          Ամեն տարի՝ Ապրիլ 24ին, աշխարհասփիւռ համայն հայութիւնը կ’ոգեկոչէ 1915-ին տեղի ունեցած ահասարսուռ Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակը եւ իր պահանջատիրական ձայնը կը բարձրացնէ քաղաքակիրթ աշխարհին  առջեւ՝ յայտարարելով, որ մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն ու հայրենական հողերու կորուստին պահանջքը մշտապէս պէտք է հետապնդենք աննահանջ եւ անշեղ կերպով:

         Այս տարի, Կիրակի, Ապրիլ 24-ին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ․ Յովնան Ս․ Արք․ Տէրտէրեանի նախագահութեամբ եւ օրհնութեամբ` Արեւմտեան թեմէն ներս Ցեղասպանութեան 107-րդ տարեդարձը նշուեցաւ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով, թէ՛ պաշտօնական եւ թէ՛ համայնքային ու ժողովրդային մակարդակներու վրայ:  Այս ամենին բարձրակէտը եղաւ Ապրիլի 23-24-ը, երբ Թեմիս Առաջնորդ Գերշ․ Տ․ Յովնան Ս․ Արք. Տէրտէրեան՝ հոգեւորականաց դասու եւ թեմական ու ծխական վարչութեանց անդամներու հետ միասին մասնակից եղաւ զանազան ոգեկոչական ձեռնարկներու, արարողութեանց եւ յուշահանդէսներու:

      Շաբաթ՝ Ապրիլ 23-ի կէսօրին, Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանին առջեւ տեղի ունեցաւ ոգեկոչման արարողութիւն եւ մշակութային ելոյթներ: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, ընկերակցութեամբ Թեմիս հոգեւորականաց դասի եւ Հայ Կաթողիկէ ու Աւետարանական յարանուանութեանց հոգեւորականներու՝ կատարեց Հայոց Մեծ Եղեռնի նահատակ Սուրբերուն նուիրուած բարեխօսական կարգը:

       Կիրակի՝ Ապրիլ 24-ի առաւօտուն, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նախագահեց Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ տեղի ունեցած  Ս․ Պատարագը ու  Սրբոց նահատակաց յիշատակի կարգը։ Օրուան պատարագիչն էր՝ Արժ․ Տ․ Մանուկ Աւ․ Քհնյ․ Մարգարեանը։ Յաւարտ Ս․ Պատարագի՝ ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տեղի ունեցաւ հաւաքական մկրտութեան բացառիկ արարողութիւն ԱՄՆ Արեւմտեան ափէն ներս, որին նախորդած էր ծաւալուն նախապատրաստական շրջան Մեծի Պահոց ընթացքին։ Սրբազան Հօր օրհնութեամբ՝ ամեն տարի Ապրիլ 24-ին, այլեւս իբրեւ ձեւաւորուած աւանդոյթ պէտք է տեղի ունենայ  հաւաքական մկրտութիւն՝ ի յիշատակ վասն հաւատի նահատակաց։

      Հուսկ՝ Մկրտութեան եւ Դրոշմի հոգեզմայլ ու խորախորհուրդ արարողութեանց, Առաջնորդ Սրբազան Հայրն իր պատգամը եւ օրհնութիւնը նորոգ մկրտեալններուն փոխանցելէ յետոյ՝ անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան ու անոր հետեւանքներուն՝ ընդգծելով․ «Այս օրերուն մեր ժողովուրդի զաւակները ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի կը ոգեկոչեն յիշատակը մեր մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն, որոնք 107 տարիներ առաջ Օսմանեան կայսրութեան կանխամտածուած ցեղասպանութեան զոհը դարձան։ Անցնող 107 տարիներու ընթացքին բազում միջոցներով մեր ազգի զաւակունք իրենց խոնարհումով յարգեցին յիշատակը մէկուկէս միլիոն մեր անմեղ նահատակներուն, որոնք ցեղասպանութեան 100-ամեակի օրերուն սրբադասուեցան, քանզի իրենց կեանքը պատարագեցին վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց։ Թերեւս պետութիւններ եւ հեղինակաւոր հաստատութիւններ կամ առանձին քաղաքներ պաշտօնապէս ընդունեցին 1915 թուականին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կատարուածը որպէս 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, բայց թէ ինչքանով աշխարհը իր արդար վճիռը կարողացաւ գործնապէս կայացնել։ Անոր ամէնէն վառ ապացոյցն այն է, որ Սփիւռքը իր մեծ զանգուածով կը շարունակէ ապրիլ իր պապենական հողերէն դուրս, եւ Աստուած գիտէ, թէ երբ կը հասնինք մեր արդար դատի իրագործմանը։ Էականը այն է, սակայն, որ սուրբ նահատակներու տեսիլքը՝ հաւատքով ու հայրենական շունչով ու գիտակցութեամբ ապրինք աննահանջ։ Պատմութեան մէջ կը հանդիպինք մասնաւորներու, ովքեր հազարաւոր տարիներ յետոյ վերածնունդ ապրեցան իրենց պապենական հողերուն վրայ։ Էականն այն է, ուրեմն, որ այսօր եւ բոլոր ժամանակներու սերունդները յանձնառութեամբ ապրին եւ երբեւէ չկորսնցեն իրենց մէջ հայ քրիստոնեային յատուկ նկարագիրն ու ինքնութիւնը։

      Ահաւասիկ այդ գիտակցութեամբ այս տարի մեր թեմական կեանքին մէջ սկիզբը դրինք նուիրական առաքելութեան մը, որպէսզի մինչեւ օրս չմկրտուած չափահաս հայորդիք ս. մկրտութեամբ ու սրբալոյս միւռոնով իրենց հաւատարմութեան ուխտը կատարեն եւ ապրին հոգեւոր վերածնունդը իրենց կեանքին։ Հետեւաբար այս Կիրակիով կը հաստատենք այս սուրբ աւանդութիւնը՝ այն շարունակելու համար պարբերական արարողութիւններով։

      Մեզ ամրացնող, մեր հոգեւոր ու ազգային կեանքը ապահովագրող խորհուրդն է սուրբ մկրտութիւնը եւ ս. դրոշմը, որպէսզի մեր հոգիներուն մինչեւ խորքին արմատաւորուի հայեցի ինքնութեան ոգին ու գիտակցութիւնը։

      Հետեւաբար, սիրելիներ, մեր կոչն է, որ սուրբ մկրտութեան ընդառաջ այս խումբ մը հաւատացելոց հետ միասին մնանք աղօթքի մէջ, միմեանց նկատմամբ խոնարհումով ու սիրով՝ հետամուտ ըլլալու միասնականութեան կեանքին, քանզի միասին միայն այս ճանապարհը պիտի տանի ու առաջնորդէ մեզ դէպի ճշմարիտ յաղթանակ։

       Այս Կիրակին մեր ս. եկեղեցեաց մէջ կը յիշատակուի որպէս Նոր Կիրակի, կամ կրկնազատիկ։ Նորին խորհուրդը քրիստոնեային համար պայմանաւորուած է Քրիստոսի Յարութեամբ։ Քրիստոս Աստուածորդին իր Յարութեամբը մեռելներէն մեզի պարգեւեց վերստին կենդանութեան շունչը։ Ուրեմն այս օրը ուխտի օր է մեզի համար՝ ընդառաջ գալու Աստուծոյ ս. խորանի առջեւ եւ կատարելու մեր աղօթքը, մնալու համար հաւատարիմ մեր նախնեաց քրիստոնէական հաւատքին ու սրբազան աւանդութեանց գործնապէս եւ այսօր առաւել շեշտուած կերպով։ Մենք պիտի շարունակենք ապրել մեր քրիստոնէական հաւատքը եւ խոստում պիտի կատարենք՝ պահել պահպանելու հայ քրիստոնեայ ընտանիքի սրբութիւնը, մեր քաղաքացիական պարտաւորութեանց հանդէպ նախանձնախնդիր եւ արթուն մեր սրբազան իրաւունքներուն նկատմամբ։ Ինչքան ալ ժամանակները լի ըլլան փորձութիւններով, այնուամենայնիւ քրիստոնէական հաւատքով, յոյսով ու սիրով ապրող հայ քրիստոնեայի համար յաղթահարելի կը մնան բոլոր տեսակի փորձութիւնները։ Ահա թէ ինչու մեր խօսքը կ’ուզենք աւարտել մեր հայրերու հետեւեալ աղօթքով»։

«Յաւե՛լ ի մեզ։ Տէր, զհաւատ, զյոյս եւ զսէր պատուիրանապահութեան Քո»։

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ