ՄԵԹՐ ԳԱՍՊԱՐ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Հայ-թուրք համակեցութիւնը կարելի է, երբ Թուրքիա հրաժարի Փանթուրքիզմէն։
Գ.Տ.
Սպասելի է, որ հզօր տէրութիւն մը դաւանի «մարդը մարդուն՝ գայլ» նշանաբանը։ Անսպասելին եւ արտառոցը այն է, երբ տկար պետութիւն մը չդաւանի «մարդը մարդուն՝ եղբայր» նշանաբանը։
Գ.Տ.
Անդրկովկասի կայունութիւնն ու խաղաղութիւնը խախտող մեծագոյն վտանգը Փանթուրքիզմի Ծրագիրն է։ Ըստ որուն, անհրաժեշտ է՝ Միացեալ Հայաստանը սրբել-հանել քարտէզէն ու Պատմութենէն, որպէսզի կարելի ըլլայ ցամաքային անմիջական կապի ստեղծումը՝ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ, դէպի Կեդրոնական Ասիա տարածուելու ճամբան բանալու համար Թուրքիոյ առջեւ։
Իսկ այս Ծրագիրը յղացողները թուրքեր չէին, այլ՝ Արեւմուտքի դէպի Արեւելք ծաւալելու նպատակ ունեցող իմփերիալիստ տէրութիւններուն ծառայող Սիոնիզմը՝ իր պատմագիրներով, որոնք նոյնպէս հրեաներու կրօնքին հետ ոչ մէկ կապ ունին։ Զուտ իմփերիալիստական քաղաքական Ծրագիր մըն է՝ մշակուած Միջին Արեւելքի համար։ Հեղինակաւոր հրեայ, հակասիոնական լեզուաբան Նոամ Չոմսքիի կարծիքով, սիոնական Իսրայէլը եւ փանթուրքական Թուրքիան՝ ամերիկեան իմփերիալիզմի երկու օֆֆշոր ռազմակայաններն են. մէկը՝ Ռուսաստանի դէմ, Կեդրոնական Ասիոյ տարածաշրջանին համար, իսկ միւսը՝ Արաբ Աշխարհին դէմ, Միջին Արեւելքի տարածաշրջանին համար։ Եւ մենք կ՚աւելցնենք՝ թէ այս երկուքը եւ տարատնկեալ ԱՄՆ-ը, երեքով կը կազմեն անսուրբ երրորդութիւնը տարատնկեալ պետութիւններու, որոնց դաշինքը գոյութենական եւանքակտելի է։
Հետեւաբար, Թուրքիա առանձին չի կրնար կենսագործել Փանթուրքիզմի Ծրագիրը, առանց Արեւմուտքի իմփերիալիստական տէրութեան մը նեցուկին ու հովանաւորութեան եւ ֆինանսաւորումին։
Այսօր, Արեւմուտքը նահանջի մէջ է եւ Փութինի Ռուսաստանը կը փորձէ կանխել Փանթուրքիզմի Ծրագիրը, իմաստուն ոճով, եւ ոչ թէ ճակատումի (որ կորստաբեր է եւ երկարատեւ), Անդրկովկասի խաղաղութիւնը երաշխաւորելու համար։ Եւ այդ նպատակով՝ խաղաղ համակեցութիւն մը ստեղծելու համար տարածաշրջանի ժողովուրդներուն միջեւ։
Հայ-թուրք համակեցութիւնը կարելիութիւն մըն է, որովհետեւ՝ երկու դրացի ժողովուրդներու միջեւ թշնամանքը չի կրնար յաւիտեան տեւել (ինչպէս դիտարկած է լուսամիտ Վահան Թէքէեան)։ Նահատակ հերոս Հրանդ Տինք կը հաւատար, որ հայ-թուրք համակեցութիւնը հնարաւոր է՝ Թուրքիոյ վարչակարգին դեմոկրատականացումով։ Իսկ մենք համոզուած ենք, որ այս համակեցութիւնը կարելի է՝ գլխաւորաբար Թուրքիոյ վերջնական հրաժարումովը Փանթուրքիզմի Ծրագիրէն։ Քանի որ, Թուրքիոյ վարչակարգը բռնատիրական է եւ Փանթուրքիզմը Թուրքիոյ բոլոր բնակիչներուն ծրագիրը չէ, այլ՝ կան հակա-փանթուրք թուրքեր, ինչպէս որ կան հակա-սիոնական հրեաներ։ Ուրեմն. երբ հակա-փանթուրք թուրքերը մեծամասնութիւն կազմեն եւ գրաւեն իշխանութիւնը Թուրքիոյ մէջ, Նոր Թուրքիան պիտի ճանչնայ Մեծ Եղեռնի երկու ոճիրները (ոչ միայն հայասպանութիւնը, այլեւ՝ Արեւմտահայաստանի հայաթափումն ու զաւթումը)։ Գալիք Նոր Թուրքիոյ յառաջապահ ուժերն էին՝ քիւրտ, թուրք, ալեւի եւ ամէն ազգի, որոնք մասնակցած էին Հրանդ Տինքի թաղման հարիւր հազարանոց թափօրին «Ամէնքս Հրանդ Տինք ենք» ցուցատախտակներով։ Սակայն, տակաւին մօտ չի թուիր ըլլալ Նոր Թուրքիոյ գալուստը։ Իսկ Սուլթան Էրտողանի ետդարձը Փանթուրքիզմի սեւտայէն… գրեթէ անհաւանական է։ Քանի որ, ան բանակը մաքրագործած է քեմալական ապակրօն եւ ապաթուրանական սպաներէն, իսկ դեմոկրատական ուժերը տակաւին միաւորուած չեն (նաեւ՝ նոյնքան դէմ են բանակի հակադեմոկրատական յեղաշրջումին)։
Սուլթան Էրտողան չի վայելեր ոչ-թուրք թուրքիացիներու զօրավիգը, ոչ ալ՝ բոլոր թուրքերու։ Մեկուսացած է նոյնիսկ իր AKP կուսակցութեան մէջ, որուն կարկառուն դէմքերը դուրս եկած են անկէ եւ կազմած իրենց տարբեր՝ ընդդիմադիր կուսակցութիւնը։ Եւ իր երէկի վարչապետը՝ Տաւութօղլուն, հրապարակաւ պախարակեց զինք ըսելով. եթէ 20-րդ դարու Չար Մարդը Հիթլէրն էր, 21-րդ դարու Չար Մարդը Էրտողանն է։
Հետեւաբար. Փութին Էրտողանի եւ Թուրքիոյ դէմ չի վարեր ճակատումի քաղաքականութիւն, որ կրնայ զօրացնել Էրտողանը, եւ՝ Ռուսաստանին թշնամացնել Էրտողանի ընդդիմադիր ուժերու մէկ մասը։ Այլ, Փութին կը փորձէ, գործնական քայլերով, Էրտողանը հեռացնել Փանթուրքիզմի Ծրագրէն եւ այդ ծրագրի արեւմտեան հաւանական հովանաւորներէն (ՕԹԱՆ-էն)։
Այլ խօսքով. Անդրկովկասի ժողովուրդներուն եւ Թուրքիոյ միջեւ խաղաղ համակեցութիւնը ինքնին՝ ուղղակի արգելք մըն է Փանթուրքիզմի Ծրագրի գործադրութեան։ Զի խաղաղ համակեցութիւնը կ՚ենթադրէ շրջափակումներու վերացում, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատում եւ բնականոնացում։ Ասիկա գոյութիւն ունէր Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ, Սովետի օրով, երբ արգիլուած էր ազգամիջեան թշնամանքը, եւ քաջալերուած՝ ժողովուրդներու եղբայրակցութիւնը։ Որովհետեւ՝ Սովետի արժեհամակարգին մէջ, «մարդը մարդուն եղբայր» նշանաբանը կը գործածուէր։ Սակայն, Սովետ Միութեան ինքնալուծարումով, երբ Հայաստան եւ Ազրպէյճան որդեգրեցին վայրի դրամատիրութեան համակարգն ու արժեհամակարգը, սկսաւ գործադրուիլ «մարդը մարդուն՝ գայլ» նշանաբանը, եւ Ազրպէյճանի մէջ շղթայազերծուեցաւ՝ Փանթուրքիզմի շունչով հայատեացութեան քարոզարշաւը, որ հասաւ այս երկրորդ պատերազմին, քանի որ Գ. Հանրապետութեան օլիգարխիկ համակարգին մէջ ալ տիրող նշանաբանը «մարդը մարդուն՝ գայլ»ն էր. եւ՝ Գորշ Գայլը յաղթեց… Թուրքիոյ նեցուկով աւելի զօրաւոր ըլլալուն համար։ Արտառոցը այն է, որ տկար Հայաստանի Գ. Հանրապետութիւնը եւս կը դաւանէր «մարդը մարդուն՝ գայլ» նշանաբանը… ի վնաս սեփական ժողովուրդին, իր արտաքին ճակատին վրայ, յաչս թուրք-թաթար թշնամիներուն, մոռացութեան տալով «ծանիր զքեզ»ը։ Բայց, «հայուն չափը՝ չափազանցն է», ըսած է Դերենիկ Դեմիրջեան։
«Մարդը մարդուն՝ գայլ» նշանաբանը կը պատկանի բարբարոսային հասարակարգին (այսինքն՝ վայրի դրամատիրութեան, զոր Ֆրանչիսկոս Ա. Պապը որակեց Արդի Ստրկատիրութիւն _ Modern Slavery)։ Իսկ «մարդը մարդուն՝ եղբայր» նշանաբանը՝ մարդկայնական հասարակարգին նշանաբանն է։ Ուրեմն. մերինին նման փոքր ժողովուրդները՝ առաջինները պիտի ըլլան, որդեգրող մարդկայնական հասարակարգ։
Խիստ ուշագրաւ եւ նշանակալից յայտարարութիւն մըն է Մարիա Զախարովայի այն խօսքը՝ Անդրկովկասի դրացի ժողովուրդներուն միջեւ համակեցութեան շուրջ, թէ՝ «Պաքուի եւ Երեւանի համակեցումի համապատասխան ջանքերէն, եւ այլ երկիրներու ալ (այսինքն՝ Ռուսաստանի) օգնութենէն բացի՝ օգտակար կը նկատենք միջազգային իրաւասու կառոյցներու մասնակցութիւնը»։
Այլ խօսքով. Անդրկովկասի դրացի ժողովուրդներու միջեւ համակեցութեան խնդիրը կը դնէ Միջազգային Հանրային Իրաւունքի շրջագիծին մէջ…։ Այսինքն. Ռուսաստան, այս խնդրի լուծման համար պիտի կիրարկէ Միջազգային Հանրային Իրաւունքի նորմերն ու սկզբունքները, որոնց յարգումը նախապայման մըն է համակեցութեան եւ բնականոնացումին։ Ասիկա՝ կամաւոր, նախաձեռնող եւ հզօր հաշտարար կողմին (Ռուսաստանի) դրած նախապայմանն է երկու կողմերուն, անոնց դնելիք նախապայմաններէն առաջ… ինչ որ կը փարատէ ամէն կասկած կամ տարակոյս՝ անպայմանադիր, կոյր համակեցութեան մը… Ս. Սարգսեանի Ցիւրիխեան փրոթոքոլներուն օրինակով։ Չմոռնանք, որ այս հզօր հաշտարարը թիւ 1 պատնէշն է Փանթուրքիզմի Ծրագրին դէմ…, թիւ 2-ը՝ Իրանն է, իսկ թիւ 3-ը՝ Հայաստան։
Խիստ կարեւոր նշանակութիւն ունին նաեւ Լաւրովի կրկնած հետեւեալ երեք հաստատումները, թէ՝
- Ղարաբաղի կարգավիճակը ոչ փոխուած է եւ ոչ ալ վերջնական ճանաչում ստացած,
- Ատիկա պիտի որոշուի յետ բանակցութեանց Արցախի կարգավիճակին հետ միասին, եւ
- Թէ Ռուսաստան նպատակ չունի Ղարաբաղը առնելու Ռուսաստանի կազմին մէջ։
Այս հաստատումները կը հերքեն Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ այն յոխորտանքները, թէ՝ Ղարաբաղը անցեալ պատմութիւն դարձաւ։
Փանթուրքիզմի Ծրագրին դէմ բացորոշ ընդդիմութիւն է նաեւ՝ Իրանի արտգործնախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆի այն յայտարարութիւնը, թէ՝ «Մեր կարմիր գիծը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնն է», որ պատնէշ մըն է նաեւ Փանթուրքիզմի Ծրագրի առաջին իսկ քայլին դէմ, ՀՀ վերացման դէմ…։ (Փանթուրքիզմի քարտէզին վրայ, Իրանի Արեւմուտքը կոչուած է Հարաւային Ազրպէյճան)։
Այս լոյսին տակ, նենգամիտ ծուղակ մըն է Էրտողանի առաջարկած «վեցեակ»ի կամ «3+3»ի ծրագիրը՝ Ռուսաստանի, Թուրքիոյ, Իրանի, Ազրպէյճանի, Վրաստանի եւ Հայաստանի միջեւ, Անդրկովկասի երեք դրացիներուն եւ անոնց շուրջ երեք մեծերուն միջեւ, կամ՝ երեք քրիստոնեայ եւ երեք իսլամ դրացիներու միջեւ։ Եթէ Էրտողան՝ իր ոչ միայն ներքին, այլեւ՝ արտաքին, միջազգային մեկուսացումէն դուրս գալ կ՚ուզէ՝ շահելով, քրիստոնեայ երեքին եւ մէկ իսլամին բարեկամութիւնը։ Այդ մէկ իսլամը՝ Իրան, թիւ 2 պատնէշն է Փանթուրքիզմի ծրագրին, եւ՝ թշնամին ԱՄՆ-ի, ՕԹԱՆ-ի եւ Իսրայէլի։ Եւ սակայն, այս «վեցեակ»ը հեռացում մըն է թէ՛ ԱՄՆ-էն, թէ՛ ՕԹԱՆ-էն եւ թէ Իսրայէլէն, առանց որոնց նեցուկին, Թուրքիա չի կրնար առնել Փանթուրքիզմի ծրագրին առաջին քայլը։ Այդ վեցեակին երեքը թշնամի են Փանթուրքիզմին, իսկ Վրաստանի վարչապետը կը յայտարարէ, թէ՝ Վրաստան բարի դրացիական յարաբերութիւններ կ՚ուզէ ունենալ, հաւասարապէս, թէ՛ Ազրպէյճանի եւ թէ՛ Փանթուրքիզմի դէմ թիւ 3 պատնէշ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ։ Եւ արդէն, նման վեցեակի գոյառումը ինքնին՝ մեծ պատնէշ մըն է Փանթուրքիզմի Ծրագրին դէմ, որմէ Էրտողան տակաւին վերջնապէս չէ հրաժարած…։ Ուրեմն. ծածկամիտ ու նենգամիտ թակարդ մըն է Էրտողանի առաջարկը։
Ներկայիս, խօսքը կը վերաբերի Անդրկովկասեան երեք դրացի ժողովուրդներուն միջեւ խաղաղ համակեցութիւն ստեղծելու մասին, որովհետեւ Անդրկովկասի խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը կը հետաքրքրէ Ռուսաստանը, որուն ռազմական անվտանգութեան հայեցակարգը՝ Անդրկովկասը կը նկատէ Ռուսաստանի անվտանգութեան գօտին, Կեդրոնական Ասիոյ հետ միասին, որուն պատճառով է որ Ռուսաստան թշնամին է Փանթուրքիզմի Ծրագրին. սակայն, ոչ՝ Իսլամ կրօնին։
Եւ տակաւին. եթէ յաջողուի ստեղծումը Անդրկովկասեան ժողովուրդներուն, կամ՝ առնուազն Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ, եւ Հայաստանի նոր համակարգին իշխանութիւնը բարձրացնէ Ջաւախքի հարցը եւ դիմէ Ռուսաստանի միջամտութեան Վրաստանի մօտ, որպէսզի Ջաւախքը միացուի Հայաստանին. այդպիսով անմիջական կապ հաստատելով Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ։ Այդ պարագային, Ռուսաստան եւ Անդրկովկաս կը դառնան անխորտակելի հսկայական եւ անառիկ ամրոց մը Փանթուրքիզմի Ծրագրին դէմ։ Ասիկա շատ կենսական պահանջ մըն է մեր օգտին, որ կ՚արգիլէ նաեւ Ազրպէյճանի կապը Թուրքիոյ հետ՝ Վրաստանի վրայով…։
Սուլթան Էրտողանի հերթական փորձարկումի փուչիկը հիմա՝ ներքին ճակատի վրայ, Թուրքիոյ Սահմանադրութեան փոփոխութեան առաջարկն է. անկէ ջնջելու Թուրքիոյ պետութեան լայիք, ապակրօնական ըլլալուն վերաբերող յօդուածը, եւ զայն փոխարինելով նոր յօդուածով մը, որ կ՚ըսէ թէ՝ Թուրքիոյ պետական կրօնքը իսլամն է…։ Երկու տասնամեակներ Աթաթուրքի բարդոյթէն տառապող Էրտողան, ամէն ինչ ըրաւ՝ Թուրքիայէն վերացնելու համար Մուսթաֆա Քեմալի բոլոր հետքերը։ Հիմա՝ ան կը պատրաստուի 2023 թուին նշելու թուրք պետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակը Քեմալի կողմէ՝ Լոզանի Դաշնագրով, եւ կ՚ուզէ այդ 100-ամեակին ջնջած ըլլալ նաեւ Քեմալէն մնացած վերջին հետքը՝ պետութեան ապակրօնութիւնը։ Սակայն, այս առաջարկը, ըստ քաջատեղեակ դէտերու եւ իրաւագէտներու, յաջողելու հաւանականութիւն չունի. ոչ միայն հանրային կարծիքին մօտ, այլեւ՝ խորհրդարանին մէջ, ուր վերջին ընտրութիւններուն AKP կորսնցուց մի քանի տասնեակ աթոռներ, եւ այսօր՝ իր դաշնակից MHP-ի հետ ունին միայն 336 աթոռ, որ խորհրդարանի 2/3-ի մեծամասնութիւնը չի ներկայացներ։ Բայց Էրտողան, այս փորձարկումի փուչիկը կ՚արձակէ՝ պարզապէս, հանրային կարծիքի ուշադրութիւնը շեղեցնելու նպատակով իր երկակ մեկուսացումէն՝ ներքին եւ արտաքին ալ ճակատներու վրայ։ Եւ՝ յաչս Փութինի, արձանագրելու համար իրեն ի նպաստ կէտ մը, առաջարկելով խաղաղասիրական ծրագիր մը, որ կը գերազանցէ Փութինի համակեցութեան ծրագիրը… Էրտողանեան մեծամտախտ սնապարծութիւն։ Տակաւին. Վլատիմիր Փութին նախատեսած է՝ Փանթուրքիզմը կանխելու երկու արմատական ու գործնական առաջադրանքներ ալ։
Առաջինը – Թուրքիկ Պետութիւններու Համագործակցութեան Խորհուրդին (ԹՊՀԽ) անդամակցիլ… առաջ քշելով այն հիմնաւորումը, թէ՝ Ռուսական Դաշնութեան անդամներուն 30%-ը թրքալեզու են, որպէսզի կարենայ կանխարգիլել այս խորհուրդին վերածումը՝ Փանթուրքիզմի Ծրագրի քարոզչութեան բեմի…։
Երկրորդը – Շատ աւելի մեծ Ծրագիր մըն է, որուն նպատակն է միաւորել Ատլանտեան Ովկիանոսէն մինչեւ Խաղաղական Ովկիանոս երկարող Եւրոպայի եւ Ասիոյ ցամաքամասերը ՄԷԿ ցամաքամասի՝ Եւրասիա անունով, որուն մէջ պիտի ընդելուզուին Արեւմտեան քրիստոնեայ եւ Արեւելեան քաղաքակրթութիւններու արժեհամակարգերը։ Եւրոպայի եւ Ասիոյ մեծակշիռ պետութիւններու (Գերմանիա, Ֆրանսա, Անգլիա, Սպանիա, Իտալիա, Չինաստան, Ռուսաստան, Հնդկաստան, Իրան) այս միջցամաքամասային (երկրագունդի մեծագոյն ցամաքամասին) համարկումին մէջ, ժամանակավրէպ եւ անկարելի կը դառնայ Փանթուրքիզմի շինծու Ծրագիրը… եթէ նոյնիսկ՝ հրաշքով մը, ամերիկեան իմփերիալիզմը վերաշխուժանայ եւ որոշէ վերակենդանացնել Փանթուրքիզմի Ծրագիրը…։
Եւրասիոյ կառաշարին շոգեշարժը Ռուսաստանն է. իսկ վարիչը՝ Վլատիմիր Փութին, Չինաստանի եւ Հնդկաստանի հաւանութեամբ…։
Յետ պատերազմեան այս պահուն, եւ զինադադարի լոկ հնգամեայ միջնարարի քանի մը տարիներուն, կայ մեծ եւ անյետաձգելի մարտահրաւէր մը՝ հայկական կողմին համար։
- Համահայութենէն կը պահանջուի՝ իսկոյն եւ ի սպառ, դադրիլ մեր անելիքները ուրիշներէ սպասելու ապաւինողականութեան յոռի եւ անվայել սովորութենէն։
- Արեւելահայութենէն կը պահանջուի՝ անմիջապէս, Գ. Հանրապետութեան ապազգային ու ազգաքանդ համակարգին փոխարէն որդեգրել ժողովրդահայրենասիրական համակարգով Դ. Հանրապետութիւն, որուն արեւելումը պարտի ըլլալ ռուսական՝ արեւմտաթրքականին փոխարէն։ Եւ որուն առաջին քայլը՝ պարտի ըլլալ Արցախի Անկախ Հանրապետութեան ճանաչումը անյապաղ, հերքելու համար Ազրպէյճանի այն պնդումը, թէ՝ Հայաստան կ՚ուզէ Ղարաբաղը խլել Ազրպէյճանէն, որուն հիման վրայ՝ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքին կը հակադրէ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքը, զոր չի կրնար հակադրել ինքնորոշման իրաւունքին, որ erga omnes՝ բոլորին պարտադիր իրաւունք մըն է։
- Արեւմտահայութենէն կը պահանջուի՝ անյապաղ նախաձեռնել Տարագիր Արեւմտահայութեան Համասփիւռքեան Քոնկրէսի կազմակերպումին, որ իբր Արեւմտահայութեան կեդրոնական, ներկայացուցչական (ընտրովի) եւ միակ լիազօր կառոյց, տէր պիտի կանգնի Հայ Սփիւռքի մարդկային եւ նիւթական հարստութեան, եւ՝ Արեւմտահայաստանի հողային դատին, եւ՝ Համահայկականութեան Ոգիին հրամայականով, պիտի համոզէ Կիլիկեան Աթոռը, որ ընդունի Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ միագլխութեան անհրաժեշտութիւնը, ի հոգեւորս ենթարկուելով Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան՝ միջազգային հարթակին վրայ մասնաւորաբար, հաստատելու համար Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ ազգային եկեղեցիի համազգայնութիւնը, եւ՝ գէթ հոգեւոր գետնի վրայ, վերջ դնելու մեր քրոնիկ անմիաբանութեան։
- Արցախահայութենէն կը պահանջուի վերստին տոգորուիլ 1994 թ. Յաղթանակին շունչով, պահանջելով՝ ինքնավստահօրէն մասնակցիլ յառաջիկայ բոլոր բանակցութիւններուն, պատերազմող կողմերէն մէկը ըլլալուն հանգամանքով։ Եւ՝ նշանակել արտաքին գործոց նախարարական կազմ մը, որ ատակ ըլլայ անմիջապէս ձեռնարկելու արտասահման շրջապտոյտի մը, պետութիւններէն պահանջելու համար ճանաչում՝ Արցախի Անկախ Հանրապետութեան (այդ կազմին մէջ ներառելով Փրոֆ. Եուրի Բարսեղով. ակադեմական երկին քաջածանօթ իրաւաբան մը, որովհետեւ Բարսեղով միջազգային հեղինակութիւն մըն է ինքնորոշման իրաւունքի)։ Եւ՝ առաջին իսկ առիթով դիմել Արեւելահայաստանի եւ Ռուսաստանի պետութեանց՝ ճանաչումի համար, երկու պետութեանց յայտնելով Արցախի պատրաստակամութիւնը անոնց հետ կնքելու անվտանգութեան դաշինք։
Մեր արեւելումի եւ համակարգի սխալ ընտրանքին հետեւանքով մեր կրած խայտառակ պարտութիւնը, զարթուցիչ մը պէտք է ըլլայ՝ Համահայկական Գոյամարտի այս երեք ջոկատներուն, որոնց գոյամարտին բերելիք մասնակցութեան շօշափելի չափէն կախում պիտի ունենայ Հայութեան ապագան, եւ ոչ թէ՝ ուրիշներու ապաւինելու անվայել հիւանդութենէն…։ Քանզի ժողովուրդի մը ապրելու եւ գոյատեւելու իրաւունքը կ՚երաշխաւորուի միմիայն՝ ի՛ր սեփական ՈՐՈՇՈՒՄին, իմաստուն ԱՐԵՒԵԼՈՒՄին, համազգային ՋԱՆՔին ու համաժողովրդային ԳՈՅԱՄԱՐՏին շնորհիւ. ո՛չ դուրսին։