Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ցաւակցական Երեկոյ Ընկ. Արա Ահարոնեանի Յաւիտենական Մեկնումին Տխուր Առիթով

Չորեքշաբթի, Մայիս 12, 2021 երեկոյեան ժամը 6-9 ԹՄՄ-ի Պէշկէօթիւրեան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ցաւակցական երեկոյ մը, ուր հոծ թիւով ծանօթներ, բարեկամներ եւ մանաւանդ գաղափարի ընկերներ եւ միութենական քոյրեր եւ եղբայրներ այդ գիշեր եկան, իրենց ցաւակցութիւնները յայտնելու Ահարոնեան ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն։

Ընկ. Դաւիթ Սամուէլեան

Այս ցաւակցութեան երեկոն կազմակերպուած էր հանգուցեալ Արայի ընտանիքի կողմէ։ Ճոխ սուրճի եւ հոգեհացի սեղան մը դրուած էր ողբ. Արայի հոգիի խաղաղութեան համար։

Արդարեւ, Արա Ահարոնեանի մահուան սրտաճմլիկ լուրը, խոր ցաւ պատճառած էր մեծ թիւով ազգայիններու եւ մանաւանդ մեր շրջանակի անդամներուն եւ զինք մօտէն ծանօթ ազգային-հասարակական ղեկավարներուն։

Այդ երեկոյ ներկայ էին ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներէն Ընկերներ Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան, Փանիկ Քէշիշեան եւ Գէորգ Հալէպլեան։ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Մայր Կուսակցութեան ներկայացուցիչներ՝ Տոքթ. Արշակ Գալայճեան, Գաբրիէլ Մոլոյեան եւ Վահէ Աջապահեան, իսկ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ ներկայ էին Գարմէն Օհանեան եւ Վահան Պզտիկեան, ինչպէս նաեւ ՀԲԸՄիութեան, ԹՄՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչներ Քարլ Պարտաքճեան եւ Գէորգ Քէօշկէրեան։

Ընկ. Դոկտ. Մինաս Գոճայեան

Ընտանիքի մօտիկ կղերականներէն Արեւմտեան Թեմի բազմավաստակ քահանաներէն Արժանապատիւ Տէր Արշակ Ա.Ք. Խաչատուրեան, որ Ընկ. Արային եւ Տիանային ամուսնութեան կղերականը եղած էր, յուզիչ ելոյթով մը իր ցաւակցութիւնները յայտնեց այս կորուստին համար, ապա Տէր Հայրը հոգւոց մը կարդալով Աստուծմէ խնդրեց, որ հանգուցեալ Արայի հոգին երկնքի արքայութեան արժանի ընէ։

ԹՄՄ-ի Արեւմտեան շրջանի ժրաջան վարիչ տնօրէնուհի Մայտա Քիւրէճեան բարի գալուստի եւ սրտի խօսքով ողջունեց ներկաները Թէքէեանի տունէն ներս եւ հրաւիրեց հայրենիքի եւ սփիւռքի ծանօթ մտաւորական եւ հասարակական գործիչ՝ Դոկտ. Մինաս Գոճայեան վարելու համար նկատի առնուած շատ կարճ յայտագիր մը։

Ընկ. Խաչիկ Ճանոյեան

Դոկտ. Մինաս Գոճայեան հակիրճ ձեւով ներկայացուց եւ տուաւ հանգուցեալի բազմակողմանի ձիրքերը եւ Աստուածատուր տաղանդները, ինչպիսին են կազմակերպչական, գրական, երգի, հրապարակագրութեան եւ հրապարակախօսութեան անվիճելի տաղանդները եւ ազգային կուսակցական գիտելիքներու իր ովկիանոսածաւալ պաշարը։

Ապա Դոկտ. Մինաս Գոճայեան հրաւիրեց Լոս Անճելըսի հայ մամուլի նահապետ՝ Փրոֆ. Օշին Քէշիշեան եւ Արա Ահարոնեանի մեր 50 տարիէ աւելի ծանօթներէն Ընկ. Խաչիկ Ճանոյեան, որոնք իրենց կարճ խօսքերէն ետք, ելոյթ ունեցաւ գաղութիս ծանօթ երգիչներէն, ՌԱԿ-ի Շրջանային Վարչութեան անդամ եւ ՌԱԿ-ի Գերսամ Ահարոնեան Ակումբի ատենապետ Ընկ. Դաւիթ Սամուէլեան, որ իր գեղաձայն կատարումով երգեց «Հեռացած ընկերներ» երգը խռովելով բոլոր ներկաներուն հոգիները։

Մօտաւորապէս ժամը 9-ին վերջ գտաւ այդ երեկոն։

Թող հողը թեթեւ գայ սիրելի Արայի մարմնի վրայ։

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ