Գրախօսական
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Հալէպահայ ծանօթ մտաւորական, գիրքերու հեղինակ եւ վաստակաշատ կրթական մշակ Յակոբ Միքայէլեանի «Ճակատագրի Սեւ Կատուն» իրական կեանքէ առնուած` 121 էջերու մէջ պարփակուած հետաքրքրական վիպակ մըն է, հրատարակուած երեւան՝ 2020 թուականին։
Յակոբ Միքայէլեան այժմ կը բնակի Երեւան, ուր հաստատուած են նաեւ իր երկու դուստրերը՝ Նուշիկ եւ Նանոր, իրենց ընտանիքներով։ Ան փեսան է ծանօթ հրապարախօս-հրապարագիր Տոքթ. Թորոս Թորանեանի։
Յակոբ Միքայէլեան անդամ է Հայաստանի Գրողներու Միութեան եւ Սուրիահայ Գրողներու Համախմբումին։
Իսկ ի՞նչ է կապս Յակոբ Միքայէլեան հետ։ Ան իր երկրորդական ուսումը ստացած է Հալէպի ՀԲԸ Միութեան Լ. Նաճարեան — Գ. Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանը, իսկ ես՝ Ամերիկեան Հալէպ Գոլեճը։ Սակայն մենք իրարու ծանօթացանք եւ բարեկամացանք ՀԲԸ Միութեան Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան ակումբին մէջ։
«Ճակատագրի Սեւ Կատուն» կը գրէ Միքայէլեան, հետեւողութեամբ է Փիթըր Պալաքեանի «Ճակատագրի Սեւ Շունը» գիրքի խորագրին, հետեւեալ պատճառաբանութեամբ։ Ան երբ 2013 թուականի՝ Երեքշաբթի, Մայիս 21-ին կը պատրաստուէր Հալէպէն երթալու Պէյրութ, հազիւ տունէն ելած՝ սեւ կատու մը կ՛անցնի առջեւէն։
Թէեւ նախապաշարումներու չէր հաւատար՝ կը շարունակէ Միքայէլեան, սակայն Երեքշաբթի օրն ու սեւ կատուն կը ցնցեն իր ներսիդին եւ իր վախերը կ՛իրականանան երբ ան կ՛առեւանգուի եւ հինգ երկար օրեր կը տառապի՝ բանտարկութեան մէջ, մինչեւ որ մեծագումար փրկագինով մը ազատ կ՛արձակուի։
Պատմութիւնը կը սկսի սիրային արկածախնդրութեամբ մը, որ տեղի կ՛ունենայ Դամասկոսի համալսարանը ուսանած տարիներուն։ Հեղինակը ընտրած է խօսիլ երրորդ դէմքով եւ բնականաբար ծածկանուններով։
Զաւէն կը սիրահարի Տալիա անունով տեղացի ուսանողուհիի մը հետ, սակայն բարեբախտաբար թէ դժբախտաբար ուսումնական տարուան վերջաւորութեան վրայ կը հասնի 1967-ի արաբ-իսրայէլեան պատերազմը եւ մէյ մըն ալ զիրար չեն տեսներ։
Հեղինակը ապա մանրամասնօրէն եւ ճշգրտօրէն կը նկարագրէ յունիսեան վեցօրեայ պատերազմը, որ կ՛աւարտի արաբներուն պարտութեամբ։ Յաջորդիւ, հեղինակը կը նկարագրէ 2011-ի Սուրիոյ ժողովրդային ապստամբութիւնը, որ աւելի աւեր գործեց քան թէ նախորդ պատերազմը։
Վիպակին գլխաւոր մասը հինգօրեայ առեւանգումն է՝ իր մղձաւանջներով եւ յուսատու երազներով, որուն հակիրճ կերպով ակնարկեցի քիչ առաջ։ Հոս հեղինակը այնքան հարազատօրէն կը նկարագրէ իր ոդիսականը, որ ընթերցողը կամայ-ակամայ՝ կ՛ապրի անոր ներքին ցաւերն ու յուսահատութեան հասնող տուայտանքը։
Պատմութիւնը կը վերջանայ անակնկալ այցելուի մը՝ իր ազատագրումին համար բերած կարեւոր նպաստով։ Այդ զինուորական կրթեալ սպան սակայն կ՛արծարծէ անցեալին պատկանող հարց մը, որ մտատանջութեան կ՛առաջնորդէ Զաւէնը՝ պատմութեան հերոսը, եւ հին սպիներ կը բանայ իր երբեմնի սիրային արկածախնդրութեան նկատմամբ։
Պէտք է ըսել որ այս վիպակը դիւրընթեռնելի է եւ սահուն լեզուով գրուած, առանց բարդ բառեր գործածելու, եւ հետաքրքրական է թէ իր պատերազմներու նկարագրութիւններով եւ թէ ալ հեղինակին անձնական ապրումներով, դժուար ժամանակներու ընդմէջէն։ Վարձքդ կատար եւ գրիչդ դալար, սիրելի Յակոբ։