Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Հ.Բ.Ը.Մ.ի Միշիկընի Մանուկեան Վարժարանի Կրթական Տարին

Թագաժահրի վարակով պայմանաւորուած, Հ.Բ.Ը.Մ.ի Միշիկընի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան վարժարանը 2020-2021 կրթական տարուայ նախապատրաստական աշխատանքները սկսաւ շարք մը հարցականներով:

Ամառուան ընթացքին Հոգաբարձուներու հերթական ու արտակարգ ժողովները, տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական ամէնօրեայ պաշտօնական ու ոչ պաշտօնական հանդիպումները, ի վերջոյ եկան այն եզրակացութեան, որ վարժարանս պէտք է ապահովեր առցանց, ինչպէս նաեւ դպրոցաշէնքէն ներս մատուցուող  դասաւանդութիւններ: Ահա այստեղ կը սկսէր տնօրէն դոկտ. Յովսէփ Թորոսեանի, ինչպէս նաեւ դպրոցի պաշտօնէութեան կազմակերպչական եռուն աշխատանքը՝ դասացուցակներու ճշդում, աշակերտական խումբերու բաժանում, դասագիրքերու եւ բոլոր առարկաներու ծրագիրներու առցանց տրամադրելիութիւն: Այս ծիրէն ներս, Հայկական բաժանմունքն ալ, գլխաւորութեամբ բաժնի պատասխանատու Պրն. Սեպուհ Աւետիքեանին, Հայերէն լեզուի դասագիրքերն ու պատմութեան ու գրականութեան նիւթերը PDF ձեւաչափով տրամադրելի դարձուց վարժարանիս որդեգրած Microsoft Teams ծրագիրէն ներս:

    Եւ ահա Սեպտեմբեր 7-ին դպրոցը պատրաստ էր մանկամսուրէն 12-րդ դասարանի աւելի քան 400 աշակերտներուն մատուցելու առցանց կամ դպրոցաշէնքէն ներս տարուող դասաւանդութիւնները: Այս յաջող մեկնարկը տեւեց մինչեւ Նոր Տարուայ արձակուրդ, երբ Միշիկընի մէջ Թագաժահրով վարակուողներուն թիւերը սկսան բարձրանալ: Միշիկընի միւս վարժարաններուն նման, Մանուկեան վարժարանն ալ որոշեց դպրոցաշէնքը փակ պահել մինչեւ երկրորդ կիսամեակ՝ այսինքն Փետրուար ամիս. մինչ այդ դարձեալ բոլոր դասաւանդութիւնները կատարուեցան առցանց:

Ձախէն աջ՝ տնօրէն դոկտ. Յովսէփ Թորոսեան, շրջանավարտներ՝ Գարին Գալուքեան, Դաւիթ Թոքմաճեան, Եուլիա Վելհան, Էլէյն Ազար

   Հակառակ Թագաժահրի ստեղծած այս բոլոր դժուարութիւններուն, Մանուկեան վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտներուն այս տարուայ յաջողութիւնները գլեց անցաւ ամէն սպասելիքները: Այսպէս, Մարտ ամիսէն սկսեալ աշակերտներուն համալսարան ընդունուելու ծանուցագիրները կը հասնէին, ուրախացնելով անոնց ծնողները, ուսուցիչներն ու յատկապէս երկրորդական վարժարանի տնօրէն Դոկտ. Յովսէփ Թորոսեանը: Այս տարուայ 33 աւարտականներէն 31-ը ընդունուեր էին Միշիկընի տարբեր համալսարաններ: Գրեթէ բոլոր համալսարան ընդունողները կրթանպաստներ ստացեր էին: Ստացուած կրթանպաստներուն ընդհանուր գումարը աւելի քան 2.5 միլիոն տոլար էր: Ութը աշակերտներ ընդունուեր էին Միշիկընի հեղինակաւոր Էնն Արպըր համալսարանը: Նկատի ունենալով անոնց կրթական բարձր մակարդակն ու պետական քննութիւններուն ստացած բարձր թուանշանները, Էնն Արպըր համալսարանի տնօրէնութիւնը ութին ալ տրամադրեր էր չորս տարուայ լման կրթանպաստներ:

  Այսքանը կարծէք չէր բաւեր եւ ահա Ապրիլի կէսէրուն, դասարանի լաւագոյն աշակերտուհի Եուլիա Վելհանը կը ստանար հեղինակաւոր համալսարաններու Ivy League–ի անդամ, Րոտ Այլընտ նահանգի համալսարաններէն Brown University-էն ընդունման ծանուցագիր: Համալսարանը յանձն առեր էր Եուլիային չորս տարուայ բոլոր ծախսերը հոգալ՝ ներառեալ ուտելիքը, դասագիրքերն ու կեցութիւնը:

  Եուլիային ծնողքը Ուքրանիայէն Միշիկըն փոխադրուեր էր եօթը տարի առաջ: Լսելով Մանուկեան վարժարանի յաջողութիւններուն մասին, անոնք անգլերէն բնաւ չիմացող փոքրիկ Եուլիային վստահեր էին վարժարանիս ուսուցիչներուն: Եուլիան քանի մը տարուայ մէջ ոչ միայն անգլերէնին սահուն տիրապետեր էր, այլ նաեւ սորվեր էր հայերէն լեզու, հայոց պատմութիւն, հայ մշակոյթ ու հայ գրականութիւն: Անոր սիրած վէպը Ամերիկահայ գրող Նէնսի Գրիգորեանի «Զապէլ» գործն էր, իսկ սիրած պատմուածքը՝ Վահան Թոթովենցի «Բաց կապոյտ ծաղիկներ»-ը (անգլերէն թարգմանութեամբ՝ “Pale blue flowers”):

  Աւարտական դասարանի միւս երեք valedictorian-ները՝ Դաւիթ Թոգմաճեանը, Գարին Գալուքեանը եւ Էլէյն Ազարը բոլորն ալ լման կրթանպաստներով ընդունուելով Էնն Արպըրի Միշիկընի համալսարան, կը խոստանային շարունակել իրենց նախորդներուն բարի համբաւը, բարձր պահելով Մանուկեան վարժարանի պատիւը: Անոնք պիտի համալրէին Էնն Արպըր համալսարանի հեղինակաւոր հայկական ուսանողական ակումբին շարքերը, վստահաբար ապագային այնտեղ կազմակերպելով հայանպաստ ձեռնարկներ:

Աւարտական դասարանի աշակերտները այժմ անհամբեր կը սպասեն տարեվերջի վկայականներու բաշխման հանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի, Յունիս 7, 2021-ին. սակայն այս մասին՝ յաջորդիւ:

                                                                                               Փ. Գալուքեան 
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ