Կիրակի, Դեկտեմբեր 22, 2024

Շաբաթաթերթ

Առողջապահական

«Չիփս» երու Կանոնաւոր Օգտագործումը Կը Վնասէ Առողջութեան

Մարդիկ հակում ունին գիրնալու գետնախնձորի «չիփս»-երու կանոնաւոր օգտագործումի պարագային, ըսած է սննդաբան Լորէն Մանակեր:

«Eat This, Not That!»-ի համաձայն, գետնախնձորի «չիփս»-երը կրնան շատ բարձր ջերմուժ ունենալ՝ յաճախ կամ մեծ քանակով ուտելու պարագային: Մէկ բաժինը կ՛ենթադրէ 18 «չիփս», որ կը համապատասխանէ 28 կրամի, սակայն շատեր չեն սահմանափակուիր ատով, աւելին՝ զայն կը թաթխեն «սոս»-երու մէջ, որ յաճախ նոյնպէս մեծ ջերմուժ ունին:

Փորձագէտը կը յանձնարարէ, որ նիհարնալ փորձող մարդիկ հետեւին գետնախնձորի «չիփս»-եր ուտելու չափաբաժինին կամ գտնեն աւելի օգտակար այլընտրանք, որպէսզի պահպանեն իրենց առողջութիւնը:

Ինչպիսի՞ Սնունդ Կ՛օգնէ Կանխելու Մազաթափութիւնը

Մազաթափութեան հիմնական պատճառները ընդհանրապէս ցած սպիտակուցային եւ ցած ջերմուժային սննդականոններն են, վատառողջ սնունդը, շատ արագ կշիռքի կորուստը եւ օրկանիզմին մէջ զինքի, երկաթի ու վիթամին B12-ի պակասը, յայտնած է սննդագէտ Քինիթա Քատաքիա Փաթել:

Մազաթափութենէն խուսափելու համար, մասնագէտը կը յանձնարարէ նախ կանոնաւորել սպիտակուցներու ստացումը, որովհետեւ մազերը հիմնականին մէջ բաղկացած են «քերաթին»-էն, որու «սինթեզ»-ին համար անհրաժեշտ է «պայոթին» (վիթամին H) եւ ամինօթթուներ:

Սննդագէտը կը յանձնարարէ օրկանիզմին մէջ ֆոլաթթուի, զինքի եւ վիթամիններու պակասի քննութիւններ կատարել: Եթէ պակաս կայ, պէտք է ամբողջացնել՝ սննդականոնին մէջ անհրաժեշտ նիւթեր աւելցնելով:

Եթէ սննդականոնը շտկելէն ետք մազաթափութիւնը չի դադրի, սննդագէտը կը յանձնարարէ դիմել մասնագէտի:

Afhil.com

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ