Ուրբաթ, Ապրիլ 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Մարմնի Որոշ Մասեր Աւելի Հակում Ունին Մաշկային Հիւանդութիւններու

Սաքրամենթոյի համալսարանական հիւանդանոցին մէջ կատարուած երկու նոր ուսումնասիրութիւններու ծիրին մէջ գիտնականներ ուսումնասիրած են, թէ ինչպէ՞ս մաշկի կազմուածքի տարբերութիւնները կրնան յանգեցնել մաշկաբանական հիւանդութիւններու, ինչպէս՝ «փսորիազ»ը եւ «աթոփիք տերմաթիթ»ը:

«Մաշկը միասնական բաղադրութիւն չունի մարմնի ամբողջ տարածքին մէջ։ Մարմնի տարբեր մասերուն մէջ մաշկի տարբեր բնութագրերը կրնան ազդել որոշ հիւանդութիւններու նկատմամբ մաշկի զգայունութեան վրայ»,- նշած են գիտնականները։

Մաշկի կազմուածքը կախեալ է բազմաթիւ գործօններէ.

Առաջին հետազօտութեան ընթացքին գիտնականները ցոյց տուած են այն «մեքանիզմ»ները, որոնք կը յանգեցնեն մաշկի կառուցուածքային փոփոխութիւններու։

«Էփիտերմիս»ը ունի «աղիւսի եւ շաղախի» կառուցուածք. «մոլեքիւլ»ները, ինչպէս՝ քերամիտները, քոլեսթերոլը եւ ճարպաթթուները, կը կազմեն «լուծոյթը», մինչդեռ «քերաթինոսայթ»ներ կոչուող բջիջները «աղիւսներ» են:

Մարմնի տարբեր մասերուն մէջ մաշկի «լիփիտ»ներու եւ սպիտակուցներու կազմային տարբերութիւնները կրնան նաեւ բացատրել, թէ ինչո՞ւ տարբեր մաշկային հիւանդութիւններ կը յառաջանան մարմնի տարբեր վայրերուն մէջ:

Երկրորդ հետազօտութեան ընթացքին հետազօտական ​​խումբը ուսումնասիրած է, թէ ինչպէս մաշկի բջիջները կը փոխազդուին դիմադրողական համակարգի հետ:

Նախապէս յայտնի էր, որ «քերաթինոսայթ»ները կրնան արտազատել նիւթեր, որոնք թէ՛ կ՛աւելցնեն, եւ թէ՛ կը նուազեցնեն բորբոքումը։

«Քերաթինոսայթ»ները «էփիտերմիս»ի ամէնէն ցած շերտին մէջ կ՛արտազատեն դիմադրողական հակաբորբոքային «մոլեքիւլ»ներ: Այս մէկը կը կատարուի դիմադրողական բջիջները դէպի մաշկ ներգրաւելու համար, որպէսզի սպասեն, մինչեւ անոնք կարենան պայքարիլ որեւէ «փաթոճեն» միքրոպի կամ մակաբոյծի դէմ, որ կրնայ ճեղքել մաշկի ֆիզիքական պատնէշը: Գիտնականները պարզած են, որ «էփիտերմիս»ի արտաքին շերտի «քերաթինոսայթ»ները կ՛արտազատեն «փրոբորբոքային մոլեքիւլ»ներ, մասնաւորապէս՝ IL-36:

IL-36-ը՝ մաշկային բորբոքային «փսորիազ»ի ենթատեսակներէն մէկուն հիմնական միջնորդն է։ Խումբը պարզած է, որ մաշկի մէջ IL-36-ի քանակը կը կարգաւորուի մէկ այլ «մոլեքիւլ»ով, որ կը կոչուի PCSK9, եւ որ PCSK9 «ճին»ի տատանումներ ունեցող մարդիկ հակում ունին «փսորիազ»ի զարգացման:

Երկու ուսումնասիրութիւններուն արդիւնքները հրապարակուած են JCI Insight ամսագրին մէջ:

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ