Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Արա Ահարոնեանի Ցաւալի Կորուստն Ու Մխիթարութիւնը Մեր Վերջին Խօսակցութիւնը

Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Մեծ Կորուստն ու Մեծ Արգասիքը

         Ցնցիչ եւ խորապէս վշտալի եղաւ բոլորիս համար խիստ անակնկալ մահը սիրեցեալ Արա Ահարոնեանին։ Մեծ կորուստ Ամերիկահայ համայնքին համար յատկապէս, եւ սակայն չմոռնանք եթէ կորուստը մեծ եղաւ, մեծ եղաւ նաեւ հանգուցեալին կեանքն ու թողած վաստակը, ընտանիք, համայնք, կուսակցութիւն եւ գրականութիւն։ Եւ այդ երկուքին, կորուստին ու վաստակին միջեւ կը գտնենք իսկական կշիռն ու մխիթարութիւնը։ Հայադրոշմ եւ ազգային արժէքներով կրթուած կեանք մը իր բազմաբնոյթ երախտիքներով, գրական, ազգային եւ կուսակցական, որոնց ամբողջութիւնը իր ցաւալի մահուամբ երբեք կորուստ մը չեղաւ, ինչպէս եղաւ իր մահաբեր գոյժը, այլ եղաւ ազգային, հասարակական, Հայ Եկեղեցւոյ հանդէպ իր ցուցաբերած անկեղծ սիրով պատկառելի եւ մնայուն հանդիսարան մը, եւ բոլորն ի մի,  չյամեցող մխիթարանք իր բարեհամբաւ ընտանիքին ու համայնքին համար։

Մեր Առաջին ու Վերջին Հանդիպումը

            Քառասնամեակ մը Արեւելեան Թեմին ծառայելէ ետք, Գալիֆորնիա փոխադրուեցանք աւելի քան տասնհինգ տարիներ առաջ։ Այժմ երջանկութեամբ կը վերյիշեմ, հասնելէս երկու շաբաթ ետք, ինծի տակաւին անծանօթ Արա Ահարոնեան Փասատինայի մեր յարկաբաժնի դարպասէն կը հեռաձայնէր վար իջնել ու հանդիպիլ, լսած ըլլալով «Տոքթ. Յարութիւնին եղբայրը» ըլլալս։ Մտերմացանք եւ իսկոյն զիս առաջնորդեց Փասատինայի Թէքէեան Մշակութային Կեդրոնը։ Հիացայ։ Եղանք մտերիմներ ու յաճախ միասին ներկայ եղանք մշակութային ձեռնարկներու, եւ առիթով մըն ալ զիս հրաւիրեց բանախօսելու։ Իր վարչական ու գրական վաստակը մեծ եղաւ։ Բոլորս գիտենք իր «Երախտաւորներու Ուղիներով» հարս-տացուցած ազգագրական ու պատմագիտական անկրկնելի դիմաստուերները։ Համեստ երախտաւոր մը ինքնին, կը միանայ այսօր բոլորին զորս յարգեց ու պատուեց, մօտաւոր անցեալի հայոց պատմութիւնը վերակենդանացնելով։

            Պատահեցաւ որ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան մէկ տեղական մասնա-ճիւղի հնօրեայ խմբանկար մը առիթը ընծայէր մեր յատուկ խօսակցութեան, որ դժբախտաբար վերջինը պիտի ըլլար։ Երբ կը կարդայի իր վերջերս գրած երախտաւորներու մասին  վաւերագրական էջերը, հոն զետեղուած կը տեսնէի յիշեալ խմբանկարը։ Ահարոնեան չէր ճշդած նկարին թուականն ու ընկերներէն մէկուն կամ միւսին անունը, շատ հաւանաբար  զայն գտած էր այդպէս իբրեւ սոսկ հարիւրամեայ պատմական նկար որուն հրատա-րակութիւնը մեծ բարեբախտութիւն մը կը համարեմ մեր մօտաւոր անցեալի յետ-եղեռնեան պատմութեան համար։ Հեռաձայնեցի եթէ կրնար խմբանկարին վայրը կամ թուականը ստուգել։ Շաբաթ մը ետք հեռաձայնեց ըսելով որ յաւելեալ տեղեկութիւններ չկար նկարին վերաբերմամբ։

             Արա Ահարոնեան, մի քիչ կասկածանքով, զարմացաւ երբ ըսի թէ որոշ տուեալներու հիմամբ խմբանկարը մեծ հաւանականութեամբ Կիլիկիոյ Ատանայի ՌԱԿ-ի 1920 թուականի մասնաճիւղը կը ներկայացնէր, քանի որ քսանի մօտ կուսակցականներէն երկուքը կրցած     էի ճանչնալ ու անոնցմով վայրն ու թուականը ճշդել, մին յետագային Գահիրէի Գալուստեան Ազգային Վարժարանի հայոց պատմութեան մեր ուսուցիչը Լեւոն Աճեմեանը, եւ միւսը, ամենէն երիտասարդը, հայրս Եղիա Արզումանեան։   

            Ես ինքս ալ զարմացած էի հօրս նկարը տեսնելով, եւ սակայն երբ իր երեք տղոց գաղթականութեան օրերուն Կիլիկիա տարի մը մնացած ըլլալը կը պատմէր մօրը եւ երկու անչափահաս քոյրերուն հետ միասին, կ՛ըսէր նաեւ ՌԱԿ-ին անդամագրուած ըլլալը, ցոյց տալով փոքրիկ անդամատետրը՝ ստորագրուած նոյնինքն Լեւոն Աճեմեանի կողմէ թուականով եւ վայրով որ ցարդ  ի պահ կը մնայ եղբօրս Յարութիւնին մօտ։  Վստահաբար կրնամ ըսել որ խմբանկարին երրորդ շարքի ձախէն առաջինը Լեւոն Աճեմեանն էր, իսկ առջեւը գետին նստած երկու երիտասարդներուն աջին՝ հայրս։  Արա Ահարոնեանին կը մնար զարմանալ եւ յուսալ որ օր մը մնացեալ ընկերներուն ինքնութիւնները եւս կը յայտնուէին։

            Մեր այս վերջին խօսակցութենէն յայտնի կը դառնար ՌԱԿ-ի մօտաւոր անցեալի պատմութենէն նշանակելի դրուագ մը, այս անգամ Կիլիկիոյ Ատանա քաղաքին մէջ, գաղթական Կիլիկեցիներու ժամանակաւոր վերադարձով, Միհրան Տամատեանի ներկայութեամբ, եւ Տ.Տ. Սահակ Խապայեան Կաթողիկոսի վերադարձով։ Տուեալ բախտորոշ այդ օրերուն կուսակցութեան Կիլիկիոյ մասնաճիւղը կը հաստատուէր գլխաւորութեամբ Լեւոն Աճեմեանի որուն ձեռքէն քսանամեայ հայրս ստացեր էր իր անդամակցութեան տետրը։ Այս նշանակելի պարագան կը պարտինք Արա Ահարոնեանին որ կրցած է հին արխիւներէն, թէկուզ իրեն անծանօթ, Կիլիկեան նախնագոյն խմբանկարը ազատել։ Իմ ուրախութիւնը եղաւ յաւելեալ տեղեկութիւններով հաստատել իր հրատարակած նկարին ինքնութիւնը։

Մտաւորականն ու Վարչականը

         Արա Ահարոնեան պարզ անձնաւորութիւն մըն էր, միշտ ժպտադէմ, արթուն եւ համարձակ իր խօսակցութեան ընթացքին, բառամթերքը շատ հարուստ ու համոզումներն   ալ ճշդուած։ Իր զոյգ առաքելութեանց մէջ մնաց հաւատարիմ ու բեղմնաւոր, թէ՛ որպէս մտաւորական ու արժէքաւոր գիրքերու հեղինակ, եւ թէ՛ որպէս վարչական որուն միշտ կարեւոր պաշտօններ վերապահուած էին։ Կը գործէր ժպիտը դէմքին, ո՛չ բողոքի եւ ո՛չ ալ ձանձրոյթի ենթակայ։ Իր պարտքը լիովին կատարեց ու անմահներու շարքին ինքզինք դասեց առանց նոյնիսկ ինք գիտնալու։ Համեստութիւնն ու ծառայասիրութիւնը, գաղափարի իսկական մարդը կը կերտէ, կը բարձրանայ լռելեայն, ու կը բարձրացնէ իր հետեւորդները բարձրաձայն։

            Ահարոնեանի գրական վաստակը գնահատելի կը դառնայ որքան ատեն որ ան կը բովանդակէ վաստակաւորներուն կեանքն ու գործը իր «Երախտաւորներու Ուղիով» գիրքին մէջ, որուն պատրաստութիւնը եղաւ յաւելեալ ներդրում մը աւելի ծաւալուն, յայտնի եւ ամբողջական հատորներով յայտնի, Վաչէ Սեմերճեանի եւ Յակոբ Վարդիվառեանի աշխատանքներուն ։ Ինքս հետաքրքրութեամբ կարդացեր եմ բոլորը որպէս մեր մօտաւոր անցեալի ապրող պատմութիւնը, պարզ ու հետաքրքրական, ջինջ արեւմտահայերէնով    որուն պաշտպան զինուորները եղան մեր երեք պատուարժան հեղինակները։ Ունիմ նաեւ Ահարոնեանի վաւերագրական գրքոյկը Արցախ-Ղարաբաղի մասին, թէ ի՛նչ եղած է հիմնական պատմութիւնը այդ նահանգին։             Իր այս ջինջ, մաքուր ու բովանդակալից վաստակով անկասկած Արա Ահարոնեան չի մեկնիր այլ միայն կը հեռանայ, մնալով իր սիրելիներուն, ընկերներուն ու համայնքին հետ ընդմիշտ։ Տէրը լոյսերու մէջ հանգչեցնէ իր հոգին եւ Սուրբ Հոգւոյ մխիթարութիւնը շնորհէ Ահարոնեան պատուաբեր ընտանիքին։

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ