Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 4, 2024

Շաբաթաթերթ

Արա Ահարոնեանի Յիշատակին

«Նոր վերնատուն» մշակութային միութեան հերթական կորուստը՝ Արա Ահարոնեանը, յատկանշական էր երեք հանգամանքով. 69 տարեկան Արան «Նոր վերնատուն»ի ամենաերիտասարդ անդամն էր՝ ատենապետ Պետրոս Անսըրլեանէն երեք  տարիով փոքր, ան վերջին ամսուայ մէջ երկրորդ կորուստն էր՝ Ալպեռ Մինասեանէն ետքը, և գնաց միանալու իր հօրը՝ «Նոր վերնատուն»ի հիմնադիրներէն Փայլակ Ահարոնեանին՝ անոր մահէն 2 տարի և 3 ամիս յետոյ:

Արա Ահարոնեանի՝ յայտնի մտաւորականի և ազգային գործիչի մասին շատ պիտի գրուի, իսկ «Նոր վերնատուն»ի կողմէ մենք պիտi ըսենք միայն հետևեալը. անոր յիրաւի համայնագիտական իմացութիւնը ոչ միայն ազգային, այլև կեանքի ամենատարբեր հարցերու մէջ՝ զինք ըրած էին «Նոր վերնատուն»ի սիրուած տեղեկատուն. ան կրնար ժամերով լուսաբանել ամենատարբեր հարցեր:

Այս կարճ մահախօսականը ներկայացնելով «Նոր Օր» շաբաթաթերթին՝ անոր մահուան քառասունքին առթիւ, «Նոր վերնատուն»ի ընկերները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի տիկնոջը, զաւակներուն, քրոջը և ընտանեկան պարագաներուն, նաև ՌԱԿ-ին, ԹՄՄ-ին և «Նոր Օր»ի անձնակազմին:

Ընկերոջ յիշատակին «Նոր վերնատուն»ը իր սրտաբուխ նուէրը կը փոխանցէ «Նոր Օր»ի բարգաւաճման  ֆոնտին:

 «Նոր վերնատուն» մշակութային միութիւն    
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ