Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայաստանը Կռուախնձոր Չէ

Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները շուտով տեղի պիտի ունենան: Այս ընտրութիւնները կա՛մ վերջնականապէս պիտի ջախջախեն ու քայքայեն Հայաստանի պետականութեան մնացած վերջին նմուշները, պատճառ դառնալով որ վերջին 3 միլիոն հայաստանցին ալ դառնայ տարագիր, եւ կա՛մ նոր ճանապարհ մը պիտի հարթեն. ճանապարհ մը, որ վերջին ուժով, միասնական ու յամառ աշխատանքով դարձեալ ոտքի պիտի հանէ վիրաւոր ու մահուան շեմին հասած Հայաստանը։

Այս ժամանակը, որ ունինք ընտրութեան մէջ կողմնարոշուելու համար, պէտք է ծառայեցնենք ճիշդ որոշում կայացնելուն։ Պէտք է գիտակցինք, որ ձեռնպահ մնալը աւելի կործանարար է քան սխալ ընտրութիւն կատարելը։ Պէտք է գիտակցինք որ պետականութիւնը մեր եսէն աւելի կարեւոր է: Պէտք է գիտակցինք, որ ոչ թէ հայրենիքը պիտի ծառայէ անհատի շահին, այլ անհատը՝ հայրենիքին ու հայրենաշինութեան։

Հայաստանը կռուախնձոր չէ՛, որուն համար պէտք կեղեքել, ճնշել ամբողջ ժողովուրդը։ Անձնական սնափառութիւնը հայրենիքէն աւելի կարեւոր չի կրնար ըլլալ: Անհատը  ազգէն աւելի կարեւոր չի կրնար ըլլալ: Անհատական վրէժխնդրութիւնը պատմութենէն աւելի կարեւոր չի կրնար ըլլալ:  

Հայաստանը քարաքարոտ ու վտանգաւոր ճանապարհներով  անորոշութեան կը մատնուի:  Յայտնի չէ, թէ ճանապարհի աւարտին ի՛նչ պիտի մնայ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխանութենէն։

Ի տես մեր երկրին իրար հանդէպ ատելութեամբ լեցուած բեւերներու եւ իրար չհանդուրժող խումբերու բաժանումին, երկար ու շատ լուրջ մտածելէ ետք, պէտք է որ հաւաքենք մեր կամքի մնացորդները ու փորձենք ծունկերէն վեր բարձրացնել այն, ինչ, որ  մնացած է «պետականութիւն» հասկացողութենէն։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ