Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Գիտակցութեամբ Լեցուն Կեանք մը

Տիկ Անի Թորանեան

Եւ Թորանեան ընտանիքի հարազատներ,

Ցաւով իմացանք մեր բոլորին սիրելի Տոքթ. Թորոս Թորանեանի մահը։ Եթէ կըսեմ սիրելի, քանի ճանչցած էի զինք պատանեկան տարիներէս սկսեալ։ Տոքթ. Թորանեան եղած է մօտիկ բարեկամ մը մեր ընտանիքին եւ Հալէպէն սկսած։ Յաճախ հանդիպած էի իրեն իմ Հալէպ այցելութիւններու ընթացքին՝եւ պատանեկան-երիտասարդական տարիներուս՝հօրեղբօրս Տոքթ. Ռոպէր ճէպէճեանի հիւանդանոց-բնակարանը։ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն՝ երբ որոշ ժամանակ մը Պէյրութ հաստատուեցաւ՝դարձեալ կը տեսնէի զինք։ Ու տակաւին մի քանի առիթներով հանդիպեցանք նաեւ Երեւան։

Բայց Տոքթորին աւելիով ճանչցած եմ իր գրական-հասարակական եւ հանրային գործունէութիւններու եւ ներկայացումներուն մէջէն։ Ինչքան դիպուկ է եղեր թէ մարդ մը կրնաս լաւապէս ճանչնալ իր ստեղծագործական աշխատանքին մէջէն՝եւ յատկապէս գրական ու հրապարակագրական մարզի մէջէն։ Գրողի մը էութիւնը դուրս կու գայ նոյնինքն իր գրական աշխատանքներուն եւ գրութիւններուն ոճին ու մտքին մէջէն։ Եւ կը սքանչանայի Տոքթորին աշխատասիրութեանը եւ մտաւորական ու ազգային մտքի ամբարած հսկայ հարստութեանը համար։ Ան իր կեանքի տարիներուն մէջէն կուտակած այս  «հարստութիւնը» չի պահեց ինք իրեն համար՝այլ բաժնեց զայն իր ազգին, հայրենիքին,շրջապատին ու իր այդքան սիրած Հալէպին համար։ Եթէ մէկ կողմէ յօդուածներու իր տարափովը՝նոյնքան նաեւ իր գրած, խմբագրած ու հրատարակած գիրքերու փաղանգով։ Փաղանգ՝որովհետեւ անոնց թիւը եղաւ հսկայական։ Տոքթ. Թորանեան մէկ մարդ էր որուն մէջ ամփոփուած էր հսկայական բանակի տարողութեամբ  կեանք մը գիտակցութեան՝ որ առանց յոգնելու ստեղծագործեց եւ «տուաւ» զայն հայութեան։

Տոքթ. Թորանեանի գիտակցութիւնը իր ազգային-հայկական ինքնութեանն էր։ Գիտակցութիւնը հայուն մշակութային եւ գրական հսկայական ժառանգին ու աւանդին։ Ու տակաւին գիտակցութիւնը թէ մարդ պէտք է ապրի Արժէքի կեանք մը կերտելու գրաւականի հիման վրայ։ Արժէքի գիտակցութիւնը կը մղէ անձ մը որ արժեւորէ ինք իր անձնական կեանքը՝նոյնպէս բաժնեկցի զայն իր հաւաքականութեանը հետ։ Ահա այս տեսակի գիտակցական կեանք մըն էր Տոքթ. Թորանեանի կեանքը ուր չի սակարկեց ոչ համոզմունք եւ ոչ ալ սկզբունք եւ որ անդադար տուաւ։ Տուաւ՝կերտելու համար նոր եւ նորոգող-նորոգուող արժէքներ։

Կեանքը ունի իր սկիզբը-լոյսը եւ որուն պիտի յաջորդէ վերջաւորութիւնը՝վերջալոյսը։ Բայց այս կեանքի  սկիզբ-վերջ (լոյս-վերջալոյս) առանցքին՝պիտի մտածել թէ ինչ գիտակցութեամբ պիտի ապրիլ Աստուծոյ շնորհած այս կեանքը։ Տոքթ. Թորանեանի գիտակցութիւնը եղաւ հայուն համար ապրելու եւ զայն լեցնելու արժէքի կեանքի մը գրաւականովը։ Այս իմաստով՝ պիտի արժեւորել Տոքթորին կեանքը (սկիզբ-վերջ հասկացողութեան մէջէն)՝ նոյնինքն Պօղոս Առաքեալի խօսքին մէջէն։  «Բարի պատերազմը պատերազմեցայ, ընթացքը կատարեցի եւ հաւատքը պահեցի»։

Յարգանք Տոքթ. Թորանեանի ապրած այս կեանքին որ եղաւ գիտակցութիւն մը հայուն կեանքին եւ անոր արժէքին համար։ Ան այս արժէքի գիտակցութեանը համար «պատերազմեցաւ» իր համակ կեանքի ընթացքին։ Ան մնաց հաւատարիմ այս գիտակցութեանը քանի «հաւատացած» էր անոր։ Եւ իրեն սահմանուած երկրային կեանքի իր  «ընթացքը կատարեց» հաւատարիմ մնալով այս հաւատքին գիտակցութեանը։  Եւ կատարեց զայն լաւապէս՝ միշտ գիտակցելով Հայուն արժէքի կեանքի հպարտութեանը։

Աղօթքով կը միանամ ձեր բոլորին հետ հայցելով Սուրբ Հոգիին մխիթարութեանը։

Ցաւակցօրէն՝

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան
Ընդհանուր Քարտուղար՝Արաբական Ծոցի Աստուածաշունչի Ընկերութիւն
Քուէյթ Յունիս 6, 2021
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ