Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Գիւտ Արքեպիսկոպոսի Յիշատակին

Եւրոպայի Հնագոյն Եւ Նորագոյն Հայ Եկեղեցիները
Հոլանտայի Սուրբ Հոգի
Պելճիքայի Սուրբ Մարիամ Մագդաղենացի

«Վերջին շուրջ 25 տարիներուն Հոլանտայի հայերուն թիւը աճած էր մնայուն բնակչութեամբ, եւ Փարիզի Առաջնորդ Սերովբէ Արքեպիսկոպոս Մանուկեան 1982 թուին դիմումներ կատարած էր Ութրեխթի Կարտինալ Ուիլըպրանտզին եւ քաղաքապետութեան վերստին գնելու հայոց Սուրբ Հոգի եկեղեցին, սակայն ապարդիւն մնացած էր»

ԳԻՒՏ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
                                                        Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Ամսդերտամի Սուրբ Հոգի Եկեղեցին

Լուսահոգի Գիւտ Արքպիսկոպոս Նագգաշեանի վախճանման քառասունքին առիթով իր յիշատակին կ՛ընծայեմ սոյն գրութիւնը որ պատմական տեղիք կը բովանդակէ Եւրոպայի հայ    գաղութի պատմութեան համար ուր ան ծառայեց երկար տարիներ որպէս Հայրապետական    Պատուիրակ Արեւմտեան Եւրոպայի եւ Առաջնորդ Փարիզի։ Իր ջանքերով Ամսդերտամի եկեղեցին վերստին սեփականութիւնը եղաւ հայ համայնքին եւ նորագոյն  եկեղեցին կանգնեցաւ Պրիւքսէլի մէջ։

Եւրոպայի հնագոյն Հայ Եկեղեցին Ամսդերտամի Սուրբ Հոգի եկեղեցին կը նկատուի որուն հիմնադրութեան թուականը 1713 Հոկտեմբեր 26 արձանագրուած է պատմական ստոյգ տեղեկութիւններէն` գրուած Առաքել Սարուխանի «Հոլլանդան եւ Հայերը» երկասիրութեան մէջ եւ հրատարակուած Վիեննայի Մխիթարեաններուն կողմէ 1926 թուին։ Սկզբնական տուեալներու համաձայն առաջին հայ հոգեւորականը Մարկոս քահանայ Աբրահամեանն է որ Հոլանտա եկած է, կառուցած եւ օծած առաջին հայ եկեղեցին 1715 Սեպտեմբեր 20-ին՝ հաւանութեամբ եւ հայրա-պետական կարգադրութեամբը Աստուածատուր Համադանցի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին (1715-1725)։ Աւելի կանուխ, Աղեքսանդր Ա. Ջուղայեցի Կաթողիկոսի (1706-1714) կողմէ Ամսդերտամ հասած է Էջմիածնի միաբան Յովակիմ վարդապետը «որ աւելի քան մէկ տարի» միայն պաշտօնավարած է։

Եկեղեցին Առժամապէս Ծախուած

 Սուրբ Հոգի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին 160 տարի հոգեւոր ծառայութիւն մատուցանելէ ետք, հայ հաւատացեալներու նուազումին պատճառով 1874 Մարտ 9-ին ծախուած է Հոլանտական կրօնաւորուհիներու միաբանութեան, որոնք օգտագործած են զայն որպէս մանկապարտէզ եւ դպրոց։ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակի Փոխանորդ նորոգ վախճանեալ Գիւտ Արքեպիսկոպոս Նագգաշեանի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութենէն կը տեղեկացուի որ իր տարած յատուկ բանակցութիւններէն ետք Սուրբ Հոգի եկեղեցին նոյն միաբանութենէն վերստին գնուած է հայ համայնքին կողմէ 1986 Նոյեմբեր 14-ին։

Գնման պաշտօնագիրը ստորագրած են Գիւտ Արքեպիսկոպոս եւ Վահէ Գինեպանեան, տեղեկացնելով թէ «վերջին շուրջ 25 տարիներուն Հոլանտայի հայութիւնը աճած էր մնայուն բնակչութեամբ, եւ թէ նախկին Հայրապետական Պատուիրակն ու Փարիզի Առաջնորդ հանգուցեալ Սերովբէ Արքեպիսկոպոս Մանուկեան դիմումներ կատարած էր Ութրեխթի Կարտինալ Ուիլըպրանտզ Արքեպիսկոպոսին եւ քաղաքապետութեան եկեղեցին ետ առնելու, սակայն առանց արդիւնք մը ստանալու»։

Եկեղեցին Վերստին Գնուած

Հոլանտացի կրօնաւորուհիներու միաբանութիւնը երբ եկեղեցին ծախու դրաւ, տուաւ նաեւ նախապատւութիւնը հայ համայնքին, ու վերջինս շնորհիւ Գիւտ Սրբազանի ամէն ճիգ ի գործ դնելով կրցաւ գնել զայն, «անմիջապէս գոյացնելով գինին մէկ երրորդը»։ Գիւտ Արքեպիսկոպոս Սուրբ Հոգի Հայ Եկեղեցւոյ վերստացման լուրը հաղորդեց Մայր Աթոռ Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, «որ գնահատելով իր հօտին նախանձախնդրութիւնը, նուիրեց գնման անհրաժեշտ գումարին յաւելեալ մէկ երրորդ բաժինը»։ Իսկ վերջին մէկ երրորդն ալ նուիրուեցաւ ՀԲԸ Միութեան կողմէ։ «Պատմական յուշարձան մը» նկատուած եկեղեցին, «լաւ եւ հաստատուն վիճակի մէջ է ըսուած, ուր նախկին բոլոր արձանագրութիւնները կը մնան ըստ առաջնոյն»։

Եկեղեցւոյ հանդիսաւոր օծումը Գիւտ Արքեպիսկոպոս կատարած է 1989 Նոյեմբեր 26-ին       երբ արդէն յաջորդելով 1984 փետրուարին վախճանեալ Սերովբէ Արքեպիսկոպոսին, Նորին Սրբութիւն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ նշանակուած էր Հայրապետական Պատուիրակ Արեւմտեան Եւրոպայի։ Այդ առիթով Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Վազգէն Ա. Հայրապետ իր 1989 Նոյեմբեր 14 թուակիր «Օրհնութեան Գիրը» ուղարկած էր «անհուն ուրախութեամբ ողջունելով վերաբացումն ու օծումը Ամսդերտամի հայոց պատմական եկեղեցիին՝ յանուն Սուրբ Հոգւոյն»։

Ալմելոյի Հայ Համայնքը

Հոլանտայի մայրաքաղաքէն 90 մղոն հեռաւորութեամբ գտնուող Ալմելօ քաղաքը հայեր սկսան գաղթել Թուրքիայէն ու Հայաստանէն Սերովբէ Արքեպիսկոպոսի Հայրապետական Պատուիրակութեան շրջանին։ Իր կարգադրութեամբ շուտով մնայուն հոգեւոր հովիւ մը նշանակուեցաւ։ Երուսաղէմի երիտասարդ միաբաններէն Մանուէլ վարդապետ Երկաթեան 1980 թուականին Հոլանտա ժամանեց։ Ալմելօ քաղաքին մէջ հայեր սկսած էին հաստատուիլ 1976 թուականէն, եւ մինչեւ 1980 մօտ 300 հայ ընտանիքներ Թուրքիոյ ներքին գաւառներէն հեռանալով եկած ու բնակութիւն հաստատած էին։ ՀԲԸ Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը Հոլանտայի բարեսիրական եւ կրօնական կազմակերպութիւններու հետ գաղթական հայերուն բնակարան եւ    գործ հայթայթեց, քաղաքին արժէքաւոր մէկ թաղին մէջ շէնք մըն ալ գնելով, ուր եկեղեցական    արարողութիւններ ալ կատարուեցան։

Մինչ այդ 1985 թուին, երբ նախորդ տարին վախճանած էր Սերովբէ Արք Մանուկեան ու իրեն յաջորդած Գիւտ Արքեպիսկոպոս, Ալմելոյի հայ համայնքը ինքնաբաւ դառնալով իր հայկական սեփական եկեղեցին կառուցանեց երբ հայերու թիւը բազմապատկուած էր քաղաքին մէջ համայնքի մնայունհոգեւոր հովիւՄանուէլ վարդապետ Երկաթեանի գլխաւորութեամբ։ Մինչդեռ հոգեւոր հովիւի նշանակումէն առաջ յաճախ հայ եպիսկոպոսներ այցի երթալով Ալմելոյի համայնքը խանդավառ եւ գործօն կը պահէին,  Ամսդերտամի եկեղեցին կը մնար ուղղակի Փարիզի հովանաւորութեան տակ, ինչպէս նաեւ Պելճիքայի Սուրբ Մարիամ Մագդաղենացի եկեղեցին։

Պելճիգայի Հայ Եկեղեցին

Եւրոպայի նորագոյն հայ եկեղեցին եղաւ Պրիւքսէլի եկեղեցին։ Պելճիքայի, յատկապէս Պրիւքսէլի մէջ ապրող հայութիւնը միշտ ենթակայ մնաց Փարիզի առաջնորդութեան, ուրկէ հոգեւորականներ կ՛այցելէին պատահական առիթներով պատարագելու եւ կամ խորհուրդներ մատակարարելու։Հոն գործօն դիրքի վրայ կը մնային թէ՛ Գաղութային Վարչութիւնը եւ թէ՛ Եկեղեցւոյ Շինութեան Վարչութիւնը։ Զոյգ վարչութիւնները եկեղեցւոյ շինութեան համար մայրաքաղաքի Քինդերմանս փողոցին վրայ յարմար կալուած մը գնելէ եւ նախապատրաստական աշխատանքներ կատարելէ ետք, իրենց տեղեկագիրը կը ներկայացնէին Փարիզի Առաջնորդ Գիւտ Արքեպիսկոպոս Նագգաշեանին, ստանալով իր հաւանութիւնն ու հովանաւորութիւնը։

Գիւտ Սրբազան իսկոյն կը տեղեկացնէր Մայր Աթոռ՝ Տ.Տ. Վազգէն Ա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, որուն արտօնութեամբ 1987 Նոյեմբեր 16¬ին կը կատարէր եկեղեցւոյ հիմնարկէքը՝ մասնակցութեամբ Լիոնէն Դաւիթ Եպս. Սահակեանի եւ Գանատայէն Վազգէն Եպս. Քէշիշեանի։ Ներկայ կ՛ըլլար նաեւ ազգային բարերար Տիար Ալեք Մանուկեան։ Հիմնարկէքին ներկայ էին նաեւ Պելճիքայի թագաւորական պալատի ներկայացուցիչները։

Եկեղեցւոյ Օծումը

Երեք տարի ետք, երբ արդէն նոր եկեղեցին կառուցուած էր, օծման համար Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Վազգէն Ա. Կաթողիկոս 1990 Մայիս 3-ին յատկապէս Պրիւքսէլ կը ժամանէր, իր հետ ունենալով Կիլիկիոյ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Վազգէն Հայրապետ Փարիզ հասնելով կը դիմաւորուէր Գիւտ Արքեպս. Նագգաշեանի, Նորվան Եպս. Զաքարեանի եւ հայ հոգեւորականութեան կողմէ։ Նոյն օր Հայրապետը նորաշէն եկեղեցին կ՛առաջնորդուէր, որ «դրսից նմանում է Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցուն, իսկ ներսից ունի արդիական լուծում»։ Եկեղեցւոյ ճարտարապետն է Հայկ Մարտիկեան։

Կիրակի Մայիս 6-ին տեղի կ՛ունենար Ս. Մարիամ Մագդաղենացի Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ օծումը՝ ձեռամբ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։ Մինչ Հայրապետը կ՛օծէր աւագ սեղանը, եպիսկոպոսներ կ՛օծէին եկեղեցւոյ 16 սիւները։ Պատարագը կը մատուցանէր Գիւտ Արքեպիսկոպոս։ Վազգէն Հայրապետի քարոզէն առաջ կը կարդացուէր Հայրա-պետական Կոնդակը՝ ուղղուած Պելճիքայի Պոտուէն Ա. Թագաւորին, ուր յանուն հայ ժողովուրդին երախտագիտութիւն կը յայտնէր «որ Ձեր պետական իշխանութեանց բարի կամեցողութեամբ հնարաւոր դարձաւ եւ որուն կանոնական օծումը մեր ձեռքով կատարելու գոհունակութիւնը ունեցանք»։ Նոյն երեկոյեան պաշտօնական ճաշկերոյթի ընթացքին Վազգէն Հայրապետ իր բարձր գնահատանքը կը յայտնէր ներկայ պետական անձանց եւ եկեղեցական ներկայացուցիչներուն։ Պետական այցելութիւններ տալէ ետք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայիս 9-ին Փարիզի վրայով կը վերադառնար Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։

Ի յիշատակ Գիւտ Արքեպիսկոպոս Նագգաշեանի այստեղ կ՛արձանագրենք իր աննկուն կամքն ու յարատեւ աշխատանքը Եւրոպայի հնագոյն եւ նորագոյն հայ եկեղեցիներուն իսկական հովանաւորն ըլլալու պատիւը  եւ մանաւանդ անոնց գործնական նուիրեալ հոգեւորական հանդիսանալը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ