Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Սնունդ Ստանալ` Չհրաժարելով Սիրած Ուտելիքներէն

Ինչպէ՞ս ճիշդ սնանիլ` չհրաժարելով սիրած կերակուրներէն եւ չի չարչարուիլ «քալորի»-ներ հաշուելով: Այս մասին յայտնած է բրիտանացի սննդաբան Քերի Մեյճըր:

Մասնագէտին խօսքով, սնունդը կարելի է բաժնել հինգ հիմնական խումբի. բարդ ածխաջուրեր, սպիտակուցներ, պտուղներ եւ բանջարեղէն, կաթնամթերք, ճարպեր եւ իւղ: Ձեր սնունդը բարելաւելու համար բաւարար է ամէն օր ուտել նշեալ հինգ խումբի ուտելիքները` այնքան, որքան կը պահանջուի:

Ըստ սննդաբանին, բարդ ածխաջուրերով հարուստ սնունդի մէկ բաժինի չափը որոշելը շատ պարզ է. ատոր ծաւալը պէտք է համեմատելի ըլլայ բռունցքի չափի հետ: Նոյն կանոնը կը վերաբերի սպիտակուցներով հարուստ սնունդին: Աշխուժ ապրելաձեւի պարագային, բաժինը կարելի է քիչ մը աւելցնել:

Բանջարեղէնի մէկ բաժինը քանի մը բուռ է կամ ափսէի մը մէկ երրորդը, իսկ մէկ բաժին պտուղի միջին բաժինը մօտաւորապէս 80 կրամ է: Ամէն օր, ըստ մասնագէտին, պէտք է ուտել հինգ բաժին պտուղ կամ բանջարեղէն, նախընտրելի է` տարբեր: Ան յայտնած է նաեւ, որ ճարպի կամ իւղի մէկ բաժինը ձեռքի բութ մատի չափ է: Կաթնամթերքը կրնայ ներառուած չըլլալ իւրաքանչիւր ուտելիքի մէջ, բայց եւ այնպէս, օրական երկու-երեք բաժին պէտք է ուտել: Չափաբաժինը կախեալ է ուտելիքէն:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ