Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 13, 2024

Շաբաթաթերթ

Ի՞Նչ Կարելի Չէ Ընել Արեւու Այրուածքի Պարագային

Ամրան արեւու այրուածք ունենալու վտանգը քանի մը անգամ աւելի կ՛ըլլայ: Արեւու այրուածքը կարելի է նշմարել այն ախտանիշներով, որ յայտնի են մարդոց մեծամասնութեան՝ թեթեւ այրուածքի պարագային, այդ մորթի կարմրութիւն է, իսկ երբեմն ալ յոգնածութեան եւ գլխապտոյտի զգացում: Աւելի զօրաւոր (2-րդ աստիճանի) այրուածքի պարագային, կրնան բշտիկներ յառաջանալ:

Ընդհանրապէս, արեւու թեթեւ այրուածքը, որու պարագային զօրաւոր գրգռուածութիւն եւ բշտիկներ չկան, կ՛անցնի 3-5 օրուան ընթացքին, բայց աւելի լուրջ պարագաներու, վերականգնումի համար, 2 շաբաթ կը պահանջուի: Դիմադրողական համակարգը տկարացնող գործօնները, ներառեալ շաքարախտը, ճարպակալումը, ծխելը եւ արեան շրջանառութեան խախտումները, կրնան դանդաղեցնել ապաքինումը:

Յաճախ մարդիկ սխալ կը խնամեն այրած մորթը, ինչ որ կը դանդաղեցնէ ապաքինումի գործընթացը:

Ի՞նչ կարելի չէ ընել արեւու այրուածքի պարագային:

  • Կարելի չէ մորթին կաթնեղէններ քսել: Հարցը այն է, որ կաթնաթթուները եւ խմորեղէն ուտելիքները կրնան անկանխատեսելի քիմիական հակազդեցութիւններ ունենալ:
  • Կարելի չէ մորթին արեւածաղիկի, «քոքոնաթ»-ի կամ որեւէ այլ բուսական իւղ քսել: Անիկա կը ստեղծէ խիտ թաղանթ, ինչ որ կը խանգարէ ջերմափոխանակութիւնը, որու պատճառով այրած մորթը չի պաղիր, այլ, ընդհակառակը, աւելի կը տաքնայ: Այս բոլորը կրնան խորացնել գրգռումը եւ յանգեցնել ուռուցքի:
  • Մոռցէ՛ք թէյով, հում բանջարեղէնով եւ պտուղներով թրջոցներու մասին, որովհետեւ այրուածքի պարագային, անոնք կրնան «էլըրճիք» հակազդեցութիւններ յառաջացնել:
  • Չի յանձնարարուիր օգտագործել «սկրապներ» կամ այլ շերտազատող միջոցներ, որովհետեւ ատոնք կրնան աւելցնել գրգռումը: Ձգեցէ՛ք, որ ախտահարուած մորթը բնական ճամբով բուժուի:
  • Չի յանձնարարուիր բշտիկները ծակել: Բշտիկները՝ մինչեւ ախտահարուած մասերուն ապաքինումը, կը պաշտպանեն վարակէն:

Մի՛ մոռնաք նաեւ, որ արեւու այրուածքը, նոյնիսկ եթէ անիկա թեթեւ է, վնասակար է մորթին համար եւ կ՛արագացնէ ծերացումի գործընթացը ու կրնայ յանգեցնել քաղցկեղի: Ուստի աշխատեցէ՛ք մորթը պաշտպանել արեւէն։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ