Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Գանատահայ Թեմը

Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս
Նորահաստատ Գանատահայ Թեմը
1980 Նոյեմբեր 15-ի Սրբատառ Կոնդակը
Դոկտ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Սկիզբը

            Տ.Տ. Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ի շարս նորահաստատ թեմերու  Գանատահայ Թեմը եւս հաստատեց իր 1980 Նոյեմբեր 15 թուակիր Կոնդակով, զայն բաժնելով Ամերիկահայ Թեմի իրաւասութենէն, նկատի ունենալով հայութեան տասնեակ հազարներու հասնող թիւը դարու վերջին քառասնամեակին։ Հայրապետական Կոնդակի գրութեան տարին Գանատայի հայոց ընդհանուր թիւը կը հասնէր 80,000-ի։ 2020 թուի Նոյեմբերին լրացաւ քառասունամեակը Գանատահայ Հայրապետական Թեմի հաստատութեան։

            Գանատայի մէջ առաջին հայ համայնքը իր եկեղեցիով Սէնթ Գեթրինզ քաղաքի համայնքը եղած է զոր 1930 Նոյեմբեր 30-ին օծած է Ամերիկահայ Թեմի Առաջնորդ Տիրայր Արքեպիսկոպոս Տ. Յովհաննէսեան յանուն Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի։ Անցեալ Նոյեմբեր 30-ին լրացաւ օծման 90- ամեակը ապագայ Գանատահայ Թեմի առաջին եկեղեցւոյ։ 1950 թուականներէն սկսեալ մեծ թիւով հայեր Գանատա գաղթեցին Մերձաւոր Արեւելքէն, Յունաստանէն, Եգիպտոսէն եւ Թուրքիայէն, հաստատուելով գլխաւորաբար երկու մեծ քաղաքներու՝ Մոնթրէալի եւ Թորոնթոյի մէջ ուր կառուցին նաեւ իրենց եկեղեցիները։

Թորոնթոյի Համայնքը

            Գանատայի հայոց երկրորդ համայնքը գոյացաւ իր սեփական եկեղեցիով Թորոնթոյի մէջ ուր քաղաքի կեդրոնական մասի գլխաւոր պողոտային վրայ կառուցին Ս. Երրորդութիւն փոքրիկ եկեղեցին 200 ծուխ հաշուող համայնքին համար։ Եկեղեցւոյ օծումը կատարեց Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տիրան Արքեպիսկոպոս Ներսոյեան 1953 Դեկտեմբեր 5¬ին։ Քաղաքամիջի սոյն եկեղեցւոյ հովուութիւնը վարած է հաւատքով եւ մեծ նուիրումով Երուսաղէմի երիտասարդ միաբաններէն Ժիրայր վարդապետ Թաշճեան 1961-1975 տարիներուն որպէս առաջին մնայուն հոգեւոր հովիւը։

            Թորոնթոյի համայնքին յաջորդ հոգեւոր սպասաւորը եղաւ Մայր Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Յովնան վարդապետ Տէրտէրեան, որ տասնամեակէ աւելի ծառայութեան տարիներուն երիտասարդներ հաւաքելով իր շուրջը վերակերտեց համայնքը, եւ ապա ընտրուեցաւ երկրորդ Թեմակալ Առաջնորդը Գանատահայ թեմին, յաջորդելով 1990 թուին  յանկարծական մահուամբ վախճանեալ Վազգէն Արքեպիսկոպոս Քէշիշեանին։

            Յովնան վարդապետ 1990 թուին եպիսկոպոս կը ձեռնադրուէր Հայոց Հայրապետէն եւ ձեռնհասօրէն կը կատարէր թեմակալի իր բարձր պաշտօնը, երբ երկրորդ տասնամեակ մը եւ աւելի ծառայելէ ետք Գանատայի մէջ, Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմին Առաջնորդ ընտրուելով կը մեկնէր Լոս Անճելըս։ Քսանամեակ մը ետք միայն Թորոնթոյի համայնքը առանձինն կը հաշուէր 20,000 հոգի որոնց համար 1987 թուին ի նորոյ պիտի կառուցուէր ներկայ գեղակերտ եկեղեցին, քաղաքին կից Դարպասաքար արուարձանին մէջ, Գանատահայ թեմին անդրանիկ Առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպիսկոպոս Քէշիշեանի ջանքերով եւ ճարտարապետութեամբ Թագւոր Յոբեանի։ Նորակերտ եկեղեցին յանուն Սուրբ Երրորդութեան օծեց Նորին Սրբութիւն Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը 1987 Նոյեմբեր 15¬ին։ Տարի մը ետք Հայոց Հայրապետը արքեպիսկոպոսութեան տիտղոսը շնորհեց Վազգէն Եպիսկոպոսին որ առաջնորդական իր պաշտօնը վարեց Մոնթրէալի մէջ մինչեւ 1990ի իր վաղահաս վախճանումը, ուր հաստատուած է Թեմին առաջնորդարանը։

            Վազգէն Սրբազանը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մերօրեայ սաներէն էր, Երուսաղէմի Ընծայարանը աւարտած եւ Գահիրէի մայր եկեղեցւոյ մէջ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած Թեմի Առաջնորդ Մամբրէ Արքեպիսկոպոս Սիրունեանէ, եւ աւելի ուշ Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Առաջնորդ Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Մանուկեանէ հրաւիրուած՝ միանալու թեմի հոգեւորականութեան։ Առաջնորդ Սրբազանը Հայր Վազգէնին Ծայրագոյն վարդապետի աստիճանները տալով զինք կը նշանակէր Գանատայի եկեղեցիներուն որպէս առաջ-նորդական փոխանորդ, որմէ ետք ընտրուած է նորահաստատ թեմին անդրանիկ Առաջնորդը։ Եպիսկոպոս ձեռնադրուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ձեռամբ 1984-ին։

Մոնթրէալ՝ Թեմին Առաջնորդարանը

            Հինէն ի վեր հայեր բնակութիւն հաստատած էին Մոնթրէալի մէջ ցանցառ թիւով ուր այցելու հոգեւորականներ կ՛ուղարկուէին Միացեալ Նահանգներէն։ Վերջին շրջանին բաւական ժամանակ Մոնթրէալի մէջ յաջորդաբար ապագայ թեմը պիտի կառավարէին երեք առաջնորդական փոխանորդներ մինչեւ որ հասուն դարձաւ թեմի վերջնական հաստատումը Մայր Աթոռէն։

            Առաջինը անոնցմէ Վաչէ Եպիսկոպոս Յովսէփեան, որ Վազգէն Հայրապետէն եպիս-կոպոս ձեռնադրուեցաւ 1967 թուին, կատարեց հիմնական աշխատանք Մոնթրէալի կից  Ութրըմոնի մէջ 1970-ին գլխաւոր խաչմերուկի վրայ գտնուող Անկլիգան եկեղեցին Յունիս 22¬ի համաձայնագիրով գնելով ու զայն վերածելով ապագայ թեմի Մայր Տաճարը։ Սուրբ խորանի, բեմի, դասի, մկրտարանի եւ սրբապատկերներու ճարտար յաւելումներով, առաւել գոյութիւն ունեցող գունազարդ պատուհաններով, եկեղեցին Վաչէ Սրբազան Հօր ուշադիր    եւ ճաշակաւոր վաստակին դարձաւ Հայ Եկեղեցի, վերեւի յարկի լայն յարմարութիւններով, գրասենեակներով եւ դահլիճով, որոնք գործի լծուեցան յաջորդ թեմակալներու յարատեւ աշխատանքով, բոլորը միասին պատկառելի առաջնորդանիստ եկեղեցին դարձնելով զայն։

Մայր Տաճարի Օծումը

            Գանատահայ Թեմի առաջնորդանիստ Մայր Տաճարը օծուեցաւ յանուն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի 1970-ի Դեկտեմբերին, ձեռամբ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Շնորհք Արքեպիսկոպոս Գալուստեանի ու մասնակցութեամբ Ամերիկայի Թեմակալ Թորգոմ Արքեպիսկոպոսի եւ իր Փոխանորդ Վաչէ Եպիսկոպոսի։ Վաչէ եպիսկոպոս իր պաշտօնին վրայ մնաց մինչեւ 1971, երբ Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմին առաջնորդ ընտրուելով մեկնեցաւ Լոս Անճելըս։ Թորգոմ Արքեպիսկոպոսի տնօրինութեամբ իրեն որպէս առաջնորդական փոխանորդ յաջորդեց Զաւէն Ծ. Վարդապետ Արզումանեան որ երեք տարի պաշտօնավարեց, որուն օրով նորահաստատ Թեմին Կանոնագրութիւնը խմբագրուեցաւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոսի որոշմամբ եւ հսկողութեամբ Թեմակալ Առաջնորդ Թորգոմ Արքեպիսկոպոս Մանուկեանի։

            Հայր Զաւէնէն ետք, 1974 թուին, Արիս Եպիսկոպոս Շիրվանեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսէն եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն ստանալով, նշանակուեցաւ առաջնորդական փոխանորդ Գանատայի եկեղեցիներուն որոնք տակաւին ենթակայ կը մնային Ամերիկայի Հայոց Թեմին եւ առաջնորդութեան։ Արիս Եպիսկոպոսի ջանքերով կազմուեցաւ Համիլթընի նոր համայնքը 1975 թուականին, եւ տասնամեակ մը ետք համայնքը քաղաքին Մկրտչական եկեղեցին կրցաւ ծախու առնել, եւ բարեփոխումներ կատարելէ ետք օծել ձեռամբ Առաջնորդ Վազգէն Արքեպս. Քէշիշեանի՝ յանուն Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի։ Նոյն տարիներուն Վանգուվըրի մէջ եւս համայնք մը կազմուեցաւ ու 1984 թուին կարողացաւ տեղական եկեղեցի մը գնել զոր Վազգէն Սրբազան օծեց յանուն Սուրբ Վարդան Զօրավարին։ Այս էր Գանատայի հինգ եկեղեցիներով կազմական տարիներու վիճակը երբ Ամենայն Հայոց Հայրապետը Սրբատառ Կոնդակով կը հաստատէր Գանատայի Հայ Եկեղեցական Թեմը։ 

Գանատայի Թեմը Հաստատուած

            Ամենայն Հայոց Հայրապետը վերջնական որոշում առնելով զատեց Գանատայի հայ եկեղեցիները ու 1980 թուի յիշեալ Կոնդակով առանձին թեմ հռչակեց կեդրոն ունենալով Մոնթրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարը: Գանատայի առաջնորդանիստ վայրը կեդրոնացուց հայ համայնքը երբ ներքնայարկի սրահը կարգի դրուեցաւ եւ մշակութային ու կիրակնօրեայ յետ¬պատարագի հանդիպումներու վայելուչ վայր մը դարձաւ։ Բացուեցաւ նաեւ Յովսէփեան սրահը ի յարգանս Վաչէ Յովսէփեան Արքեպիսկոպոսին, ուր կիրակի օրուան պաշտամունքէն ետք հաւատացեալներ ընկերային ժամ մը կ՛անցընեն եւ կամ հոգեհանգիստներու առիթով հոգեսուրճ կը հրամցնեն։ Բացուեցան նաեւ գրադարանն ու առաջնորդարանի դահլիճը՝ Յովնան Արքեպիսկոպոսի օրով։ Չորս յաջորդական թեմակալ առաջնորդներ՝ Վազգէն Քէշիշեան, Յովնան Տէրտէրեան, Բագրատ Գալստանեան եւ ներկայիս Աբգար Յովակիմեան Սրբազաններ իրենց ժամանակներու պահանջներուն ընթացք տալով բարգաւաճ դարձուցին Գանատահայ թեմը, եւ երբ կը գրեմ այս տողերը որպէս երբեմնի առաջնորդական փոխանորդը Գանատայի թեմին, սերտ աջակիցը բոլորին եւ ականատես վկայ, գոհունակութեամբ կը բնորոշեմ անցնող ուղիղ հինգ տասնամեակներու յառաջընթացը թեմէն ներս։

1983-ի Առաջին Թեմական Ժողովը

            1983 Սեպտեմբեր 3¬ին գումարուեցաւ Գանատահայ Թեմի առաջին Թեմական Պատգամաւորական Ժողովը նախագահութեամբ Ամերիկահայ Թեմի Առաջնորդ Թորգոմ Արքեպս. Մանուկեանի Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ, ի ներկայութեան 32 պատգամաւորներու։ Ժողովը լսեց Հայրապետական յատուկ Կոնդակի ընթերցումը որով թեմը օրինաւորապէս հաստատուեցաւ։ Միեւնոյն ատեն նորակազմ թեմին Կանոնագրու-թիւնը, որ պատրաստ էր 1977 թուականին, Մայր Աթոռէն վաւերացուելով Թեմական Ժողովը որդեգրեց զայն ։

            Քահանայից դասը աւելցաւ նոր ձեռնադրութիւններով, Սարգիս քահանայ Կիւլեան (Միսիսոկա), Գեղարդ քահանայ Կարապետեան (Վանգուվըր), Տաթեւ քահանայ Մելենկիչեան (Սենթ Քեթրինզ), Զարեհ քահանայ Զարգարեան (Թորոնթօ), Վազգէն քահանայ Պոյաճեան (Մոնթրէալ), Կոմիտաս քահանայ Միրզախանեան (Լավալ), Նարեկ քահանայ Քիւթելեան, Շնորհք քահանայ Սուին, վերջին երկուքը յետոյ փոխադրուած Արեւելեան թեմ։

Ծուխեր եւ Հոգեւոր Հովիւներ

            Յիշեալ համայնքներէն զատ Յովնան Արքեպիսկոպոսի առաջնորդական տարիներուն նոր համայնքներ եւս կազմուեցան։ Սկզբնական շրջանին հաւատացեալներուն հոգեւոր կարիքները միշտ այցելու հոգեւորականներ կը հոգային, եւ սակայն թեմի հաստատումով առաջին երկու Թեմակալ Առաջնորդները Վազգէն եւ Յովնան Արքեպիսկոպոսներ տեղական ձեռնադրութիւններ կատարեցին, առաջինը երեք եւ երկրորդը յաւելեալ հինգ քահանաներ ձեռնադրելով։ Առանց եկեղեցական շէնքերու սեփականացման երկու համայնքներ կազմուեցան մայրաքաղաք Օթավայի Ս. Մեսրոպ, Միսիսոկայի Ս. Վարդան եկեղեցիներով, եւ Լավալի Ս. Խաչ եկեղեցին որ շուտով արժեքաւոր կալուած մը գնելով զայն մատրան վերածեցին եւ համայնքը ինքնաբաւ դարձուցին, մնայուն հոգեւոր հովիւով եւ յարակից մարմիններով։

Թեմին Յառաջընթացը

            Գանատահայ թեմը յառաջդիմութիւն արձանագրեց յատկապէս Յովնան եւ Բագրատ Սրբազաններու շրջանին, 1990-2014 տարիներուն, միջ¬համայնքային եւ միջ¬եկեղեցական յարաբերութիւններով եւ գործունէութեամբորոնց շնորհիւ կազմակերպուեցան Հայ Եկեղեցւոյ երիտասարդաց մարմինը, մարմնամարզական տարեկան ձեռնարկները, ուխտագնացութիւնները դէպի Հայրենիք, ՀԲԸ Միութեան Արմէն Քէպէք վարժարանի հետ սերտ յարաբերմութիւնն ու Թէքէեան Մշակութային Միութեան հետ գործակցութիւնը, բոլոր երեք հաստատութիւնները իրենց պատ-կառելի շէնքերով իրարու կից՝ Ալեք Մանուկեանի անունով կնքուած փողոցին վրայ։ Յովնան Արքեպիսկոպոսի առաջնորդութեան շրջանին, նոյնիսկ գիտաժողով-ներ տեղի ունեցան Մոնթրէալի մէջ որուն բերած եմ նաեւ իմ մասնակցութիւնը։ Որպէս հետեւանք գիտաժողովներուն շարք մը գիրքեր ալ հրատարակուեցան Թեմին կողմէ առաջին անգամն ըլլալով։ Ներկայիս Գանատահայ Թեմի Առաջնորդ Տ. Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեանի եւ Թեմական Խորհուրդի ղեկավարութեամբ թեմը կը պահէ իր կշիռը հոգեւոր եւ մշակութային մարզերէ ներս որպէս Հայրապետահաստատ Հայոց Թեմը ազգային եւ միջ¬եկեղեցական յարաբերութիւններով քառասուն տարիներէ ի վեր։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ