Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Եռօրեայ Ուխտագնացութիւն Ի Ֆրեզնօ

Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան Հինգշաբթի, 3 Յունիս 2021 թ. հովուական եռօրեայ ուխտագնացութեան մեկնեցաւ Ֆրեզնօյի շրջան: Նոյն օրը երեկոյեան Առաջնորդ Սրբազան Հօրը մեծ ուրախութեամբ եւ բարի գալուստի մաղթանքով դիմաւորեցան  Ֆաուլերի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւը, ծխական եւ յարակից մարմիներու անդամները:

       Ուրբաթ, առաւօտեան Ֆաուլերի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Եկեղեցւոյ մէջ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան հանդիպեցաւ Թեմի Տիկնանց միութեան անդամներու հետ, որմէ ետք` կէսօրին Սրբազան Հայրն ընկերակցութեամբ Թեմական խորհրդի նախկին ատենապետ և Գերագոյն Հոգեւոր խորհրդի նախկին անդամ Տօքթ. Վարուժան Ալթեբարմաքեանի, Ֆրեզնօյի հայագիտութեան ամբիոնի ղեկավար` Տիար Բարլո Տէր Մուղդէչեանի, հայագիտութեան ամբեոնի դասախօս Տօքթ. Սերխիո Լա Պորտայի, Ֆաուլերի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Կոմիտաս Քհնյ. Զoհրապեանի եւ Ֆրեզնօյի Սուրբ Պօղոս Հայց. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Եսայի Քհնյ. Պետրոսի` նշանակալից հանդիպում մը տեղի ունեցաւ` Ֆրեզնօյին մէջ Կալիֆոռնիայի Պետական ​​Համալսարանի նորանշանակ նախագահ Տօքթ. Սաուլ Խիմենէս-Սանտովալի  եւ անոր տիկնոջ՝ Տօքթ. Մարիանա Անագնոստոպուլոսին հետ:

      Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանն Իր շնորհաւորական խօսքին մէջ` ուղղուած  Համալսարանի նորանշանակ նախագահ Տօքթ. Սաուլ Խիմենէս-Սանտովալիին` ըսաւ. «Կը շնորհավորենք Ձեզ որպէս նորանշանակ նախագահ այս Համալսարանի եւ անչափ կը գնահատենք  Ձեր յարգանքը եւ հոգատարութիւնը հայ մշակոյթի և ժառանգութեան հանդէպ: Ձեր այցը Հայաստան տպաւորած է բոլորիս, եւ մենք կ’ակնկալենք, որ  առաջիկայ ամիսներուն եւ տարիներուն առաւել խորութամբ պէտք է` ամրապնդենք մեր հաստատութեանց հարաբերութիւնները»: Ի նշան երախտագիտութեան Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը Տօքթ. Խիմենես-Սանդովալին նուիրեց  Մեր Տէր և Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան պատկերը ներկայացնող հայ միջնադարեան մանրանկարչութեան արուեստի օրինակ մը:

      Իր յուզիչ պատասխան շնորհակալական խօսքին մէջ Տօքթ. Խիմենես-Սանտովալ նշեց, որ «Ֆրեզնօյի Համալսրանի հայագիտական ​​ծրագրին նպատակն է, որպէսզի ուսանողներուն և հասարակութեան առաւել  լայն շերտերուն ծանօթացնեն եւ տեղեկացնեն  հայոց պատմութեանը, լեզուին եւ մշակոյթին, եւ  մենք կը համարենք, որ ասիկա կարեւոր ծրագիրը մըն է մեր կրթութեան գործընթացքին  մէջ»:

     Այնուհետեւ այս հանդիպումէն ետք սկիզբ առաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր հովուական եռօրեայ այցելութեան ծրագրի յաջորդ հատուածը:

ՍՈՒՐԲ  ՊԱՏԱՐԱԳ, ԴՊՐԱԿԱՆ ԵՒ ՍԱՐԿԱՒԱԳԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ ՖԱՈՒԼԵՐԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ` Ի ՏՕՆԻՆ ՍՐԲՈՅՆ ԳՐԻԳՈՐԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻՆ ՄԵՐՈՅ ԵԼՆ Ի ՎԻՐԱՊԷՆ

     Ֆաուլերի հայ համայնքի կեանքին մէջ Շաբաթ, 5 Յունիսի առաւօտը սկսուեցաւ հոգեւոր եւ նշանակալի իրադարձութիւններով: Առիթը եզակի էր, քազնի օրուան պատարագիչը Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ` Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանն էր: Առաւօտէն սկսած Եկեղեցւոյ կամարներէն նէրս մեկտեղուել էին բազում հայորդիներ, որպէսզի մասնակիցը դառնային օրուան ընթացքին կատարուելիք  հոգեզմայլ եւ սրբազան արարողութեանց: Արարողութեանց ներկայ էր նաեւ Ֆաուլերի ծուխի երկարամեայ եւ վաստակեալ հոգեւոր հովիւ` Տ. Գեւորգ Ավ. Քհնյ. Առաքելեանը:

     Յընթացս Սուրբ եւ Անմահ  Պատարագին ձեռամբ` Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի եւ խարտաւիլակութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Զօհրապեանի  տեղի ունեցաւ չորս դպիրներու եւ երկու սարկաւագներու ձեռնադրութիւն,  ներկայութեամբ՝ անոնց հարազատներուն եւ հաւատացելոց հոծ  բազմութեանց: Աստուածային օրհնութեամբ եւ շնորհներով լցուած դպրաց եւ սարկաւագաց ձեռնադրութեան ընթացքին` աղօթքներով, սաղմոսներով եւ շարականներու երգեցողութեամբ դպրութեան չորս խոնարհ աստիճանները  շնորհուեցան եկեղեցւոյ մէջ սպասաւորող չորս փոքրիկներուն` Անթընի Զօհրապեան, Ճէք Քրոլեյին, Տիլըն Քրոլեյին եւ Տասթըն Վարդանեան:

          Այնուհետեւ սարկաւագութեան երկու ընծայացուներ ծնկաչոք խորան բարձրացան եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր օրհնութիւնը ստանալով խորհրդանշական կերպով իրենց  յանձնուեցաւ քահանայական զգեստ, Պատարագի խորհրդատետր, սկիհ եւ մաղզմայ բռնելու իրաւունք, ապա անոնց տրուեցաւ վերաբերում կատարելու եւ Աւետարան ընթերցելու իրաւունք: Սարկաւագութեան պաշտօնը ստանալով նոր ձեռնադրուած սարկաւագներ` Անտրու սրկ. Յակոբեան եւ Գրեգըրի սրկ. Զօհրապեան իրենց ուրարները փոխադրեցին իրենց ուսերուն:

        Արարողութեան աւարտէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Իր խօսքն ուղղեց նոր ձեռնադրուած դպիրներուն եւ սարկաւագներուն` նշելով, որ  այս սրբազնասուրբ խորհրդի եւ ձեռնադրութեան միջոցաւ կարեւոր կոչումի մը արժանացան անոնք, որ է առաւել ջանասիրութեամբ եւ նուիրումով ծառայել եկեղեցուն եւ մեր ժողովուրդին: Այնուհետեւ Սրբազան Հայրը`  խօսքը ուղղելով ծուխի հոգեւոր հովիւին եւ  հաւատացեալ ժողովուրդին Իր հայրական խրատները, սերն ու օրհնութիւնը բաշխեց անոնց:

       Պատարագի աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը,  Քահանայ հայրերը, նոր ձեռնադրուած սարկաւագները, դպիրներն ու հաւատացեալ ժողովուրդը «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ` թափօրով միասնաբար ուղղուեցան դէպի  Եկեղեւոյ հարկէն ներս նոր բացուած «Ահարոնեան» թանգարան, ուր Սրբազան Հայրը կատարեց օրհնութեան եւ բացման կարգ:

       Ի նշանաւորումն այս օրուան խորհրդի եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ուխտաբար կատարած այցելութեան, տեղի ունեցաւ նաեւ Մատաղի արարողութիւն եւ ներկայ բոլոր հաւատացելոց մատաղ բաժնուեցաւ: Սրբազան Հայրը Իր գնահատանքը փոխանցեց ծուխի հավատացեալներուն իրենց նուիրումի, հայապահպանման, ինչպէս նաեւ սիրալիր հիւրընկալութեան համար: Որմէ ետք Սրբազան Հայրը յաջողութիւն մաղթելով եւ հրաժեշտ տալով ամենուն  ճանապարհուեց դեպի Պըրպէնք` Առաջնորդարան:

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ