Կիրակի, Հոկտեմբեր 6, 2024

Շաբաթաթերթ

Արեւմտեան Թեմէն Ներս Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի Տօնը

       Կիրակի, Յունիս 6-ին` Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմէն ներս մեծ շուքով նշուեցաւ Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը:

      Հանդիսապետութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի,  հաւատացելոց հոծ բազմութիւնը մասնակիցը դարձաւ Պատարագի սրբազան արարողութեանը Պըրպէնքի Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ: Օրուան Պատարագիչն էր Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան եպս. Յակոբեանը, ով այս օրերուն հիւրաբար կը գտնուէր Արեւմտեան Թեմէն ներս:

     Յընթացս Սրբոյ Պատարագի, Հայր Մերէն առաջ կատարուեցաւ Հայրապետական Մաղթանք,  որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայր` Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանն Իր սրտի խօսքն ուղղեց ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին` ըսելով. <<Սիրելի բարեպաշտ հայորդիք` ի Հայաստան, ի Արցախ եւ ի Սփիւռս աշխարհի, այսօր Հայց. Առաքելական Մեր Սուրբ եկեղեցին կը տօնախմբէ Կաթողիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը: Այս տօնը իւրաքանչիւր հայ քրիստոնեայի կեանքի մեծագոյն տօներէն մէկն է: Մենք բազում  առիթներով մեր մաղթանքներու, քարոզներու եւ պատագամներու մէջ շեշտը դրած ենք` ընդգծելով Ս. Էջմիածնի խորհրդի կարեւորութիւնը մեր հոգեւոր կեանքէն ներս, բայց մանաւանդ այս օրերուն, մենք առաւել եւս պետք ունինք Լուսաւորչի տեսիլքով զգալու Աստաուածորդու ներկայութիւնը`  մեր հոգիներէն ներս, մեր հոգին դարձնելով այն պարարտ հողը, ուր Աստուածորդին Ինքը պիտի իջնէ եւ հոգեւորապէս նաեւ պայծառակերպէ, լուսակերպէ մեր կեանքը, որպէսզի մեր կեանքի ողջ ընթացքին քայլենք Աստուծոյ խօսքի համաձայն:

       Մենք ուրախ ենք նաեւ, որ այսօր մասնաւոր կերպով Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի այս Սուրբ խորանին վրայ Ս. Պատարագ կը մատուցանէ  Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէն, Մայր Հայրենիքէն հիւրաբար մեզ այցելած Գերաշնորհ Տ. Յովնան եպս. Յակոբեանը, ով  Վեհափառ Հայրապետի յատուկ տնօրինումով ամիսներէ ի վեր յանձն է առած Գուգարաց Թեմի առաջնորդութեան բարձր եւ պատասխանատու պաշտօնը, հովուելու  եւ առաջնորդելու համար Գուգարաց Թեմի հաւատացելոց հոգեւոր կեանքը, այն նոյն նախանձախնդրութեամբ եւ ոգով, որ Ինքը դրսեւորեց Մայր Աթոռի Լուսարարապետութեան Իր պաշտօնավարումի ընթացքին: Մենք միշտ աղօթող ենք, մեր սիրեցեալ եղբոր` Յովնան եպս. Յակոբեանի քաջառողջութեան եւ իր առաքելաշաւիղ հոգեւոր ընթացքի համար, որպէսզի երկար տարիներ շարունակէ իր ծառայութիւնը Մայր Հայրենիքէն ներս` օրհնութիւն, լոյս եւ նոր շունչ բերելու համար մեր հաւատաւոր զաւակաց հոգեւոր կեանքին մէջ, քանզի ինչպէս այս օրերուն, հայ ժողովուրը շատ անգամներ  եւս քայլած է այս նոյն Գողգոթայի ճանապարհով, բայց երբեք ու երբեք չէ տկարացած իր հաւատքին կեանքին մէջ>>:

       Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրն իր բարեմաղթանքներն ուղղեց  Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի <<Փոքրիկ Հրեշտակներ>> շաբաթօրեայ վարժարանի  այս տարուան շրջանաւարտներուն, տնօրենութեանը` ի դէմս Բրշ. Յովհաննէս Սրկ. Գումրոյեանի, ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ բոլոր ներկաներուն` ըսելով. <<Սիրելի աշակերտներ, Ձեր կեանքի մէջ քիչ անգամներ կը պատահի, որ շրջանաւարտները իրենց վկայականները  ստանան Ս. Էջմիածնի տօնի օրը, եւ այսօր ներկայութեամբ մեր հոգեւոր դասի, առատ մաղթանք եւ բիւր օրհնութիւն պիտի բաշխենք Ձեզ, որպէսզի Ձեր կեանքին մէջ մշտապէս լաւագոյնին եւ կատարեալին ձգտէք, քանզի որպէս պատանի, երիտասարդ աշակերտներ այսօր Ձեր առաջին քայլերը կը կատարէք եւ դեռ շատ ճանապարհներ եւ ուղիներ ունիք անցնելու եւ սովորելի, եւ ինչպէս Ս. Մեսրոպ Մաշտոց կը հաստատէ.<< Յամենայն ժամ ուսանիմ եւ ի գիտութիւն ճշմարտութեան ոչ հասանեմ>>, այս խօսքերը  մեզի կը ստիպեն մտածելու, որ մարդ էակը եւ մենք բոլորս` մեծ թէ փոքր, դեռ ինչքա~ն  բան ունինք սովորելիք այս կեանքում, դեռ ինչքա~ն գիտելիքներ  պիտի ամբարենք: Սակայն իմ շատ սիրելի աշակերտներ, Դուք մանաւանդ այստեղ` Հայաստանէն շատ հեռու գտնուելով` Հայաստանը միշտ Ձեր սրտին մէջ պէտք է ունենաք, ուխտելով` մշտապէս մնալու հայ քրիստոնեայ, սիրելու մեր Հայրենքը` Հայաստանը, սիրելու Հայոց լեզուն, Հայոց Պատմութիւնը, դառնալու մեր ազգին պատիւ եւ պարծանք բերող զաւակներ: Հետեւաբար այսօր այս տօնական եւ նշանակալի օրուան առիթով մենք Սրբազաններով եւ Քահանայ հայրերով, տնօրէնով, ուսուցիչներով, Ձեր ծնողներով եւ ներկայ ժողովուրդի հետ միասին կը շնորհաւորենք Ձեզ, Ձեր ուսերուն դնելով նաեւ նոր պարատականութիւններ, որպէսզի առանց տկարանալու շարուանակէք քայլել մեր հայրերու հաւատքի կեանքով` մշտապէս Ձեր կեանքէն ներս ունենալով հոյսի եւ լոյսի ներկայութիւնը>>:

       Ապա շրջանաւարտները Առաջնորդ Սրբազան Հօր հետ միասնաբար արատասանեցին հայ աշակերտի ուխտադրութեան հոգեզմայլ այս աղօթքը.

<< Աստուած իմ, օրհնէ մեզ,

Առաջնորդէ մեզ, որպէսզի ապրենք Քրիստոնէական հաւատքով,

Մեր Հայրերու սիրով, Հայրենական շնչով,

Սիրելու համար մեր Հայոց Լեզուն, Հայոց Պատմութիւնը,

Պահել պահպանելու համար մեր ազգի սուրբ աւանդոյթները:

Մենք խոստանում եւ ուխտ ենք կատարում,

Որ մեր բովանդակ կեանքով պիտի դառնանք օրինակելի հայ երիտասարդներ,

Եւ ինչպէս մեր ծնողները մենք եւս  Աստծոյ կամօք ընտանիքներ կազմելով,

Մեր զաւակներուն պիտի փոխանցենք մեր նախնեաց հաւատքի կեանքի օրինակը,

Հայրենասիրութիւնը եւ նաեւ ազգին նուիրումը:

Այսօր` Ս. Էջմիածնի տօնին մեր հոգիները կը բանանք, որպէսզի

 Լուսաւորչի հաւատքով եւ տեսիքով, դառնանք նոր մարդ եւ նուիրուած հայ:

Օրհնէ մեզ, օրհնէ մեր ծնողները, մեր տնօրէնութիւնը, մեր ուսուցիչները,

Մեր սիրելի Հայրենիք` Հայաստան Աշխարհը եւ

Սրբութիւն Սրբոց` Ս. Էջմիածինը: Ամէն>>:

       Ապա Առաջնորդ Սրբազան Հայրը` Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւս մէկ անգամ յղեց Իր շնորհաւորական մաղթանքները, որմէ ետք Պատարագիչ Յովնան եպս. Յակոբեանին հետ միասնաբար օրհնութեան կարգ կատարեցան շրջանաւարտ աշակերտներու համար:

       Այնուհետեւ օրհնութեան կարգը կատարելէն յետոյ, Պատարագիչ Սրբազան Հայրը տօնի խորհուրդի համաձայն հաւուր պատշաճի քարոզ խօսեցաւ:

       Կիրակի, 6 Յունիս, Կաթողիկէ Ս. Էջմիածնի Տօնը մեծ շուքով նշուեցաւ Արեւմտեան Թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս` յաւարտ Ս. Պատարագի կատարելով նաեւ Հայրապետական Մաղթանք:

Դիւան Առաջնորդարանի
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ