Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ

Մարիժան Չավտարեան-Քէօշկէրեանի Մահուան Առիթով

(1925-2021)

Երեքշաբթի, Մայիս 31, 2021-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան պատճառով, 96 տարեկանին մեզմէ յաւէտ բաժնուեցաւ գորովագութ եւ ամբողջանուէր մայր մը, մեծ մայր մը եւ մեծ մեծ մայր մը, Մեծ Եղեռնէն ազատած Ստեփան եւ Զապէլ Չավտարեանններուն առաջին զաւակը՝

Մարիժան Չավտարեան-Քէօշկէրեան

խոր սուգի մատնելով իր չորս պատուաբեր զաւակները, Զաւէնին, Նորային, Սիմոնին եւ Յակոբին հանդերձ ընտանեօք եւ զաւակներով, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով հաճընցիներուն եւ ծանօթներուն։

Հանգուցեալ Մարիժանը ծնած է Պէյրութ, 19 տարեկանին կ՚ամուսնանայ Մեսրոպ Քէօշկէրեանի հետ եւ կը բախտաւորուին չորս զաւակներով, իրենց ամուսնութենէն հազիւ տասը տարի ետք, ինքնաշարժի արկածով Մարիժանը կը կորսնցնէ իր ամուսինը, անդրանիկ զաւակը հազիւ 8 տարեկան հասակին։

Հանգուցեալը հաւատքով յոյսով եւ մշտատեւ աղօթքներով զօրացած՝ լծուեցաւ իր զաւակներուն հոգատարութեան գործին, անոնց բարեկեցիկ կեանք մը պարգեւելով, շատ լաւ ուսում եւ դպրոցներ ղրկելով։

Հանգուցեալ Մարիժան գործօն անդամ էր Հաճընի Հայրենակցական Միութեան եւ Հաճըն թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ։

***

Ուրբաթ, Յունիս 11-ին տեղի ունեցաւ Ողբ. Մարիժանի յուղարկաւորութեան տան կարգը Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Պըրպէնքի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ, նախագահութեամբ՝ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, ապա թաղման կարգը կատարուեցաւ Hollywood Hills-ի Forest Lawn, գերեզմանատան մէջ, որմէ  ետք սգակիրներէն ոմանք անցան Կլենտէյլի Ռէնէնսաս փառաշուք սրահը հանգուցեալի հոգիի խաղաղութեան համար տրուած հոգեճաշին։

Հոն խօսք առին հանգուցեալի զաւակը Տոքթ. Սիմոն Քէօշկէրեան, թոռնիկը Տոքթ. Շանթ Բժիշկեան, թոռնիկները Թալին եւ Մարի Քէօշկէրեան եւ ծանօթներէն խնամակալ Թամարա Մալխասեան։

Այս տխուր առիթով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք թերթիս ջերմ բարեկամներէն, ազգային հասարակական բեղուն գործիչներ հանգուցեալի զաւակներուն՝

Տէր եւ Տիկ. Զաւէն եւ Անէթ Քէօշկէրեան եւ զաւակունք

Բժիշկներ Տէր եւ Տիկ. Սիմոն եւ Ծովինար (Թէքէլեան) Քէօշկէրեան եւ զաւակունք

Տէր եւ Տիկ. Յակոբ եւ Մակի Քէօշկէրեան եւ զաւակունք

Տէր եւ Տիկ. Վահիք եւ Նորա  Բժիշկեան եւ զաւակունք

եւ բոլոր հարազատներուն եւ բարեկամներուն։

«Իսկ աննշան եթէ մնայ

Երկրի մէկ խորշը կողակոյտն իմ,

Եւ յիշատակս ալ թառամի

Ա՜հ այն ատեն ես կը մեռնիմ»

Թող ողբացեալ Մարիժան մայրիկին յիշատակը յաւերժ ապրի բոլոր հարազատներուն եւ ծանօթներուն սիրտերուն ու հոգիին մէջ։

«Նոր Օր» Երկլեզու Շաբաթօրեայ Պաշտօնաթերթ
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ