Կիրակի, Նոյեմբեր 3, 2024

Շաբաթաթերթ

Ի՞նչ Խաղ Վերապահած Է Փութին

Ian Bremmer
Թարգմ.՝ ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Վլատիմիր Փութին ինքնազօրացումի իր վերջին փորձերը կը կատարէ, լրացուցիչ հպումները տալով վաճառանիշային իր կեղծ ժպիտին։ Մինչ Ճօ Պայտըն կը պատրաստուի իր առաջին հանդիպումին Ռուսական Դաշնութեան նախագահին հետ, Յունիս 16-ին, Ժընեւի մէջ։ Ասիկա առիթը կ՚ընծայէ դիմացը նստելու Ռուսաստանի մեծ նեմեսիսին՝ Միացեալ Նահանգներուն։ Լուսանկարուելու ատեն կը ժպտի իբրեւ հաւասարի, բայց անկէ անդին, արգելափակումի կ՚ենթարկէ, ինչպէս՝ ճակատագիրը, գործօն  ընդդիմադիր Ալեքսէյ Նավալնիի։ Cyber attack-ի կ՚ենթարկէ Մ. Նահանգները, բայց կը մերժէ այդ մասին խօսիլ, եւ արհամարհող կերպով կը պնդէ Ռուսիոյ տեսակէտին վրայ՝ աշխարհի հանդէպ։

Պայտընի համար աւելի նուազ հետաքրքրական կարելիութիւններ կան։ Եօթներու գագաթի ժողովին, իր դաշնակիցներուն հետ հանդիպելէ ետք միայն, պիտի տեսակցի Փութինի հետ. այս ձեւով կը յուսայ, արեւմտեան դաշնակցութեան վրայ, ամերիկեան առաջնորդութեան յաղթական վերահաստատումը։ Դժուարին հարցերը պիտի վերապահուին, փակ դուռերու ետին կատարուելիք խորհրդակցութեանց։ Իսկ նկարիչներու ներկայութեան ժպիտները առատ պիտի ըլլան։

Անշուշտ, ժպիտներու տեսարանին Փութին պիտի բացակայի, որովհետեւ Ռուսիոյ կողմէ Խրիմի կցումը առաջնորդեց Ռուսաստանի վտարումին G 7-ի գագաթի ժողովներէն, հակառակ Տանըլտ Թրամփի ճիգերուն, որպէսզի շարունակէ մաս կազմել մեծերու խմբակին։

Փութինի հետ հանդիպումի ատեն, հաւանականօրէն Պայտընի միտքը պիտի երթայ բարձրացող ուժի մը, զոր տեմոքրաթները եւ հանրապետականները իրենց ամէնէն կարեւոր հակառակորդը պիտի նկատեն։ Ատիկա ոչ թէ Ռուսական Դաշնութիւնն է, այլ՝ Չինաստանը, որ մեծագոյն մարտահրաւէրը կը ներկայացնէ ամերիկեան զօրութեան բարգաւաճման։ Չինաստանը ուռճացող արուեստագիտական (technological) ուժն է։ Չինաստա՛նը եւ ոչ թէ Ռուսիան, համաշխարհային իրական ազդեցութիւն ունի, ու շատ աւելի կարեւոր է ամերիկեան տնտեսութեան համար։

Ռուսաստանը տակաւին մաքառումի մէջ է Խորհրդային Միութեան անկումով։ Անիկա կրնայ միջամուխ ըլլալ, լուսանցքի վրայ, Ուքրանիոյ մէջ։ Սակայն սպառնալիքները լման արշաւելու ու գրաւելու համար 44 միլիոնէն աւելի բնակչութիւն հաշուող երկիր մը, հաւատալի չէ։ Նման հսկայ փորձ մը, նիւթական կեանքի ծանր կորուստներ պիտի պատճառէ, յամրընթաց (chronically weak) հիւանդութիւն ունեցող երկրի մը տնտեսութեան համար։

Ներկայ օրերուն, Պելառուսի գոյավիճակը վերջնագոյն օրինակն է ռուսական պահանջին՝ հիմնական փոփոխութեանց ենթարկելու երկիրը, բողոքողներուն վրայ կրակելով, հակակշռելու համար ժողովուրդը։

Մոլտովայի նախագահական վերջին ընտրութեանց, Հարվըրտէն շրջանաւարտ տնտեսագէտ մը յաղթանակեց, ձախողցնելով Քրեմլինի թիկունքը վայելող թեկնածուն։ Անցեալ տարի (աշնան) Թուրքիոյ օժանդակութեամբ, Ատրպէյճան զինուորական նուաստացուցիչ պարտութեան մատնեց Ռուսաստանի դաշնակից Հայաստանին, Նակորնօ Ղարաբաղի մէջ, որ ատեն մը կը գտնուէր Ռուսիոյ ազդեցութեան տակ։ Փեքին, աճողաբար, կը ձգտի իր ազդեցութիւնը բարձրացնել Մոսկուայի մօտ։

Այս օրերուն, Ռուսաստան աւելի զօրաւոր չէ իր սահմաններէն ներս։ Տնտեսութիւնը ժանգոտած է։ Տարիներէ իվեր, հակառակ ազդարարութիւններու, թէ կլիմայական փոփոխութիւններ, ինչպէս նաեւ ներդրումներ green energy-ի մէջ, երթալով կախեալ պիտի մնան hydrocarbon-ներու եկամուտներէն, Ռուսաստան մնաց իր ընթացքին վրայ։

Քարիւղի գիները երբ բարձրացում կրեցին 2001-էն 2008 տարիներուն, Ռուսաստանի տնտեսութիւնը տարեկան 6.5 առ հարիւրի յաւելում մը կրեց։ Սակայն, 2012-19, Մ. Նահանգներու մէջ երբ քարիւղը աննախընթաց արտադրութիւն արձանագրեց, ռուսական տնտեսութիւնը խոր անկում կրեց, իջնելով մէկ առ հարիւրի։ Covid-19-ի համաճարակը աւելի նեղութեան մատնեց Ռուսաստանը։ Այսուհանդերձ, քարիւղն ու կազը երկրին արտադրութեան տակաւին 60 առ հարիւրը կը կազմեն, իսկ 40 առ հարիւրը անոր եկամուտներուն։

Արտաքին քաղաքականութեան մէջ՚ Ռուսաստանի միջամտութիւնը, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ, եւ անոր հիւլէական զէնքերը, մոռցնել կու տան, թէ անոր տնտեսութիւնը Քանատայէն նուազ է, իսկ Քալիֆորնիոյ Նահանգի արտադրութեան՝ կէսէն քիչ մը աւելի։

Այս ըսել չէ թէ Ռուսիա չի կրնար նեղութիւն յարուցանել Մ. Նահանգներուն, մանաւանդ Cyberspace-ի բնագաւառէն ներս։ Երկու կառավարութիւններն ալ ունակութիւնն ունին օրն իբուն թիրախ դարձնելու այլազան բնագաւառներ։ Սակայն ռուսական կազմակերպուած մաֆիաի աճող գործունէութիւնները ամերիկեան ընկերութեանց հանդէպ, սկսած է մեծ մտահոգութիւն պատճառել, ռուսական այդ ոճրային խմբակները վերջերս թիրախ դարձուցած են միսի փաթեթի Ամերիկայի մեծագոյն ընկերութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ քարիւղի մեծագոյն խողովակաշարի գործունէութիւնը։

Ըստ Պետական Քարտուղար Էնթընի Պլինքընի, ամերիկեան խնամակալութիւնը կը փափաքի աւելի կայուն ու գուշակելի յարաբերութիւն մը մշակել Ռուսաստանի հետ։ Այդ նպատակով ալ, Ամերիկայի նախագահը, անցեալ ամիս, հրամայեց վերացնել պատժամիջոցները հանդէպ ռուսական ընկերութեան մը, որ կառուցելու վրայ է վիճելի ռուսական կազի խողովակաշար մը դէպի Եւրոպա։ Եւ ինչո՞ւ Սպիտակ Տունը կ՚ուզէ այս հանդիպումը Փութինի հետ։

Այս նախաձեռնութիւնները կը միտին քաջալերել Փութինը, որ ստեղծէ նուազ փորձանքներ, որոնք կը խանգարեն Պայտընը եւ Ամերիկայի եւրոպական կաշնակիցները։ Աւելի հիմնական մարտահրաւէրը կու գայ Չինաստանէն, այնպիսի պահու մը, որ ըստ Պայտընի ասիական հարցերու խորհրդատու Քըրթ Քեմպէլի, «կռիւը (engagement)» Չինաստանի հետ վերացած է։ Այսպիսով Պայտըն նուազ ռուսական գլխացաւեր կ՚ունենայ, իսկ Ռուսաստանը՝ տնտեսական թեթեւացում (relief)։

Սակայն չակնկալէք, որ Պայտըն ու Փութին պիտի ձեւացնեն թէ ուրախ են այս հանդիպումին համար։ Սակայն անցեալ Մարտին, Պայտըն հեռատեսիլով մէկ տեսակցութեան կը յայտնէր, թէ Փութին «սպաննող» մըն էր։ Այս վերջինը, դիւանագիտական իր պատասխանին մէջ, «գիտեմ որ դուն այդպէս ես, սակայն ես ի՞նչ եմ», եւ Ուաշինկթըն, իր դեսպանը տուն կը կանչէր։ Այս ամսուան սկիզբը, Փութին դիտեց Յունուար 6-ի ցուցարշաւը  Ուաշինկթընի վրայ, ամերիկացի ղեկավարները ամբաստանելով կեղծաւորութեամբ, երբ կը քննադատեն ուրիշ երկիրներու մէջ ցոյցերու զսպումը։ Պայտըն պիտի արծարծէ նպատակադրուած իր հարցերը, ու պիտի հակադարձէ Փութինի երկմտութեան (diffidence) նոյնանման կեցուածքով։

Սակայն, եթէ Փութին յաջողի ունենալ Պայտընի հետ դէմ դիմաց նստած լուսանկարը՝ Ամերիկայի 5-րդ նախագահին հետ, եւ եթէ յաջողութիւն արձանագրէ կարգ մը կարեւոր կէտերու շուրջ թերեւս կարենայ դրական առաջարկութիւն մը ընել, որը իր կարգին կրնայ առաջնորդել տնտեսական դիւրակեցութեան մը Ռուսաստանի հանդէպ։ Թերեւս խոստում մը՝ Ուքրանիոյ հարցին դիւանագիտութեամբ լուծում մը գտնելու, կամ Cyber-ի փոխադարձ գործածութիւնը առկախելու մինչ յաջորդ հանդիպում, երբ Մ. Նահանգներ – Ռուսաստան փոխյարաբերութիւնները ընդգրկեն աւելի հարաւային շրջանները։

«Թայմ» շաբաթաթերթի Յունիս 28, 2021-ի թիւ
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ