Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

101 Տարիքին Շիջեցաւ Չերչեան Ընտանիքի Նահապետ՝ Տիգրան Չերչեանը

ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

   Տարիներ առաջ Պէյրութ այցելած թուրք արուեստագիտուհիի մը փորձած էի համոզել, թէ հայ մը բնաւ պէտք չունի 1915-ի դէպքերու մասին ընթերցում կատարելու, պարզ այն պատճառով որ ան անպայմանօրէն ունի այդ թուականին առնչուող ընտանեկան պատում մը, փոխանցուած մեծ մօր մը կողմէ։  Աւելին, այդ պատմութիւններուն մէջ անպայմանօրէն ալ կային, զոհերու կողքին, անհետ կորած ընտանեկան անդամներու անուններ։  Անուններ որոնք կը մնային անդիմագիծ եւ հազուագիւտօրէն ալ փնտռուած եւ գտնուած մը։

   Վերի մտորումները ունեցանք երբ ստացանք ալեւոր տարիքին, 101 տարեկանին շիջած Նիւ Եորքի հայութեան նահապետը նկատուող Տիգրան Չերչեանի մահուան գոյժը։ Տիգրան Չերչեան որդին է պոլսեցիներուն ծանօթ դաստիարակ, համայնքային գործիչ՝ կեսարացի արմատներով Յակոբ-Վահրամ Չերչեանին (1888-1975)։  Վահրամ Չերչեանի անունը կ՚առնչուի ընդհանրապէս Ռոպէրթ Գոլէճի (ներկային Պօղազիչի համալսարան) եւ բազմաթիւ այլ տեղական թէ հայկական վարժարաններու թուաբանութեան եւ գեղագրութեան ուսուցիչ, եւ  մասնակցութեամբ Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր եւ նախագահ՝ Աթաթիւրքի եւ մեծանուն  Յակոբ Մարթայեան-Տիլաչարի գլխաւորած լատինական տառերու որդեգրումի շարժումին, պատրաստելով գեղագիտական տետրեր։  Նոյն տարիներուն ան յղացած եւ պատրաստած է նաեւ Աթաթիւրքի հանրածանօթ ստորագրութիւնը։

   Տիգրան Չերչեան ծնած է 1920-ին Նիւ եորքի մէջ եւ փոքր տարիքին ընտանեօք փոխադրուած Պոլիս։  Ստացած բարձր ուսումը եւ լեզուական հմտութիւնը բարձր պաշտօններ ապահոված էին իրեն ամերիկեան «Ունիրուայալ» ընկերութեան մէջ եւ ան բարձրացած է մինչեւ միջին արեւելքի երկիրներու ընդհանուր ներկայացուցիչի պաշտօնին։  1967-1970 տարիներուն, ապրած է Պէյրութ եւ հօրը այցելութիւնը պատճառ դարձած է, որ վերագտնէ հարազատ զարմիկ մը՝ յանձինս Օննիկ Չերչեանի։  Հաստատուած ջերմ կապերը դժբախտաբար կը փրթին 1975-ին լիբանանի չարաղէտ պատերազմի սկզբնաւորումով, ինչպէս նաեւ անոր հօր՝ Վահրամի մահուան պատճառով։  Պաշտօնի բերմամբ անցած է այլ երկիրներ եւ 1990-ին վերջնական կայք հաստատած Նիւ Եորք, ուր կ՚ապրէր իր երկու զաւակներուն՝ Ռաֆֆիի, Շանթի եւ միակ թոռնիկին՝ Անթուան-Անդրանիկին հետ։ Ան Նիւ Եորք հաստատուելէն ի վեր եղած է Սրբոց նահատակաց վարժարանի, եկեղեցւոյ դպրաց դասին եւ Կոմիտաս երգչախումբին սիւներէն, միշտ ներկայ գտնուած՝ վարժարանի հանդէսներուն եւ Կոմիտաս երգչախումբի փորձերուն եւ բոլորին կողմէ սիրուած «մեծ հայրիկ»ը եղած է։

   2017 թուականին Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց վարժարանի նախկին տնօրէնուհի՝ Զարմինէ Պօղոսեանի գրած «Դպրաց դասի մեր եկեղեցւոյ նահապետը՝ հպարտ Կոմիտասականը» խորագրեալ յօդուածը ուշադրութիւնը կը գրաւէ իր հօր Պէյրութաբնակ զարմիկին՝ Օննիկ Չերչեանի դստեր՝ Վերժին Չերչեան-Աբրահամեանի։  Այս անգամ ալ հակառակ կողմէն կատարուած փնտռտուքը սկիզբը կը դառնայ իր վերջալոյսի տարիներու երկայնքին կատարուած թղթակցութեան եւ հեռաձայնային զրոյցներու։  Հաճելի եւ նոյնքան ալ ցաւ պատճառող իմացական եւ հոգեկան երկխօսութիւն մը կատարուէր երկուստէք, ներկայէն դէպի անցեալ։  Փորձ մը կը կատարուէր վերյիշելու անցեալը, երբ գլխաւոր դերակատարները արդէն մեկնած էին եւ հասած էին հոն, ուր անցեալը փրթած էր ներկայէն, կամ ալ հակառակը։  Կարօտը, զարմանալիօրէն կը վերածուէր կարօտաբաղձութեան, երէկուան անծանօթը կը վերածուէր ընտանիքի վերագտնուած հարազատ անդամին։  Հայրենակիցի, արիւնակիցի եւ հարազատի գիտակցութիւնը մասամբ մը կը վերադարձնէր անցեալը։

   Այս պատմութիւնը փոխան տխուր վերջաբանի մը ունեցաւ գեղեցիկ եւ իւրայատուկ գունաւորում մը։  2019 թուականին Տիգրան Չերչեանի հօրը զարմիկին, Օննիկ Չերչեանի թոռնուհին՝ Արաքս Չերչեանը բախտաւորուեցաւ համալսարանական մասնագիտութեամբ Նիւ Եորք մեկնելու։  Իր հօրաքրոջ թելադրութեամբ ան կապ հաստատեց հազիւ անունը լսած անծանօթ հարազատին՝ Տիգրան Չերչեանին հետ։  Անհաւատալի հանդիպում մը տեղի ունեցաւ իրարմէ 80 տարիներով բաժնուած միայն անունով ծանօթ, անծանօթ հարազատներու միջեւ։  Տիգրան Չերչեան գերագոյն հրճուանքը ապրեցաւ Պէյրութի իր հարազատը ծանօթացնելով Նիւ Եորքի ընտանեկան անդամներուն։  99-ամեայ Տիգրանը գրեթէ օրական կը զրուցէր 20-ամեայ Արաքսին հետ եւ շատ ուրախ էր, որ Արաքսը կը տիրապետէր հայերէն լեզուին։  Կարօտը չէր կրնար յագեցնել, տեւաբար ԸՆՏՈ՞Ր եՍ-ով սկսող զրոյցներով։  Հազիւ Արաքսին հետ վերջացուցած, կրկին կ՚անցնէր հեռաձայնին գլուխը, շարունակելու անոր ծնողներուն՝ Վիգէն եւ Յասմիկ Չերչեաններուն հետ։  Կը փափաքէր Պէյրութ գալ եւ ծանօթանալ իր բոլոր հարազատներուն։ Դժբախտաբար իր փափաքը չկատարուեցաւ, սակայն իր Պէյրութի հարազատները գոհունակութիւնը  ունին, որ իր կեանքի մայրամուտին, կրցան ուրախութիւն պատճառել իրեն յաճախակի նամակներով եւ հեռաձայնային զրոյցներով։

 Խունկ եւ աղօթք իր անթառամ յիշատակին

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ