Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Դպիրներու Ձեռնադրութիւն Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարի Մէջ

Կիրակի, 13 Յունիս 2021 յընթացս Ս. Պատարագի՝ Պըրպէնքի Առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճարին մէջ, ձեռամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ` Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կատարուեցաւ դպիրներու ձեռնադրութեան կարգ եւ դպրութեան չորս աստիճաններ  շնորհուեցաւ եկեղեցւոյ Սուրբ Խորանին սպասաւորող պատանիներէն` Սարգիս Ալթունեանին, Ստեփան Ալթունեանին, Նարեկ Մարկոսեանին եւ Վահէ Յակոբեանին:

     Օրուան պատարագիչն էր Մայր Տաճարի հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Խաժակ Քհնյ. Շահպազեան: Օրը յիշարժան էր, Մայր Տաճարը լեցուն էր բազում հաւատացեալներով, ձեռնադրուող ընծայացուներու ծնողներով, թեմական եւ ծխական անդամներով, ինչպէս նաեւ տարբեր ծուխերէն եկած ուխտաւորներով:

    Հայր Մերէն առաջ` սկիզբ առաւ ձեռնադրութեան բուն արարողութիւնը: Տէր Հայրը ներկաներուն ներկայացուց եկեղեցւոյ մէջ սպասաւորող չորս ընծայացուները, որոնք պէտք է ստանային Դպրութեան չորս աստիճանները՝ Դռնապանութիւն, Ընթերցողութիւն, Երդմնեցուցչութիւն եւ Ջահընկալութիւն։ Ապա ընծայացուները Խորանին վրայ, Առաջնորդ Սրբազանի Հօր դիմաց  ծնրադիր, ստացան դպրութեան չորս աստիճանները: Սրբազան Հայրն Իր աղօթքը բարձրացուց առ Աստուած` խնդրելով, որպէսզի Երկնաւոր  Տէրը Սուրբ Հոգիով հարստացնէ  նորոգ ձեռնադրեալ դպիրներու հոգիները, անոնց աչքերը բանայ հոգեւոր իմաստութեան դիմաց, եւ Իր շնորհները զեղէ անոնց վրայ, որպէսզի կարողանան առանց երկմտանքի մուտք գործեն եւ յարատեւեն աստուածային այս նուիրեալ ծառայութեան մէջ։

    Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ.<< Սիրելի հաւատացեալ ժողովուրդ, ահաւասիկ դուք այս պահուն ականատեսը դարձաք եւ լսեցիք այն աղօթքները մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ, որոնք նուիրուած են դպիրներու ձեռնադրութեանը: Այս չորս երիտասարդ պատանիները Սուրբ Խորանի առջեւ ծնկաչոք պաշտօն ստացան եկեղեցւոյ կեանքին մէջ իրենց ուսերուն վերցնելով պատասխանատւութիւն, դառնալու համար` դռնապան, ընթերցող, աղօթող եւ ջահընկալ: Փոքր  պաշտօններ են, բայց եւ պատասխանատու եւ վստահ ենք, որ  այս պատանիները իրենց յարատեւ ծառայութեամբ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ հաւատացեալներու կեանքէն ներս պէտք է դառնան հոգեւոր մի նոր մխիթարութիւն: Սիրելի հաւատացեալներ, ամեն Կիրակի, դուք ականատես կ’ըլլաք եւ կը տեսնէք, որ Մայր Տաճարի Սուրբ Խորանին վրայ իրենց ծառայութիւնը կը բերեն քսանէն աւելի երիտասարդ պատանիներ, ինչը  մեզ յոյս կը ներշնչէ եւ մեր հոգիները կը լեցնէ հոգեւոր հարստութեամբ:

    Սիրելի նորոգ ձեռնադրեալներ, պարզ բառերով կ’ուզենք խօսիլ եւ ըսել ձեզի, որ դուք ձեր ծառայութիւնը մշտապէս սիրով, հաւատքով պիտի բերէք Աստուծոյ Սուրբ Խորանին, քանզի այս տաճարը Աստուծոյ տունն է եւ այս տան մէջ է, որ կը հանդիպի մարդն իր Արարչին:

     Մեր աղօթքն է, որ դուք աճիք, մեծնաք հաւատքի կեանքին մէջ, միշտ քայլեք Աստուծոյ հետ, միշտ քայլէք Քրիստոսի հետ եւ միշտ կարդաք Աւետարանը, որը իրական գիրքն է կեանքի:

      Մենք այս թեմէն ներս օրհնուած ենք, որովհետեւ հարիւրաւոր երիտասարդներ ունինք, որոնք այսօր կը ծառայեն, մեր Սուրբ Եկեղեցիներու խորաններուն եւ արդէն յանձնառու եղած են, մասնաւոր դասընթացքներու մասնակցելու` դպիրներու եւ սարկաւագներու համար, պատրաստութեան շրջան ունենալու, որպէսզի աւելի կատարեալ ձեւով բերեն իրենց ծառայութիւնը:

      Մեր մաղթանքն է, սիրելի հաւատացեալներ, որպէսզի նաեւ դուք, ձեր աղօթքներու մէջ յիշէք մեր երիտասարդները, որպէսզի անոնք Աստծոյ շնորհքով մեծնան եւ Սուրբ Հոգու շնորհներով զարդարուած իրենց բարի ծառայութիւնը բերեն մեր Ս. Եկեղեցւոյ  կեանքին մէջ: Մեր սէրը եւ օրհնութիւնը ձեզ` սիրելի Սարգիս, Ստեփան, Նարեկ եւ Վահէ, Աստուած օրհնէ եւ երկար ծառայեցնէ ձեզ Իր փառքին համար>>:

      Սրբազան Հօր  պատգամէն եւ «Պահպանիչ»էն ետք, Պատարագիչ Տէր Հայրը օրուան խորհուրդի համաձայն յաւուր պատշաճի քարոզ խօսեցաւ:

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ