Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Հովուական Այցը Մեքսիկոյի Միացեալ Նահանգներ

          14 Յունիս, 2021 Թեմակալ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը հովուական այցով` ուղեւորուեցաւ Մեքսիկոյի Միացեալ Նահանգներ` տեսակցելու եւ Իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելու տեղի  հայ համայնքի անդամներուն:  Համաճարակէն ի վեր ասիկա Սրբազան Հօր Մեքսիկո կատարած առաջին այցելութիւնն էր, եւ այն հաճելի կերպով զուգադիպեցաւ նաեւ Մեքսիկոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան  նորանշանակ դեսպան` Ազնուափայլ Տիկին Արմելլա Շաքարեանի պաշտօնամուտի հետ: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը`  Տիկին դեսպանին մօտէն կը ճանչնայ, դեռեւս Անոր Լոս Անճելըսի  մէջ ունեցած դիւանագիտական ​​առաքելութեան   ժամանակէն:

       Յաջորդ օրը` 15 Յունիս, 2021 Հայաստանի Դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութեան արարողութիւնը, յընթացս որի Տիկին դեսպանն իր ողջոյնի խօսքով`  բարի գալուստ մաղթեց Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանին: Ընդունելութեանը ներկայ  էին  Օրթոտոքս, Կաթոլիկ, Անգլիկան, Բողոքական եկեղեցիներէն բարձրաստիճան եկեղեցականներ` Նորին Գերազանցութիւն` Տէր Մոնսինյոր Ֆրանկո Կոպոլան, Նունսիո Ապոստոլիկոն, Անգլիկան եկեղեցւոյ եպիսկոպոս Գերաշնորհ Էնրիկե Տրեվինո Քրուզը, Վերապատուելի Եֆրեն Վելասկես Գուտիերեսը եւ Մեքսիկոյի Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ  փոխանորդ-հոգեւոր հովիւ եւ Մեխիկոյի Սուրբ Երրորդութիւն վանքի անդամ` Տէր Քրիստափոր Ներսէսեանը, ընդունելութեանը ներկայ էին նաեւ հայ համայնքի մի շարք  ներկայացուցիչներ եւ դիւանագիտական շրջանակի հիւրեր:

      Ապա Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ եւ ներկայ եկեղեցականներու մասնակցութեամբ, կատարուեցաւ միասնական էկումենիկ աղօթք` յանուն Հայաստանի Հանրապետութեան խաղաղութեան եւ անդորրութեան: Որմէ յետոյ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանն Իր սրտի եւ երախտիքի խօսքն ուղղեց Տիկին Դեսպանին, ներկաներուն եւ հիւրերուն, որու մէջ մասնաւորաբար կ’ըսէր. «Կ’աղօթեմ առ Աստուած եւ շնորհակալ եմ Ամենակարողին այս  պատմական եւ գեղեցիկ օրը մեզի շնորհելու համար: Անցնող տարուան մարդկութեանը մեծ մարտահրաւէր նետուեց COVID-19 համաճարակի տեսքով, եւ որու հետեւանքով աշխարհը նոր շրջափուլի մը մէջ մտաւ: Մարդկութեան կեանքն այլեւս փոխուեցաւ  հնարաւոր  տարբեր ձեւերով: Ամբողջ աշխարհում մարդիկ ականատեսը եղան բազում դժուարութիւներու եւ խոչընդոտներու: Հայ ժողովուրդը ցաւօք այդ ամէնուն զուգահեռ, Արցախեան այս վերջին պատերազմի հետեւանքով ունեցաւ նաեւ բազում աւերածութիւններ և հազարաւոր երիտասարդ կեանքերու կորուստ, որոնց ազատութեան տեսլականը երբեք ու երբեք չպէտք է մեռնի մեր հոգիներէն ներս»:

      Այնուհետեւ ընդունելութեան աւարտին Գերաշնորհ Սրբազան Հայրը նուէրներ յանձնեց բոլոր ներկաներուն, ինչպէս նաեւ առ ի նշանաւորումն նոր պաշտօնի ստանձնման, Տիկին Դեսպանին  նուիրեց`  Մեր Տէր և Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի Խորհրդաւոր Ընթրիքին պատկերը ներկայացնող` հայ միջնադարեան մանրանկարչութեան արուեստի գեղեցիկ օրինակ մը:

     Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ  Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի յաջորդ այցը նախատեսուած է յառաջիկայ քանի մը շաբաթներու ընթացքին: Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ պէտք է կատարուի Սուրբ Պատարագ եւ Հոգեհանգստեան կարգ` ի յիշատակ  յընթացս Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին զոհուած զինուորներու հոգիներու խաղաղութեան համար:

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ