Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2024

Շաբաթաթերթ

Աշխարհի Տարօրինակութիւններէն

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Կովերն ու Դասական Երաժշտութիւնը . . .

Լսած էինք որ կովերը դասական երաժշտութենէն կ՛ախորժին եւ երբ այդ երաժշտութիւնը ունկնդրեն, շատ աւելի կաթ կու տան։ Կարծես ճիշդ է այս ենթադրութիւնը, հիմա խօսինք օրինակներով։

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Դանիոյ Լունտ քաղաքէն, որ Մայրաքաղաք Գոբընհակընին հարաւը կը գտնուի։ Այդ քաղաքին մէջ գտնուող ագարակի մը այցելութիւն տուած են Սգանտինաւեան թաւջութակի դպրոցին աշակերտները, իրենց ուսուցիչին հետ միատեղ։

Թաւջութակի այդ խումբը դասական երաժշտութեան ելոյթով մը հանդէս եկած է (տես նկարը) կովերուն առջեւ, որոնք ուշի ուշով հետեւած են յայտագրին՝ մինչեւ որ Dvorak-ի երաժշտութիւնը սկսած է հնչել։ Յանկարծ կովերը ձգած են երաժշտութեան վայրը եւ մեկնած են իրենց սովորական արօտավայրը՝ արածելու . . .

Ի տես այս անակնկալ երեւոյթին, դպրոցի հիմնադիր Jacob Shaw հետեւեալ ձեւով բացատրած է եղելութիւնը։ Կովերն ալ ունին իրենց նախընտրութիւնները եւ երեւի անոնք չեն սիրած Dvorak-ի երաժշտութիւնը։

Ի միջի այլոց հոս տեղին է յիշել որ Antonin Dvorak Չեխ յօրինող մըն է որ ապրած է 19-րդ դարուն (1841-1904) եւ հռչակ ստացած է իր Cello Concerto եւ Symphony #9 գործերուն համար, զորս հեղինակած է Միացեալ Նահանգներ գտնուած միջոցին։

Բայց երեւի կովերուն թիւր չէ եկած վերոյիշեալ հեղինակին դասական երաժշտութիւնը՝ ի՜նչ, ի՜նչ պատճառներով` չենք գիտեր!

Յուսամ Սկանտինաւեան թաւջութակի դպրոցի աշակերտները յուսախաբութեան չենթարկուեցան՝ ի տես կովերու խմբային որոշումին, լքելու երաժշտական բացառիկ այդ ունկնդրութիւնը։

Հիմա յարկ է մէջբերել Ամերիկեան ասացուածքը՝ որ արդարօրէն կ՛ըսէ, “You win some, you lose some.”

Ազնուութեամբ եւ Մասամբ Նորին . . .

Այս պատմութիւնն ալ մեզի կու գայ Նիւ Եորք քաղաքի Հարլէմ շրջանէն։ Հոն գործող նշանաւոր Patsy’s Pizza-ի ճաշարանի սպասեակին մասին է այս տարօրինակ պատահարը, որ կը յայտնաբերէ անոր ազնուութիւնը՝ ճաշարանի յաճախորդներէն մէկուն նկատմամբ։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ։

Սովորութիւն դարձած է որ ճաշարանի յաճախորդները ընդհանրապէս ձեռաձիր (tip) կը ձգեն սպասեակին, եթէ գոհ մնան անոր հոգածութենէն։ Վերոյիշեալ ճաշարանի յաճախորդներէն մէկը՝ Քէրըն Վինագուր, անհամաձայնութեան մը պատճառաւ ձեռաձիր չէ ձգած Արմանտօ Մարքաժ անունով իր սպասեակին (տես նկարը)։ Սա անսովոր չէ երբեք, սակայն հետեւեալ դէպքը որ յաջորդած է, շատ անսովոր է։

Նախ բացատրեմ թէ ի՞նչ է անհամաձայնութիւնը։ Ճաշարանի պատերը զարդարուած են նշանաւոր մարդկանց նկարներով եւ Քէրըն Վինագուր դիտել տուած է որ կիներու նկարները աւելի պակաս են քան էրիկ մարդոց։ Իսկ սպասեակը՝ որ ինը տարիէ ի վեր կ՛աշխատի հոն, պատասխանած է, թէ կիները pizza չեն սիրէր . . .

Ուրեմն, երբ Քէրըն Վինագուր եւ իր խումբը՝ ներառեալ իր դուստրը, ճաշելէ ետք գացած են, սպասեակը նշմարած է որ ան իր ետին թողած է պահարան մը որուն մէջ կար 424,000 տոլարի արժէքով cashier’s check մը։ Սա՝ պատկառելի գումար մըն է, չէ՞…

Սպասեակը մի քանի օր կը սպասէ՝ յուսալով որ յաճախորդը կ՛անդրադառնայ իր կորուստին եւ կը վերադառնայ ճաշարան, ստանալու համար այն ինչ որ իրեն կը պատկանի։

Բարեբախտաբար լրագրող մը՝ որ տեղեակ էր եղելութեան, կը գտնէ Քէրըն Վէնագուրը՝ որ չուշանար ներկայանալու ճաշարան եւ պահանջելու իր չէքը։ Արցունքոտ աչքերով՝ Քէրըն սապէս կ՛արտայայտուի, «Շատ երախտապարտ եմ որ Արմանտօ Մարքաժը վիրաւորելս արգելք մը չհանդիսացաւ որ ան իր ազնուութիւնը ցոյց տայ։» Առաւել, Քէրըն ուզեց նիւթական նուիրատուութեամբ մը մեղքը քաւել, սակայն Արմանտօն մերժեց զայն։

Սա կը նշանակէ որ Արմանտօն նիւթական ակնկալութեան համար չէր որ չէքը պահած էր, այլ՝ մարդասիրական գործ մը կատարած ըլլալու համար։ Բայց Քէրըն կ՛ուզէ gift certificate մը տալ Արմանտոյին, որ գործածէ զայն՝ ուսումնական պիտոյքներու համար։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ