Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Հնչակեան Քսան Անմահներու Յիշատակի Ոգեկոչում

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

«Դուք մեր մարմինները կրնաք սպաննել, բայց մեր գաղափարները՝ ոչ, վաղը քսան հազարներ պիտի գան մեր ետեւէն, մեր գործը շարունակելու համար»

Փարամազ

Հինգշաբթի, Յունիս 17, 2021 Հայ Կրթական Բարեսիրական Միութեան Կարօ Սողանալեան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ 106 տարի առաջ, Յունիս 15, 2015-ին, Պոլսոյ Պայազիտ հրապարակի վրայ, կախաղան հանուած 20 հնչակեան անմահներու յաւերժալոյս յիշատակի ոգեկոչումը։

Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Կուսակցութեան Շրջանիս վարիչ մարմնի կողմէ։

Արդարեւ, այդ երեկոյ սրահը լեցնող ներկաները, ազգային սրտազեղուն ապրումներ ունեցան։

Շատ քիչ անգամ վայելած ենք նման ազգային ճոխ բովանդակութեամբ, այդքան բծախնդրութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկ մը։

Յուշ երեկոն իրենց օրհնաբեր ներկայութեամբ կը պատուէին ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի եւ Մեքսիքոյի Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան եւ Թեմիս շնորհազարդ նահապետը՝ Գերշ. Տ. Վաչէ Արք. Յովսէփեան, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականներէն Տէր Տաթեւ Ա.Ք. Թաթուլեան եւ իր տիկնոջ երէցկին Արաքսի Թաթուլեանի, ինչպէս նաեւ Հ.Հ. Լոս Անճելըս հիւպատոսարանի ներկայացուցիչ՝ Հիւպատոս՝ Էտկար Գրիգորեանի, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ գաղութիս հասարակական միութեան ներկայացուցիչներ։

ԱՄՆ-ի եւ Հայաստանի օրհներգներու կատարումէն ետք, բոլոր ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին յիշատակը մեր բազմահազար նահատակներուն ու մանաւանդ Արցախի 44 օրեայ պատերազմին զոհուածներուն յիշատակը։

Հանդիսավարութեամբ Ծովիկ Քէօրօղլեանի բացման շատ ջերմ, տպաւորիչ եւ գեղեցիկ խօսքէն ետք, յաջորդաբար հրաւիրեց յայտագրի մաս կազմողները իրենց ելոյթներուն համար։ «Կայծ» Երիտասարդական Միութեան կողմէ համաատենապետուհի Ալիսոն Ղաֆարի անգլերէնով շատ գեղեցիկ եւ բովանդակալից խօսքով մը ելոյթ ունեցաւ, արժանանալով ներկաներուն երկարատեւ եւ ջերմ ծափահարութեան, նմանապէս Հայ Ամերիկեան Խորհուրդի կողմէ ելոյթ ունեցաւ ատենապետ՝ Հէրի Եունել, որ յիշեց թէ մեր քսան նահատակներու նպատակն էր տեսնել հայոց հայրենիք մը ազատ եւ անկախ կարգավիճակով։

Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր ՍԴՀԿուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Տոքթ. Համբիկ Սարաֆեան։ Ան մօտ 25 վայրկեանի մէջ անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի վրայ եւ մանաւանդ վերջին 130 տարիներուն Հնչակեան Կուսակցութեան բերած նպաստին մասին, ապա անդրադարձաւ Արցախի 44 օրերու պատերազմի մասին, անոր ձախողութեան, կորուստներուն եւ հայ ժողովուրդի ղեկավարութեան, կարճատեսութեան պատճառաւ այդ պատերազմը կորսնցուցինք, «այդ պատերազմը պատռեց այդ շղարշը եւ պատրանքը, որ մեր ղեկավարները համոզեցին մեզի որ այդ հողերը մերն են, սակայն Սեպտեմբեր 27-ին դաժան իրականութիւնը բացուեցաւ, մենք ապրեցանք երազի եւ պատրանքի մէջ», ըսաւ Տոքթ. Սարաֆեան։

Յարգելի բանախօսը իր ելոյթը փակեց ըսելով. «Մեր մաղթանքն է, որ Հայաստանի մէջ տեղի չունենայ յետ ընտրական ընդվզումներ։ Շատ կարեւոր է հանդուրժողութիւնը եւ միասնականութիւնը երկիրը երբ վտանգի տակ է, իրապաշտ կերպով պէտք է շարժինք։ ՍԴՀԿուսակցութիւնը կը շարունակէ մնալ հայրենեքի կողքին։ Քսանները մեզի պատգամած են անսակարկ նուիրուիլ մեր հայրենիքին…» ըսաւ Տոքթ. Սարաֆեան, արժանանալով ներկաներուն որոտընդոստ եւ երկարատեւ ծափահարութեան։

Այդ օր երգով սրահը թնդացուց ազգային երգերու վարպետ մեկնաբան Առնօ Մկրտչեան, ընկերակցութեամբ երգեհոնահար Յարութ Չիլօղլեանի։ Այդ օր գործադրուեցաւ շատ գեղեցիկ յայտագիր մը։ Երիտասարդ Սէրա Այնթապլեան արտասանեց Գառնիկ Ադդարեանի «Քսանները», իսկ Անի Մարսէլեան խոր ապրումով արտասանեց երէցկին Արաքսի Թաթուլեանի «Երազանքը» բանաստեղծութիւնը խռովելով ներկաներուն հոգիները։

Աւարտին խօսք առաւ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան, որ իր խօսքը սկսաւ՝ «Ս. Էջմիածնի» ամսագրէն առած տեղեկութիւններ, թէ ինչպէս Յունիս 15, 1915-ին գիշերը ոստիկաններ  կէս գիշերին գացին Պոլսոյ Մայր Եկեղեցւոյ հովիւ հանգուցեալ Տէր Գալուստ Քհնյ. Պօղոսեանին տունը, իրմէ պահանջեցին որ հաղորդութիւն տայ կախաղան տանելիք նահատակներուն։ Տէր Հայրը հաղորդութեան սրբատուփը չունենալով իր սրբախաչով ջուրը օրհնեց եւ այդ ջուրով հաղորդութիւն տուաւ մեր հերոսներուն։ Այդ խաչը պահուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Կաթողիկոսին մօտ, յատուկ տուփի մէջ դրուած։

Ապա Սրբազան Հօր փակման խօսքով եւ աղօթքով վերջ գտաւ այս յիշարժան ձեռնարկը, որ շատ երկար պիտի մնայ բոլոր ներկաներուն մտքին եւ սրտին  մէջ։

«Ինչպէ՛ս անշուշտ մըսեցաւ, ո՜հ մըսեցաւ ձեր հոգին,

Երբ Յունիսի այդ առտուն, արշալոյսէն դեռ առաջ,

Իրարու քով, իրարու միայն կառչած նայուածքին,

Մահափայտերը տեսաք՝ ձեր դէմ դրուած իբրեւ խաչ…»

Վահան Թէքէեան

Հազար փառք ու պատիւ հայ ժողովուրդի բոլոր նահատակներուն եւ մարտիրոսներուն, որոնք ինկան հայրենիքի ազատութեան եւ անկախութեան համար, այս պարագային ալ Հնչակեան Կուսակցութեան քսան նահատակներուն։ Թող անոնց անմահ յիշատակը միշտ վառ մնայ մեր նոր եւ հին սերունդին մտքին մէջ, որպէս կողմնացոյց մեր ազգային բոլոր աշխատանքներուն։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ