Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեր Դրօշակն ու Սահմանադրութիւնը

Յունիսին կը զուգադիպի Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշակի  պետական օրը։ 

Յունիսին կը զուգադիպի Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան օրը։

Ասոնք տօներ են, խորհրդանիշեր են, որոնց շուրջ կը համախմբուի առողջ պետականութիւնը:

Հայկական եռագոյնը  մեր պետական այն խորհրդանիշներէն  է, որ մեր  մէջ կը կրենք, այնպէս  ինչպէս կը կրենք մեր ազգը բնորոշող գիծերը, մեր ազգը բնորոշող վարքն ու արտաքին յատկանիշները։  Իւրաքանչիւր երկիրի դրօշակի գոյնը կամ խորհրդանիշը կը բխի իր ազգային առանձնայատկութիւններէն, ապրած պատմական կեանքէն: Հայաստանի եռագոյնն ալ, ճիշդ այդպէս, իր երեք գոյներուն  մէջ  կը պարփակէ մեր դարաւոր անցեալի ցաւն ու ապագայ ոյժը, Հայաստանի համար թափուած արիւնը, հայ ժողովուրդի մշտական պայքարը՝  յարատեւելու համար, քրիստոնէական հաւատքի եւ Հայաստանի անկախութեան ու ազատութեան համար, խաղաղ երկինքի տակ ապրելու  կամքն ու յոյսը, հայ ազգի արարող կամքի ոյժը:

Մեր դրօշակը մեր հպարտութեան առիթներէն մէկն  է , մեր ազգային մասունքներէն մէկն է, մեր ինքնութեան ներդաշնակ շարունակութիւնն է:

ՀՀ Սահմանադրութիւնը , ինչպէս  պետական մնացեալ  խորհրդանիշները, իւրաքանչիւր գիտակից քաղաքացիին  կը դրդէ ունենալու պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութիւն, ինչպէս նաեւ մեր սիրտին մէջ ծնունդ կու տայ  հպարտութեան զգացում,  այդ արժէքներու հանդէպ  հոգատարութեան զգացում, որովհետեւ այդ բոլորը կը բխին մեր  ազգային արժէքներէն, կամ  սերտ կապի մէջ է անոնց հետ։

 Ամուր ու անխախտ  պէտք է պահենք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը, Հայաստանի պետական խորհրդանիշները՝ դրօշակն ու զինանշանը , հայկական եկեղեցին ,  հայու արարող հոգին  ու անսասան կամքը եւ այս բոլորի  համար մեզ  պէտք է ուժ, զոր մեր միասնականութեան մէջ պէտք է  գտնենք։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ