Հինգշաբթի, Մարտ 28, 2024

Շաբաթաթերթ

Հանդիպում Պրն. Արման Պապաճանեանի Հետ

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Յունիս 30, 2021 կ.ե. ժամը 4։00-ին Փասատինայի Պէշկէօթիւրեան կեդրոնի Տիգրան եւ Հերմինէ Վարժապետեան գրադարանի մէջ, տեղի  ունեցաւ շահեկան հանդիպում մը Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախկին պատգամաւոր Պրն. Արման Պապաճանեանի եւ ՌԱԿ-ի Կեդրոնական եւ տեղւոյս Շրջանային վարչականներուն հետ։

Պրն. Պապաճանեան Լոս Անճելըս կ՚այցելէր հանդիպումներ ունենալու համար գաղութիս զանազան հասարակական կազմակերպութեանց հետ։ Պրն. Պապաճանեան Հայաստանի Արտահերթ ընտրութիւններու մասնակցած էր, որպէս ոչ կուսակցական անկախ գործիչ, միանալով  Փրոֆ. Շիրինեանին հետ եւ կազմելով Շիրինեան – Պապաճանեան դաշինք։

ՌԱԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենադպիր եւ Շրջանիս ՌԱԿ-ի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեանի ողջոյնի եւ բարի գալուստի խօսքէն ետք, հակիրճ զեկոյցով մը տուաւ մեր կուսակցութեան տարած աշխատանքներու մասին այս ափերուն վրայ։ Ռամկավարները գոյութիւն ունեցած են այս ափերուն վրայ 1921-էն իվեր, ազգապահպանման ազգային, եկեղեցական, կրթական եւ Մայր Հայաստանին հարիւր տարիներ շարունակ մեր նպաստը, զօրակցութեան ցոյց տուած ենք հայրենի պետականութեան եւ հայրենաբնակ ժողովուրդին։

Պրն. Պապաճանեան, որ մօտէն ծանօթ է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արեւմտեան Շրջանի Վարչութեան տարած աշխատանքներուն, մեր կուսակցութեան անշահախնդիր նուիրումը եւ ծառայութիւնը մայր հայրենիքին։ Ապա յարգելի Ազգային Ժողովի նախկին անդամը՝ ներկայացուց Հայաստանի վիճակը յետ ընտրութեան, յետ 44 օրերու պատերազմին, պսակաձեւ ժահրի պատճառած դժուարութիւնները եւ եղած զոհերը քաղաքական կուսակցութեանց կեցուածքները։

Յարգելի հիւրը իր շատ հմուտ քաղաքական գործիչի փորձառութեամբ, հոյակապօրէն վերլուծեց  Հայաստանի քաղաքական ներկայ վիճակը, մեր շրջանը Ռուսիոյ, Թուրքիոյ, ԱՄՆ, Ատրպէյճանի եւ Իրանի շահերու մրցակցութեան վայր մը կը հանդիսանայ կովկասեան երկիրները (Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Վրաստան), ճիշդ ասոր է համար է որ հայ ժողովուրդը պէտք է աշխարհի բոլոր ցամաքամասերու վրայ, աշխատի հեռու մնալ անձնական նեղ կուսակցական շահերէ եւ ձեռք ձեռքի տալով, վերակառուցենք մեր քանդուած Արցախ աշխարհը։ «Հայաստան որ շատ լաւ յարաբերութեան մէջ է Ռուսիոյ հետ, պէտք է նաեւ նոր երկիրներու եւ կազմակերպութիւններու հետ սերտ կապեր մշակէ, մեր երկրի եւ ժողովուրդի բարօրութեան համար», ըսաւ Պրն. Պապաճանեան։

Մօտ չորս ժամ տեւող այս ջերմ ու շահեկան հանդիպումը վերջ գտաւ, կրկին անգամ տեսնուելու եւ նման շահեկան զեկոյցներ լսելու յոյսով։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ