Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայ Ամերիկեան Թանգարանի Հիմնարկէքի Պատմական Տօնակատարութիւնը

ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ

Կիրակի, Յուլիս 11, 2021, կ.ե. ժամը 5։00-7։00-ին Կլենտէյլի  ամէնէն բանուկ կեդրոնական բաժնի վրայ, տեղի ունեցաւ Հայ Ամերիկեան Թանգարանի հիմնարկէքի պատմական տօնակատարութիւնը։

Իրենց ներկայութեամբ աղօթքներով եւ զօրակցութեամբ ներկայ էին շրջանիս հոգեւոր պետերը, դաշնակցային, նահանգային, գաւառային, քաղաքային հայ եւ օտար հասարակական կազմակերպութիւններ, մօտ 1200 հրաւիրեալներ։

Նոյնքան եւ աւելի հայրենակիցներ յոտնկայս եւ բազմահազար հայրենակիցներ հեռատեսիլի կայաններէն, դիմատետրէն, You Tube-ով աշխարհի չորս ծագերուն հետեւեցան այս շքեղ արարողութեան։

Հոգեւոր հայրերու աղօթքներով եւ Հայ Ամերիկեան Թանգարանի վարչութեան տնօրէն մարմնի անդամներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս հսկայ ծրագրի հիմնարկէքի արարողութիւնը։

Ձեռնարկը ձեռնհասօրէն վարեց ամերիկեան հեռատեսիլի ծանօթ հեռուստալրագրող Էլինա Աբովեան։

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր մը մասնակցութեամբ Արա Տապանճեանի «Element» քառեակի կողմէ։

Այս հիմնարկէքի մանրամասնութիւնները նկարներով կու տանք «Նոր Օր»-ի յառաջիկայ թիւին մէջ։

Մինչ այդ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Հայ Ամերիկեան Թանգարանի վարչութեան բոլոր անդամները գլխաւորութեամբ Պերճ Կարապետեանի եւ Շանթ Սահակեանի այս հոյակապ, պատմակշիռ ձեռնարկին համար։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ