Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

«Տարբերակ 21» Հանդէս Հաղորդագրութիւն

15 Յունիս 2021-էն սկսեալ առցանց դրութեամբ հայ հանրութեան կը ներկայանայ «Տարբերակ 21» հանդէսը (www.darperag21.net):

Հանդէսը կը հետապնդէ հայ հրապարակագրութիւնը, գրականութիւնը, լրագրութիւնը եւ գիտական միտքը զարգացնելու նպատակը` նորարար շունչով եւ տարբեր երկիրներէ գրողներու, հրապարակագիրներու, արուեստագէտներու ու տարբեր ոլորտներու մասնագէտներու համագործակցութեամբ:

Հանդէսին գլխաւոր եւ գերիշխող լեզուն արեւմտահայերէնն է` մեր մայրենիին վտանգուած ճիւղը, որուն գործածութիւնը յաճախ կը յայտնուի արտայայտութեան տագնապի մէջ` ի դիմաց ժամանակակից մարդուն միտքը յուզող արդի խնդիրներուն. երեւոյթ մը, որ զայն հեռու կը պահէ երիտասարդներէն եւ տարբեր ուղղութիւններով զարգանալու կարելիութենէն:

Ինչո՞ւ հանդէսը անուանուած է «Տարբերակ 21»: Խմբագրութեան համար կայ հիմնական հեռանկար հայկական ընդհանրապէս դասականացած լրատուական (տպագիր թէ առցանց) միջոցներէն «տարբերելու» եւ «21-րդ» դարու շունչով արտայայտուելու առաջադրանք:

Առ այդ, հանդէսը կ՛առաջադրէ`

1) Յառաջ մղել հայ հրապարակախօսութիւնն ու լրագրութիւնը, կարծիքի բազմազանութեան ապահովման եւ քննական միտքի քաջալերման  յատկանիշներով:

2) Դառնալ հայ կեանքին եւ ժամանակակից աշխարհին վերաբերող տեսական, հասարակական եւ մշակութային խնդիրներու քննարկման եւ բանավէճի միջավայր` հեղինակներու եւ ընթերցողներու մասնակցութեամբ:

3) Նպաստել հայերէն գրական ստեղծագործութեան` միաժամանակ կարեւոր տեղ տալով այլալեզու գրական երկերու հայացման:

4) Զարկ տալ հին թէ ժամանակակից հայ պատմութեան եւ հասարակական, մշակութային ու կրթական կեանքի ուսումնասիրութեան` մօտեցումներու բազմազանութեան յատկանիշներով:

«Տարբերակ 21»-ը կը հրատարակուի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներու բաժանմունքի նիւթական աջակցութեամբ:

Իբրեւ ազատ արտայայտութեան բեմ, «Տարբերակ 21» հանդէսը պատրաստ է ընդունելու հրապարակագրական, լրագրական, գրական-գեղարուեստական ու գիտական գրութիւններ եւ յօդուածներ` պատուեգինով վարձատրելու դրութեամբ: Հանդէսին մէջ կը հրապարակուին նաեւ գեղարուեստական թէ տարբեր նիւթերու վերաբերեալ լսատեսողական գործեր: Այդ բոլորը կարելի է ներկայացնել խմբագրութեան editor@darperag21.net հասցէին:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ