Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Ճամբորդի մը Օրատետրէն

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Մէկուկէս տարի տնային բանտարկութեան ենթարկուելէ ետք՝ պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառաւ, այս տարուան Յունիս ամսուան ընթացքին առիթը ունեցայ այցելելու՝ աղջկանս Մարալին հետ, ամերիկայի բնական տեսարժան վայրերէն Yellowstone National Park-ը եւ Mount Rushmore-ը։ Մեր պասին մէջ կային 43 ուղեւորներ եւ մեր ճամբորդութիւնը տեւեց 9 օր։

Վերոյիշեալ աշխարհահռչակ տեսարժան վայրերէն առաջինը կը գտնուի Wyoming նահանգին մէջ, իսկ երկրորդը՝ South Dakota նահանգին մէջ։ Այս նահանգները կը գտնուին ամերիկայի հիւսիս արեւմուտքը։

Yellowstone National Park

Yellowstone National Park-ը մեծաւ մասամբ կը գտնուի Ուայոմինկ նահանգին մէջ եւ մաս մըն ալ սահմանակից Մանթանա (հիւսիսէն) եւ Այտահօ (արեւմուտքէն) նահանգներուն մէջ։ Անոր տարածութիւնն է 3,472 քառակուսի մղոն, այսինքն 8,992 քառակուսի քիլոմեթր։ Հետաքրքրութեան համար կարելի է նշել որ ազգային այդ զբօսայգին աւելի մեծ է քան արեւելեան ամերիկայի Տէլըուէր եւ Ռոտ Այլընտ նահանգները . . .

Միացեալ Նահանգներու ամենաքիչ բնակչութիւն ունեցող նահանգն է Ուայոմինկը, որու բնակչութիւնն է մօտաւորապէս 600,000։ Սակայն տարեկան այդ նահանգը այցելողներուն թիւը կը հասնի 2-3 միլիոն զբօսաշրջիկներու՝ որոնք կու գան աշխարհի չորս ծագերէն, շնորհիւ ազգային այդ զբօսայգիին։

Իսկ ի՞նչն է որ այդ նահանգը կը գրաւէ զբօսաշրջիկներու ուշադրութիւնը եւ անոնք խուռներամ կ՛երթան հոն։ Առաջին առթիւ՝ բազմաթիւ ցայտաղբիւրներու (geysers) գոյութիւնն է, որոնց ամենանշանաւորը կը կոչուի Old Faithful (տես նկարը)։ Այդ ցայտաղբիւրը ժամացոյցի մը ճշգրտութեամբ կը ժայթքի 90 վայրկեանը անգամ մը, ի զարմանք բազմահարիւր զբօսաշրջիկներու, որոնք հաւաքուած կ՛ըլլան անոր չորս դին եւ համբերութեամբ կը սպասեն այդ «հրաշք»-ին։ Անոր ժայթքումի դէպի վեր տարողութիւնը կը հասնի 106-184 ոտքի, այսինքն 32-56 մեթրի։

Երկրորդ՝ հոն ազատօրէն թափառող անհամար կենդանիներն են որոնք կը ներշնչեն զբօսաշրջիկները, ժամերով ման գալու այդ հսկայ տարածութեան մէջ։ Մենք անձնապէս հանդիպեցանք անհատնում գոմէշներու (buffalo), եղջերուներու (elk) եւ եղնիկներու(deer)։ Պատահեցաւ որ օր մը ճամբուն երկու կողմով գացող ինքնաշարժները յանկարծ կանգ  առին, որովհետեւ գոմէշներու նախիր մը՝ հանդերձ գերդաստանով եւ մեծով-պզտիկով, ճամբուն մէջտեղէն կը քալէին . . . Համբերութեամբ սպասեցինք որ անցնին եւ յետոյ շարունակեցինք մեր ճամբան։

Ուայոմինկի մէջ՝ Սաութհ Տաքոթա չգացած, մենք այցելեցինք նաեւ Buffalo Bill-ի (տես նկարը) թանգարանը որ կը գտնուի Քօտի քաղաքին մէջ։ Buffalo Bill՝ բուն անունով William Frederick Cody, նշանաւոր եղած է որպէս գոմէշի որսորդ եւ 18 ամսուան ընթացքին (1867-1868), ան որսացած է 4,282 գոմէշ՝ որպէսզի միս հայթայթէ Քէնզըս նահանգի երկաթուղագիծի գործաւորներուն։

Mount Rushmore National Monument

Միացեալ Նահանգներու չորս նախագահներու դիմանկարները (տես նկարը) քանդակուած ժայռի վրայ, կը գտնուի South Dakota նահանգին մէջ։ Այդ նախագահներն են Ճորճ Ուաշինկթըն, Թհամըս Ճէֆըրսըն, Աբրահամ Լինքըն եւ Թէտի Ռոզըուէլթ ։ Իսկ քանդակագործն է Gutzon Borglum։

Վերոյիշեալ քնդակագործը հսկայական այս նախաձեռնութիւնը սկսած է 1927 թուականին եւ չորս նախագահներու դիմանկարները քանդակուելէ ետք ընդհատած է իր գործը 1941 թուականին, երբ ամերիկա որոշեց մասնակցիլ երկրորդ  համաշխարհային պատերազմին, ի նպաստ եւրոպայի եւ ի դէմ գերմանիոյ։

Այլապէս՝ պատմութիւնը դիտել կու տայ, թէ քանդակագործը պիտի շարունակէր իր գործը եւ ուրիշ նախագահներու դիմանկարներն ալ պիտի քանդակէր։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ թէ քանդակագործը ինչո՞ւ ընտրած է վերոյիշեալ չորս նախագահները եւ ոչ ուրիշները։

Նախագահ Ճորճ Ուաշինկթընը ընտրուած է որովհետեւ ան եղած է Միացեալ Նահանգներու հայրը (Founding Father) եւ առաջին նախագահը` որ իշխած է ութը տարի, 1789-1797: 

Երրորդ Նախագահը՝ Թհամըս Ճէֆըրսընը, ընտրուած է որովհետեւ ան հեղինակած է անկախութեան հռչակումը (Declaration of Independence): Ան եւս իշխած է ութը տարի, 1801-1809

16րդ Նախագահը՝ Աբրահամ Լինքըն, ընտրուած է որովհետեւ ան գերութիւնը ջնջած է, այսինքն՝ He abolished slavery. Ան իշխած է չորս տարի միայն (1861-1865), որովհետեւ դժբախտաբար զոհ գնած ոճրագործի մը գնդակին։

Իսկ 26րդ Նախագահը՝ Թհիոտոր Ռուզուէլթ (1901-1909) ընտրուած է ոչ թէ կարեւոր գործ մը կատարած ըլլալուն համար՝ այլ որովհետեւ քանդակագործը եղած է իր մտերիմ բարեկամը . . .

Crazy Horse Memorial

Մեր վերջին այցելութիւնը եղաւ ամերիկացի կարմրամորթ հնդիկ Crazy Horse-ի քանդակը, որ կը գտնուի Սաութհ Տաքոթա նահանգի Քասթըր գաւառի Black Hills շրջանին մէջ։  Անաւարտ այդ քանդակի շինարարութիւնը (տես նկարը) սկսած է 1948 թուականին եւ յայտնի չէ թէ երբ պիտի աւարտի որովհետեւ պետութեան կողմէ չէ հովանաւորուած, այլ կը գտնուի անձնական հողի վրայ եւ անձնական նախաձեռնութիւն մըն է։

Թէեւ Անոր գլուխը քանդակուած է արդեն, սակայն շատ ժամանակ կ՛ուզէ որ անոր հեծած ձին ալ քանդակուի եւ մանաւանդ անոր աջ ձեռքի մատը՝ որ ցոյց պիտի տայ թէ նշուած հողերը կը պատկանին հնդիկներուն։

Կ՛ըսուի թէ ան յաղթած է եւ սպանած  ամերիկեան բանակի հրամանատարներէն Ճորճ Քասթըրի, որ իր 80 հոգինոց ջոկատին գլուխը անցած՝ կ՛ուզէր հնդիկները բանտարկել իրենց յատկացուած հողամասերուն ( Indian Reservations) վրայ! Կ՛ըսուի նաեւ որ ամերիկեան ջոկատի պարտութիւնն է՝ որ պետութիւնը չի հովանաւորէր այս ծրագիրը։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ