Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Երբ Հայերէնը Երկրորդական Է Հայ Վարժարանին Համար, Ան Ինչպէ՞ս Կրնայ Առաջնային Տեղ Գրաւել Աշակերտին Հոգեմտաւոր Աշխարհին Մէջ

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Իրաւ՜, չեմ գիտեր, թէ ո՞ր ամէնորոշ ատեանի անբեկանելի դատավճիռով կամ, ըսենք, ո՞ր վերաշնորհ տրամաբանութեամբ՝ հայերէնը կը դիտարկուի որպէս երկրորդական, յաճախ անկարեւոր դասանիւթ, շատ անգամ նոյնիսկ օգնութեան կը կանչուի, երբ անոր անմիջական կարիքը զգացուի (այլ խօսքով՝ երբ ոչ-հայագիտական դասանիւթերու համար յաւելեա՜լ դասաժամեր պահանջուին): Պէտք է ըսել, թէ որոշ դպրոցներու մէջ ալ ան լրիւ կը վերցուի ու «մահաքունի» կը դատապարտուի 9-րդ եւ 12-րդ դասարանի աշակերտներուն համար՝ մէկ ու միակ նպատակով. որպէսզի անոնք կարենան հանգիստ մտօք,- դուք ըսէք՝ առանց կողմնակի խոչընդոտի,- պատրաստուիլ պետական քննութեանց: Ա՛րդ, հարց կու տամ ձեզի. երբ, ցաւօք, հայերէնին կարեւորութիւնը այսքան է նոյնինքն հայ վարժարանին մէջ, ինչպէ՞ս ակնկալել, որ ան առաջնահերթ դառնայ մեր առանց այն ալ «հայերէնապաշտ» աշակերտներուն համար:

Առաջին քայլը, որ պէտք է առնէ հայ վարժարանը, հայերէնի դասաժամերը աւելցնել է եւ ոչ թէ հակառակը: Սա ցոյց կու տայ, թէ ինչքա՛ն կարեւոր է ան, մեր սիրելի աշակերտներն ալ անմիջապէս կը նկատեն այդ: Ի դէպ, մեր վարժարաններուն առաջնահերթութիւններէն է, ինչպէս գիտէք, սիրցնել ու հաճելի դարձնել հայոց լեզուն: Կը խորհիմ, որ եթէ ի սկզբանէ սա եղած է իրենց «առաջնահերթութիւնը», եւ տակաւին դոյզն արդիւնք մը իսկ չենք տեսած, ի՜նչ խօսք, ապա պարզ է, որ սիրցնելու եւ հաճելի դարձնելու «մեթո՛տը» պէտք է վերատեսութեան ենթարկել: Ըսե՞մ, թէ ի՛նչ «մեթոտի» կը հետեւին հայ վարժարանները,- հայերէնով ամենեւին «չեն ծանրաբեռներ» աշակերտը՝ վախնալով, թէ ան սրտի կաթուած կ՚ունենայ, Աստուած մի՛ արասցէ. որքան կարելի է, քիչ դասեր կամ պարտականութիւններ կու տան անոր, որպէսզի յանկարծ հայերէնին ծանր «բեռը» չզգայ ան ուսերուն: Ահա թէ ինչպէս մէկ օրէն միւսը յոյժ «հետաքրքրական» պիտի դառնան (իբր թէ) մեր մայրենին, պատմութիւնն ու գրականութիւնը: Ա՜խ, գիտէ՞ք՝ ինչի՛ կը նմանի այս,- երբ բանաստեղծ մը կը տառապի ընթերցող սիրաշահելու մոլուցքէն, կ՚ելլէ, այնքա՜ն կը պարզացնէ իր լեզուն, որ ի վերջոյ կը հասնի պարզունակութեան՝ դառնալով հեգնանքի ու ծիծաղի առարկայ: Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ ձեր իսկ ձեռքով,- թէկուզ ակամայ,- կ՚արժեզրկէք կամ, աւելի ճիշդը, կը հեղինակազրկէք մեր հայերէնը: Ինչո՞ւ զայն չէք պահեր իր բարձունքին վրայ: Վնաս չունի, թող աշակերտը ի՛նք փորձէ հասնիլ անոր: Հոգ մի՛ ընէք, սրտի կաթուած չ՚ունենար:

Երկրորդ՝ մեզ հայ պահելու կոչուած հա՛յ վարժարանը պարտի նախապայման մը դնել բոլոր աշակերտներուն առջեւ՝ դասարանը անցնելու համար. ըստ նախապայմանին՝ անոնք պէտք է առնուազն 80 միջին ապահովեն հայագիտական դասանիւթերուն: Ուրիշ ձեւ չկայ յաջողելու: Եւ այն ատեն տեսէ՛ք, թէ անոնք ինչպէ՛ս ժամանակ պիտի տրամադրեն հայերէնին, գիշերը ցերեկ պիտի ընեն, որպէսզի հայերէնը,- «դիւրի՜ն» հայերէնը,- չխաղայ իրենց փայլուն ապագայով: Այնուհետեւ հայերէն չսորվելու, անոր կարեւորութիւն չտալու եւ զայն անտեսելու «պերճանքը» կ՚ունենա՞յ արդեօք ոեւէ աշակերտ,- չեմ կարծեր: Բայց երբ որ ուսուցիչը ի՛նքը զզուած է իր մասնագիտութենէն, եւ այն կրակը, որով պէտք է խանդավառէր աշակերտները, ի սպառ մարած է հոգիին մէջ, դեռ ի՞նչ կարելի է ակնկալել: Աւելին՝ ինչպէ՞ս կարելի է տխմարի պէս մեղադրել անմեղ աշակերտները, երբ մեղաւորը նոյնինքն ուսուցիչն է: Երբ որ վերջինս, խորհելով, թէ «ասանկ-անանկ սորվող չկայ», «մանկապարտէզի» գրաւորներ կը պատրաստէ, աշակերտներուն ձախող նիշերը կը բարձրացնէ (մե՜ղք են, գոնէ հայերէնը թող չազդէ իրենց ընդհանուր միջինին վրայ)՝ առանց ստիպելու զանոնք, որ յաջորդին աւելի լաւը փորձեն ընել, այն ատեն աշակերտն ալ, տեսնելով, թէ կարելի է «խաղալով» յաջողիլ, «է՜հ,- կ՚ըսէ,- սորվիլս աւելորդ է»: Եւ կարծեմ իրաւացի ալ է, չէ՞ք կարծեր: Ինչո՞ւ ի զուր յոգնեցնէ միտքը: Գոնէ այն միւս՝ իսկապէս կարեւոր դասանիւթերուն վրայ աւելի կը կեդրոնանայ ան:

Խօսեցանք երկու կարեւոր կէտերու մասին: Հիմա երրորդը,- ու վերջի՛նը,- որ, ի դէպ, աւելի կարեւոր է, պետական քննութիւններուն հայերէնը որպէս պարտադիր դասանիւթ ներմուծելն է: Սեպենք, թէ անոր յատկացուած դասաժամերը զգալիօրէն աւելցուցինք, բացի այդ՝ վերոյիշեալ նախապայմանն ալ ի զօրու դարձուցինք,- մինչեւ հոս՝ հոյակապ,- ԲԱՅՑ եթէ դեռ պետական քննութիւններուն տեղ չունի հայերէնը, աշակերտը ի վերջոյ, որքան ալ փորձէ սիրել, «պիտի լքէ» զայն, թէկուզ ակամայ: Որովհետեւ այս պարագային իսկապէս ստիպուած է միւս դասանիւթերով զբաղելու, ապա թէ ոչ կը ձախողի ու դասարանը կը կրկնէ: Մենք ալ, ի հարկէ, չենք ուզեր, որ այդօրինակ դէպքեր պատահին, բայց ինչո՞ւ այնպէս մը չընել, որ միւս՝ աւելի կարեւոր դասանիւթերուն քովիկը իր արժանի տեղը ունենայ նաեւ հայերէնը: Վասնզի, ինչպէս գիտէք, ըլլայ դպրոցին եւ ըլլայ աշակերտին կողմէ, եթէ սա կամ նա դասանիւթը չկայ պետական քննութեանց, ան դատապարտուած կ՚ըլլայ բացարձակ անտարբերութեան: Ինչպէ՛ս, ա՜հ, ինչպէ՛ս չսիրելով հանդերձ ժամանակ կը տրամադրէինք այդ «զզուելի»ներու խմբակին՝ թուաբանութեան, արաբերէնին, արաբերէն պատմութեան, աշխարհագրութեան եւ յաւիտեան քարոզուող, բայց երբեք չգործադ-րըւող թերպիէին (ի՜նչ տհաճ կը հնչէ արաբերէնով): Արդեօք կրնայի՞նք գիրք չբանալ ու ըսել՝ ասանկ-անանկ պիտի յաջողինք (կամ՝ ուսուցիչը ինծի կ՚օգնէ, պէտք չունիմ մտահոգուելու),- ո՛չ, քանի որ մեր ապագան, այո՛, ապագան էին անոնք: Ինչո՞ւ հայերէնին ալ նոյն կարգավիճակը չտալ: Ինչո՞ւ ժամանցի վերածել զայն:

Վստահ եմ, որ պիտի ըլլան զիս սխալ հասկցողներ: Պիտի ըսեն. «Եղբա՛յր, մենք կը ջանանք դիւրացնել հայերէնը, դուն կը դժուարացնե՞ս»: Ես ալ պիտի պատասխանեմ. «Ո՛չ, ես չեմ դժուարացներ զայն, այլ անոր կու տամ ընդամէնը իր արժէքը»: Թող ան ալ ունենայ միւս դասանիւթերուն կարգավիճակը: Այնուհետեւ կը մտածենք զայն գրաւիչ ու հետաքրքրաշարժ դարձնելու մասին:

«Ժամանակ»/Պոլիս
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ