Շաբաթ, Ապրիլ 20, 2024

Շաբաթաթերթ

Հապալասը Մեզ Կը Պաշտպանէ Հիւանդութիւններէ

Հապալասը (blueberry), սննդաբան Սվետլանա Ֆուսի համաձայն, շարք մը օգտակար յատկութիւններ ունի:

Հապալասը մեծ քանակութեամբ սիլիցիում (silicon) կը պարունակէ, որու շնորհիւ կ՛ամրացնէ ոսկորները, կը բարելաւէ յօդերու շարժունակութիւնը, ինչպէս նաեւ՝ մաշկի, մազերու եւ եղունգներու վիճակը, յայտնած է ՌԻԱ Նովոսթին:

Հապալասը հարուստ է նաեւ երկաթով, իոտով, մանկանիզով եւ հակաօքսիտընթներով, որոնք նոյնպէս օգտակար են առողջութեան համար: Բացի ատկէ, այս պտուղը «միրթիլին» կը պարունակէ, որ կը նուազեցնէ շաքարի մակարդակը արեան մէջ:

«Թարմ հապալաս օգտագործելով մարդ արարածը կ՛իւրացնէ ատոր օգտակար յատկութիւններու միայն մէկ բաժինը, որովհետեւ կորիզները գրեթէ չեն մարսուիր: Միեւնոյն ժամանակ, պտուղի շատ արժէքաւոր նիւթեր կը յայտնաբերուին կորիզներու մէջ՝ ատոնց շարքին կան կարեւոր բաղադրիչներ. օմեկա ճարպաթթուներ, փոլիֆենոլներ, հակաօքսիտընթներ, փեքթիններ եւ քլորոճեն թթու»,- իր Instagram-ին վրայ ըսած է սննդաբանը:

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ