Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Արդեօ՞ք Դիմակ Կրել Քորոնա Ժահրի Դէմ Պատուաստումէն Ետք

Պատուաստուած քաղաքացիները պէտք է շարունակեն պաշտպանիչ դիմակներ կրել, հակառակ պարագային անոնք կրնան քորոնա ժահրի «սուփըր տարածող» դառնալ: Նման կարծիք յայտնած է մասնագէտ Վլատիմիր Պոլիպոք:

Մասնագէտին համաձայն՝ նոյնիսկ պատուաստուած անձ մը կրնայ ժահրի այնպիսի չափ մը ստանալ, որ կրնայ յաղթահարել դիմադրողական համակարգը եւ դառնալ հիւանդութեան պատճառ:

«Յաճախ պատուաստուած մարդիկ կը հիւանդանան «ասիմփթոմաթիք» ձեւով ու կը դառնան ժահրակիրներ եւ կը սկսին տարածել այդ ժահրը»,- բացատրած է Պոլիպոք հարցազրոյցի մը ընթացքին:

Անոր խօսքով՝ վարակուած անձի մը հետ անմիջական շփումի պարագային, պաշտպանիչ դիմակը մօտաւորապէս 25 անգամ կը նուազեցնէ վարակման կարելիութիւնը:

«Ժահրակիրի կողմէ դիմակ կրելը 4 անգամ կը նուազեցնէ շրջապատող մարդոց վարակման կարելիութիւնը», նշած է մասնագէտը:

Afhil.com

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ