Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայրենիքի Սահմաններու Անսասանութիւնը Բոլորիս Սրբազան Պարտքն Է

Հայաստանի սահմաններն  անհանգիստ են։ Ազրպէյճանը ամէն կերպ  կը դրդէ եւ կը հրահրէ։  Վերջին տարուան աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւնները տարբեր ձեւով կը մեկնաբանուին քաղաքական տարբեր գործիչներու եւ քաղաքական վերլուծաբաններու կողմէ։  Միեւնոյն իրադրութիւնը տարբեր երանգներով կը հնչեն, տարբեր կը մեկնաբանուին,  սակայն անքակտելի է մէկ բան՝ հայրենիքի սահմանները պէտք է ամուր եւ պաշտպանուած մնան։ Հայրենիքի սահմանները պարտաւոր  ենք ամուր եւ պաշտպանուած պահել։

Արցախեան 3 պատերազմnէն ետք բազմաթիւ հարցեր առաջացան, որոնք լուծում կը պահանջեն եւ օր օրի աւելի օրհասական կը դառնան։ Բազմաթիւ  հարցեր  երեք անյայտով հաւասարումներու կը նմանին, որոնք լուծել փորձելու ատեն 1000 անյայտ կը բացայայտուին, եւ լուծելը կը դառնայ անհաւանական իրականութիւն:

Հայ ժողովուրդէն շատեր, անհանգիստ եւ չվստահող՝  ոչ մէկ օր գլուխնին հանգիստ բարձին դրին, քնանալու ատեն։ Հայ ժողովուրդէն մաս մըն ալ,  չափազանց լաւատես եւ վստահող, շարունակեց ապրիլ կարծես պատահածը միայն դիպուած էր, որ ոչ մէկ ազդեցութիւն ունի հայոց պատմութեան վրայ։

Մենք մեր կեանքը կ’ապրինք, մտածելով մեր առօրեայ վայելքի եւ բարեկեցութեան մասին, հոգ տանելով մեր անձնական շահի մասին, մեծ մասամբ։ Բայց չէ՞ որ պատմութեան  դիտանկիւնէն ելլելով, մենք փոշիի հատիկի արժէք չունինք։ Մենք, անհատներս, ոչինչ ենք պատմութեան ոլորաններու մէջ։  Այս գիտակցութեամբ պէտք է դաստիարակել իւրաքանչիւր հայ՝ ծնած օրէն, որպէսզի երբ ժամը գայ հայրենիքի կամ անձի միջեւ ընտրութեան, առանց երկմտելու հայրենիքը դրուի առաջնահերթութիւններու շարքին, ամէն բանէ առաջ:  

Հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութիւնն ու անքակտելիութիւնը բոլոր-բոլորիս սրբազան պարտքն է։

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ