Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Սրտի Խօսք Արաքսի Մաճառեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Մահագրական

Սիրելի սգակիր հարազատներ, բարեկամներ եւ թանկագին հայրենակիցներ,

Այսօր թախծոտ տրամադրութեամբ հաւաքուած ենք այստեղ՝ ոգեկոչելու համար յիշատակը մեր սիրելի Արաքսի Մաճառեանին, որ 40 օրեր առաջ հրաժեշտ առնելով իր հարազատներէն ու բարեկամներէն՝ յաւէտ հեռացաւ այս աշխարհէն, լուռ ու անտրտունջ, ետին թողելով քաղցր յուշերու շարան մը, որպէս թանկագին նուէր՝ իր հարազատներուն ու բոլոր սիրելիներուն: Անոր մեկնումը խոր ցաւ պատճառեց ո՛չ միայն իր անմիջական ընտանեկան պարագաներուն, այլեւ Տէօրթ-Եոլցիներու մեծ ընտանիքի անդամներուն, որոնց շարքերը արագօրէն կը շարունակեն նօսրանալ՝ սիրելի հայրենակիցներու անդարձ մեկնումով:

Արաքսին ծնած էր 1930-ին, Իսքէնտերունի մէջ, ուր ապաստան գտած էին անոր ծնողքը Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, Ֆրանսական գաղութարար իշխանութեանց հոգատարութեան տակ: 1939-ին, երբ Ֆրանսացիները Ալէքսանտրէթի սանճագը յանձնեցին Քեմալական Թուրքիոյ, այդտեղ ապաստանած հայութիւնը վերստին ստիպուեցաւ հեռանալ ու գաղթել Միջին արեւելեան զանազան հիւրընկալ երկիրներ:

Իր սերունդի հայերուն վիճակուած ճակատագրով՝ Արաքսի՛ն ալ իր փոքր տարիքին՝ ճաշակած էր գաղթականութեան դառնութիւնները:

Պէյրութի մէջ հասակ առաւ ան ու մեծցաւ իր ծննդավայրէն հեռու, իր ծնողքին հովանիին տակ, որոնք իրենց զաւակներուն փոխանցեցին մարդկայնական ազնիւ արժէքներ եւ ազգային պատկանելիութեան զգացում: Տարիներ ետք, Ամերիկայի մէջ, Խաղաղական Ովկիանոսի այս օտար ափերուն՝ Արաքսին ու իր եղբայրները շարունակեցին կառչած մնալ իրենց տոհմային արմատներուն, անաղարտ պահելով իրենց ազգային ինքնութիւնն ու բարոյական սկզբունքները: Անոնց սիրտերը շարունակեցին բաբախել իրենց ծնողներուն պապենական գիւղին՝ Տէօրթ-Եոլին սիրով եւ հայրենի երդիքի կարօտով, առանց տեսած ըլլալու զայն եւ կամ առանց շնչած ըլլալու անոր նարնջաստաններուն անուշ բոյրը: Արաքսիին փոքր եղբայրը, մեր բոլորին յարգելի եւ սիրելի Սարգիս Մաճառեանը, իր մտաւորական հարուստ պաշարով, գրական արժանիքներով  ու ազգային ծառայութեան անդիմադրելի մղումով՝ հիմնադիր անդամներէն եղաւ Գալիֆորնիոյ Չորք Մարզպանի (Տէօրթ-Եոլի) հայրենակցական միութեան, եւ աւելի քան 25 տարի  որպէս ատենադպիր՝ իր խանդավառ մասնակցութիւնը բերաւ միութեանս մշակած ծրագիրներուն, ի խնդիր բարեսիրական ու մշակութային նպատակներու իրագործման, ազգապահպանման ճիգերուն, եւ հայրենակցական աւանդութիւններու եւ բարքերու փոխանցման՝ նոր սերունդի երիտասարդներուն:

Արաքսին իր գրաւիչ ու սիրուն տեսքով, վայելուչ ու շնորհալի վարուելակերպով, ինչպէս նաեւ իր դիւրահաղորդ բնաւորութեամբ, ընկերասիրութեամբ եւ ազնիւ ու բարի նկարագիրով արժանացած էր իր բոլոր բարեկամներուն եւ իր ամբողջ շրջանակին սիրոյն ու յարգանքին: 

Թոյլ տուէք այս առիթով Տէօրթ-Եոլի հայրենակցական միութեան վարչութեան եւ համայն անդամակցութեան խորազգաց ցաւակցութիւնները փոխանցել հանգուցեալին եղբօր՝ Սարգիս Մաճառեանին ու բոլոր հարազատներուն ու սիրելիներուն:

Աստուած լոյսերու մէջ պահէ Արաքսիին ազնիւ հոգին եւ մխիթարութիւն պարգեւէ իր բոլոր ընտանեկան պարագաներուն ու բարեկամներուն:

Որքա՜ն տեղին է այստեղ յիշել անմահ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեանի հետեւեալ տողերը որպէս յաւիտենական ճշմարտութեան գեղեցիկ մէկ նմոյշ.-

            Իսկ աննշան եթէ մնայ երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ
            եւ յիշատակս ալ թառամի, ա՜հ  ա՛յն ատեն ես կը մեռնիմ:

 Արաքսիին յիշատակը անթառամ պիտի պահենք մեր հոգիներուն մէջ անկասկած:

Պատրաստեց՝ Գէորգ Յակոբեան

                                                                                                 Ատենադպիր Չորք Մարզպանի

                                                                                  Հայրենակցական Միութեան                                                                                                           
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ