Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 24, 2024

Շաբաթաթերթ

Դժուարին Գոյավիճակ – Վերականգնում

ՍԱՐԳԻՍ Յ. ՄԻՆԱՍԵԱՆ

Փութին – Էրտողան – Ալիեւ ծրագրուած ու գործադրուած նուաճողական քաղաքականութիւնը, Արցախի Հանրապետութեան տարածքներու երկու երրորդ գրաւումով, հազարաւոր զոհերով, ծանր հետեւանքներ ունեցաւ հայրենաբնակ ժողովուրդին։ Քառասուն չորս օրերու կարճատեւ պատերազմին (Սեպտեմբեր 26-էն Նոյեմբեր 9, 2010) 44 օրերու կարճատեւ պատերազմին վերջ տրուեցաւ, Ռուսաստանի միջամտութեամբ եւ անոր կողմէ պարտադրուած զինադուլով, որուն շուրջ կանխաւ համաձայնած էին Էրտողանը, Փութինը եւ Ալիեւը։ Ծանր էին հայկական բանակին ու շրջանի հայաբնակչութեան կորուստները, որոնց դարմանումը կը կարօտէր հետեւողական, երկարատեւ ապաքինումի։

Զուգահեռաբար, Հայաստանի քաղաքական հոսանքներու պահանջքով, Ազգային Ժողովը լուծարքի ենթարկուելով, տեղի ունեցան արտահերթ ընտրութիւններ Յունիս 20, 2011-ին։

«Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը հաւաքելով ընտրական ձայներուն 53.92 առ հարիւրը, կամ՝ 687.251 քուէ, իսկ ընդդիմադիր «Հայաստան Դաշինքը»՝ 268.165 քուէ, ձայներուն 5.23 առ հարիւր համեմատութեամբ։ Նիկոլ Փաշինեանի համախմբումը յաղթական հանդիսացաւ։

Միջազգային հաւանութեան արժանացած ընտրութեանց արդիւնքէն ետք, ընթացք առած են արդէն ապաքինումի ու բնականոն կեանքի նախաձեռնութիւններ։

Մէկ օրէն միւսը հրաշք պիտի չգործէր նոր իշխանութիւնը։ Պատերազմէն ետք, երկար ժամանակի կը կարօտի ապաքինումի հոգեբանական ալ վերականգնումը, որովհետեւ կեանքի կորուստները խոր սպիներ յառաջացուցած են։

Զուգահեռաբար, ի՞նչ դիրքորոշում առած է միջազգային դիւանագիտութիւնը։ Ամէնէն շօշափելի բայց վտիտ արդիւնաւորում մը ունեցած է գերի հայ զինուորներու սահմանափակ թիւով ազատ արձակման։

Ռուսական Դաշնութիւնը Արցախի մէջ իր զինուորական ներկայութեամբ, ու խաղաղապահի իր դերով, պիտի փորձէ միահեծան տիրապետել կացութեան պահպանման։ Ատրպէյճանը, հրետանիի ռմբակոծումներու դիմելով, Հայաստանի այլազան շրջաններու սահմաններէն ներս թափանցումներ կատարած է։ Ռուսական խաղաղապահ զօրքերը ցարդ չեն դիմած զինուորական ուժի միջամտութեան, այլ գոհացած կողմերը մղելու դիւանագիտական միջոցառումներու։ Ազերիներու կողմէ, մանաւանդ սահմանային վերջին թափանցումները, եւ հրետանիի օգտագործումը, առիթ պէտք է ընծայեն Ռուսաստանը մղելու դաշնակիցի իր պարտաւորութեանց՝ զինուորական օգնութեան փութալով դաշնակից Հայաստանին, ուր ժողովրդային ընդհանուր վրդովում յառաջացած է։ Փութին յայտարարութեամբ մը փութաց շնորհաւորել Փաշինեանը, որ նախընտրեց բանակցութիւններով փոխադարձ հասկացողութեան մը գալ վերոյիշեալ դէպքերու կապակցութեամբ։

Զուգահեռաբար, Մինսքի խորհուրդը դատապարտեց զինադուլի խախտումները Ատրպէյճանի կողմէ։ Մինչ այդ ակնարկութիւններ կատարուած են ֆրանսական զօրքերու առաքման կարգ մը անհանդարտ շրջաններ։ Նաեւ խոստումներ կան այլազան երկիրներու կողմէ, ու մանաւանդ՝ Եւրոպական Միութեան, նիւթական ու տնտեսական օժանդակութիւններ ընծայելու Հայաստանին։ Այդ խոստումները լաւ են եթէ գործադրուին առանց յապաղումի։

Հարաւային Ասիոյ, եւ յատկապէս Աֆղանիստանի ընդհանուր գոյավիճակի վերջին զարգացումները՝ ամերիկեան զօրքերու քաշուելով, Սուրիոյ, Իրաքի ու Քիւրտիստանի գոյավիճակներուն ձեւաւորումով, նոյնպէս կը կարօտին ժամանակի։ Մէկ խօսքով, ամերիկեան քաղաքականութեան առնելիք զարգացումը շրջանին մէջ հիմնական դեր մը պիտի ունենայ ընդհանուր կացութեան առնելիք ընթացքին մէջ։ Վերոյիշեալ դէպքերու զարգացման մօտէն կը հետեւի նաեւ Պարսկաստանը։

Այս բոլոր նկատումներէն ետք, Միացեալ Նահանգներ – Չինաստան մրցակցութեան զարգացումը, բնականաբար, մէկնակէտ պիտի ծառայէ, ատեն-ատեն ազդելով շրջանային դիրքորոշումներու։

Ռուսական Դաշնութիւնը ընկրկումի մէջ է Եւրոպայի մէջ մանաւանդ։ Իսկ Կովկասեան ճակատի վրայ, Փութին չուշացաւ գործակցելու Թուրքիոյ հետ, ի վնաս իր փոքրիկ դաշնակիցին՝ Հայաստանին։ Ատրպէյճան աւելիով օգտուեցաւ, վերագրաւելով 1994-ին կորսնցուցած իր հողամասերը։ Ներկայիս անիկա կը համարձակի ամէն օր սահմանային թափանցումներ կատարել, մինչեւ իսկ համարձակելով ազերիական նկատել շր՚ջանի հայկական տարածքները մինչեւ Երեւան։

Ատրպէյճանական կողմը ամբարտաւան վարուելակերպ մը որդեգրած է, Արցախի մէկէ աւելի շրջաններու մէջ, միաժամանակ ռմբակոծումի ենթարկելով նաեւ Հայաստանի սահմանամերձ կարգ մը շրջանները, մանաւանդ Սիւնիքի մէջ։ Բնականօրէն, հայկական կողմը հակադարձած է իր հրետանիով։

Անհաւանական չէ, կամ բաղձալի է, որ Էրտողան ու Փութին հեռանան – կամ՝ հեռացուին – իշխանութենէ իրենց մենատիրական իշխանավարութեան հետեւանքով։՝ Համաշխարհային նպաստաւոր կացութիւն պիտի ստեղծուի անոնց մեկնումով…

Հայաստանին կը մնայ ներքնապէս զօրանալ բոլոր բնագաւառներէ ներս, ճարտարագիտական նորագոյն զարգացումներով, բանակի արդիականացումով ու զէնքի ուժով, ինչպէս նաեւ՝ տնտեսապէս։

Հայաշխարհը պիտի վստահի իր ստեղծագործ հանճարին, լծուելով իրաւ համագործակցութեան աշխատանքին։

Բազմադարեան հայ ժողովուրդը գոյատեւած է կառչելով իր բնածին ներուժին։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ