Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2024

Շաբաթաթերթ

Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Կատարած Հովուական Այցելութիւնները

     Օգոստոս Ամսուայ Առաջին Շաբթուան Արեւմտեան Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Կատարած Հովուական Այցելութիւնները

Կիրակի, 1 Օգոստոս 2021-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը ուղեկցութեամբ, Ս. Ներսէս Ընծայարանի ուսանող Բրշ. Կարէն սրկ. Համամճեանի` հովուական այցելութեան մեկնեցաւ Ռիտլիի Սբ. Սահակ-Մեսրոպ Հայց. Եկեղեցի: Առաջնորդ Սրբազան Հօրը մեծ ուրախութեամբ եւ բարի գալուստի մաղթանքով դիմաւորեցին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւը, ծխական եւ յարակից մարմիններու անդամները:

     Այնուհետեւ, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր` մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ պատարագ, յընթացս որու Ս. Սեղանին վրայ կը սպասաւորէին` Արժ. Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Առաքելեանը եւ Ալան Եղիա Սրկ. Ճէնտեանը:

     Սուրբ Պատարագի ընթացքին` Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը կիսասարկաւագութեան աստիճան շնորհեց Սարգիս Պետրոսեանին, ով երկար տարիներ` իր նուիրեալ ծառայութիւնը կը բերէ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզին ընդմէջէն յատուկ կերպով շնորհաւորեց նորոգ ձեռնադրեալ Սարգիս ԿիսաՍրկ. Պետրոսեանը, ինչպէս նաեւ իր ջերմ ու սրտագին բարեմաղթութիւնները եւ օրհնութիւնը փոխանցեց ծուխի անդամներուն` յորդորելով, որպէսզի առաւել մեծ նուիրումով, անկոտրում կամքով ու եռանդով շարունակեն իրենց ծառայութիւնը` տէրունահիմն ու  առաքելաշաւիղ մեր Սուրբ եկեղեցուն:

     Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր գլխաւորութեամբ բոլոր ներկաները թափօրով ուղղուեցան դէպի եկեղեցւոյ հանդիսութեանց սրահ` ուր տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն եւ ճաշկերոյթ կազմակերպուած` ծխական խորհրդի կողմէ: Օրուան ծրագիրը եզրափակուեցաւ Սրբազան Հօր <<Պահպանիչ>> աղօթքով:

Այցելութիւն Թըրլաք Եւ Տնօրհնէքի Արարողութիւն  Սուրբ Խաչ Հայց. Եկեղեցւոյ Մէջ

          Ռիտլիի մատուցած Սուրբ Պատարագէն յետոյ, Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը հովուական այցով մեկնեցաւ Թըրլաք քաղաք, ուր տեղի Սուրբ Խաչ Հայց. Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ Սրբազան Հօրը դիմաւորեցին Թըրլաքի եւ Մոտեստոյի շրջանէն ժամանած աւելի քան 60 հաւատացեալ հայորդիներ, ներկաներուն մէջ էր նաեւ Թըրլաքի քաղաքապետ` Տիկին Էմի Բաբլոքը: Դիմաւորման եւ բարի գալստեան արարողութենէն յետոյ` Սրբազան Հայրը <<Տնօրհնեաց>> կարգ կատարեց եւ աղօթք վեր առաքեց առ Աստուած ի շինութիւն եւ ի պայծառութիւն Հայց. Եկեղեցւոյ եւ հաւատաւոր հայ ժողովուրդի: Ապա Առաջնորդ Սրբազանը մտերմիկ զրոյց ունեցաւ ներկաներուն հետ, որոնք ընկերային ջերմ ու անմոռանալի պահ մը ապրեցան իրենց Առաջնորդին հետ:  Գերաշնորհ Յովնան Արք. Տէրտէրեանը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Թըրլաքի եւ Մոտեստոյի հայութիւնը՝ որմէ յետոյ իր մասնաւոր երախտագիտութիւնը յայտնեց Բարեշնորհ Դանիէլ Սրկ. Այտէնեանին եւ անոր ընտանիքին, ըսելով. <<Դուք Քրիստոսի իրական դեսպաններն էք այս համայնքի մէջ եւ մեր Տիրոջ Սուրբ Աւետարանի լոյսի տարածողները>>:  

       Ուստի առ ի գնահատութիւն Թըրլաքի հայութեան հաւատքի կեանքին մէջ ցուցաբերած բացառիկ նուիրումի եւ նախանձախնդիր ծառայութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը Բարեշնորհ Դանիէլ Սրկ. Այտէնեանին նուիրեց` Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի պատկերը ներկայացնող հայ միջնադարեան մանրանկարչութեան արուեստի գեղեցիկ օրինակ մը: Աւարտին` ի պատիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն եւ հիւրասիրութիւն:

Հովուական այց Սաքրամենթո եւ Քարսոն Սիթի

      Նոյն օրը, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը՝ ուղեկցութեամբ Միքայէլ Սրկ. Միսաքեանի, Թըրլաքէն հովուական այցելութեան մեկնեցաւ Սաքրամենթօ, ուր հանդիպում ունեցաւ Սուրբ Յակոբ Հայց. Եկեղեցւոյ  ծխական խորհուրդի անդամներուն եւ շրջանի հոգեւոր հովիւ` Տ. Եղիշէ Քհնյ. Քսաչիկեանին հետ: Հոգեւոր հովուի կողմէ Սրբազան Հօր ուշադրութեանը ներկայացուեցաւ ծուխի ընթացիկ եւ հեռանկարային գործունէութեանը վերաբերող  շարք մը նիւթեր, ինչպէս նաեւ քննարկուեցաւ նոր ձեռք բերուած եկեղեցւոյ օծման եւ նուիրագործման ժամկետներու հարցերը:

     Առաջնորդ Սրբազան Հօր` Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի օրուան հովուական այցի վերջնակէտը` Քարսոն Սիթի քաղաքն էր: Ուր Սրբազան Հօրը մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեցին տեղի քաղաքապետ` Տիկին Լորի Բոգվել Ուիլը, համայնքի ղեկավար` Տիկին Թամար Սարգիսեան Ուորենը, ինչպէս նաեւ տեղի ծխական համայնքի անդամները:

     Հանդիպման ընթացքին` Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց համայնքի անդամներուն նուիրուածութիւնը Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ սրբազան աւանդոյթներուն եւ հուսկ երախտագիտութեան խօսքեր ուղղեց Տիկին Թամար Սարգիսեան-Ուորենին` ջերմ ընդունելութեան կազմակերպման եւ քաղաքապետ Տիկին Լորի Բոգվել Ուիլին` Քարսոն Սիթիի հայ համայնքի հետ սերտ կապերու հաստատման, ամրապնդման  եւ աջակցութեան համար:

Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Այցելութիւնը Ճամբար

     Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը Օգոստոսի 5-էն 6-ը այցելեց Արեւմտեան Թեմի հովանու ներքոյ գործող Ճամբար, ուր այնքան սպասուած եւ յիշարժան հանդիպում մը ունեցաւ ճամբարականներու հետ:

      Ճամբարի բացօթեայ մատրան մէջ, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր` մատուցուեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, որի դպրաց եւ սարկաւագաց բաժիններու երգեցողութիւնը կատարուեցաւ ճամբարականներու կողմէ: Իր քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը դիմելով ճամբարականներուն ըսաւ. <<Սիրելի ուստրեր եւ դուստրեր, աղօթքի եւ խորհրդածութեան այս շաբաթը, որ մշտապէս կը շաղախուի սպորտի, ազգային երգի ու երաժշտութեան միաձուլումով, աներկբայօրէն կը ստեղծէ գեղեցիկ յիշողութիւններու մի անմոռանալի շղթայ, ինչին կը գումարուի նաեւ Ճամբարի այս շքեղ բնութինը իր անզուգական գրաւչութեամբ, որը  ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ Աստուծոյ հրաշալի ստեղծագործութեան առհաւատչեան>>:

    Ապա Ս. Պատարագի աւարտէն յետոյ Սրբազան Հայրը յաջողութիւն մաղթելով եւ հրաժեշտ տալով ամենուն  ճանապարհուեց դէպի Պըրպէնք` Առաջնորդարան, նախապատրաստուելու համար յառաջիկայ հովուական այցելութիւններուն:

Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Հովուական Այցը Վիքթըրուիլ

       Երեքշաբաթի, 10 Օգոստոս, 2021-ի երեկոյեան, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանը, ուղեկցութեամբ Տ. Գէորգ Քհնյ. Աբեանի` հովուական այցելութեան մեկնեցաւ Վիքթըրուիլ, ուր հիւրընկալուեցաւ եկեղեցւոյ ծխական խորհրդի ատենապետ Տէր եւ Տիկին Վարուժան եւ Ռիթա Թագւորեաններու բնակարանին մէջ, հանդիպման ներկայ էին Վիքթըրուիլի ծուխի հոգեւոր հովիւ` Տ. Վաչէ Քհնյ. Հայրապետեանը, ծխական խորհուրդի եւ տիկնանց միութեան անդամներ, սարկաւագներ եւ տասնեակ հաւատաւոր հայորդիներ: Տնօրհնէքի աղօթքէն եւ բարի գալստեան խօսքերէն ետք Առաջնորդ Սրբազան հայրը մտերմիկ զրոյց ունեցաւ ներկաներուն հետ, որոնք ընկերային ջերմ ու անմոռանալի պահ մը ապրեցան իրենց Առաջնորդին հետ:

     Ծուխի հոգեւոր հովիւ` Տ. Վաչէ Քհնյ. Հայրապետեանը, ինչպէս նաեւ ներկայ հաւատացեալները հերթաբար իրենց սրտի անկեղծ երախտիքի խօսքերը եւ ուրախութիւնը յայտնեցին Սրբազան Հօրը, այս նուիրական այցին եւ շատ սպասուած առիթին համար, վստահեցնելով, որ Առաջնորդ Սրբազան Հօր այցը իրենց համայնքային եւ ծխական կեանքին համար նոր խթանիչ եւ արդիւնաւոր ուժ մը պիտի հանդիսանայ:

      Յովնան Սրբազանը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Հոգեւոր հովուին եւ ծխական խորհրդին՝ իրենց կազմակերպուածութեան եւ պատրաստուածութեան համար՝ շեշտելով, որ Վիքթըրուլի հայ համայնքը Արեւմտեան Թեմի կեանքին մէջ կարեւոր դեր ու նշանակութիւն ունի եւ պէտք է բոլոր միջոցներն ու ջանքերը առաւելաբար գործի դնել` ի նպաստ ծուխի զարգացման եւ յառաջխաղացման:  

       Սրբազան Հայրը այցի աւարտին` յուրախութիւն ներկաներուն,  յայտնեց,  որ յառաջիկային կը նախատեսէ եպիսկոպոսական Ս. Պատարագի մատուցում  Վիքթըրուիլի ծուխի մէջ եւ ապա օրհնելով բոլորին, հրաժեշտ տուեց` յաջողութիւն մաղթելով իրենց ազգաշէն եւ եկեղեցանուէր գործունէութեան մէջ:

Դիւան Առաջնորդարանի
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ