Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդը Անգամ Մը Եւս Ի Մի Եկաւ Ու Վերահաստատեց Իր Հաւաքական Յանձնառութիւնը Շարունակելու Իր Առաքելութիւնն Ու Ծառայութիւնը

Աւելի քան մէկ տարի քորոնավիրուսի պարտադրած սահմանափակումներէն ետք, Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդը անգամ մը եւս ի մի եկաւ Յունիս 30, 2021-ին, ու վերահաստատեց իր հաւաքական յանձնառութիւնը շարունակելու Իր առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը։

Իր օրակարգին վրայ, Խորհուրդը յատկապէս քննարկեց հետեւեալ հարցերը։

  • Լսելէ ետք Քալիֆորնիոյ ընտրական օրէնքի եւ ընտրատեղամասերու Վերադասաւորման հետ կապուած փոփոխութիւններու մասին մանրամասն զեկոյց մը որ պատրաստուած էր Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներուն կողմէ, Խորհուրդի մասնակիցները արձանագրեցին իրենց խոր մտահոգութիւնները գալիք փոփոխութիւններուն ուղղութեամբ։ Արդարեւ, մինչ Քալիֆորնիոյ Նահանգը հաւանաբար կորսնցնէ մէկ աթոռ ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու Տան մէջ, կրնայ նաեւ մտահոգիչ ըլլալ որոշ ընտրատեղամասերու վերադասաւորումը նոյն ինքն հայ համայնքի շահերէն մեկնած։ Հետեւաբար, Խորհուրդը արձանագրեց որ համայնքի բոլոր կազմակերպութիւններն ալ այս գծով զգօն մնան, ու նպաստեն ի հարկին ճնշում բանեցնելու համապատասխան կառոյցներուն վրայ՝ յօգուտ մեր համայնքի իրաւունքներուն։
  • Խորհուրդս ծանօթացաւ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Ատենապետուհիին եւ ներկայացուցիչներուն կողմէ ներկայացուած խիստ շահեկան զեկոյցի մը, Յատկապէս Արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք պարզուած իրավիճակին։ Գոհունակութիւն յայտնուեցաւ մասնաւորաբար այն մասին թէ Հիմնադրամի ծրագիրները կը շարունակուին, յատկապէս Արցախի մէջ տեղահանուած հայորդիներու համար յարմարաւետ բնակելի տուներ տրամադրելու գծով։ Յատուկ շեշտ դրուեցաւ լայնօրէն ու ամենայն թափանցիկութեամբ հայ հանրութեանը զեկուցելու եւ իրազեկելու անհրաժեշտութեան մասին։
  • Խորհուրդս քննարկեց համայնքին համար, եւ զայն յուզող շարք մը հարցերու գծով խորհրդաժողովներ կազմակերպելու կարիքին մասին, բան մը որ իր անդրանիկ յայտարարագրով Խորհուրդս խոստացած էր ժողովուրդին, բայց որ համաճարակային պայմաններու մէջ անկարող եղած էր իրականացնել։ Ստեղծուեցաւ աշխատանքային խումբ, նշուած գործը ճամբայ դնելու նպատակով։

Խորհուրդս որոշեց յաջորդող օրերուն աւելի եւս թափ տալ իր աշխատանքներուն, առաջին հերթին յաջորդ հանդիպում մը ունենալով մինչեւ մէկ ամիս:

Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդի անդամ կազմակերպութիւններ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցի Արեւմտեան Թեմ

Առաջնորդարան Հայոց ԱՄՆահանգներու Արեւմտեան Թեմ

Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Միութիւն

Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Oգնութեան Միութիւն

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Շրջան

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Նահանգներու Շրջան

Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն

Թէքէեան Մշակութային Միութիւն

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն

Միացեալ Հայ Երիտասարդներ

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ

Ամերիկայի Հայկական Համագումար

Հայ Իրաւաբանական Միութիւն

Պոլսահայ Միութիւն

Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւն

Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւն

Լոս Անճելըսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւն

Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն

Ծառայողական Աշխատողներու Միջազգային Միութիւն

Հարաւային Գալիֆորնիոյ Հայ Դեմոկրատներ

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ