Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեծ Իրաքէն Փոքր Հայաստան

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Կեանքը տարբեր էր Իրաքի մէջ: Շատ բարգաւաճ գաղութ էր, եւ լաւ կեանք ունէինք»:

Անդօ եւ Շաքէ Արամեաները Ալմելօ, Հոլանտա հասած են Իրաքէն` 2012 թուականին: Անոնք կու գան Պաղտատէն: Անդոն ինքնաշարժներու մասնագէտ-վարպետ եղած է:

Յստակ է, թէ անոնք ինչո՛ւ այդ «տարբեր կեանքը» ձգելով եկած են Ալմելօ` նոր կեանք մը սկսելու: Իրաքը եւ հաւանաբար միջինարեւելեան մնացեալ բոլոր երկիրները իրենց քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային դժուարութիւններով եւ պայքարով կը ստիպեն որ մարդիկ դիմեն դժուարին ընտրանքներու: Իսկ դժուար ընտրանքը, այս պարագային, լաւ կեանքը ձգելով ուրիշին անցնիլն է. աւելի լաւի՞ն…

Ալմելօ Հոլանտայի արեւելքը գտնուող գեղեցիկ քաղաք մըն է: Հոլանտան ամբողջ ինքնին գեղեցիկ է: Թէեւ լեռներ չունի, բայց անոր կանաչ մարգագետիներն ու անտառները ծածկած են երկրին ամբողջ տարածքը եւ անոր կու տան յատուկ գեղեցկութիւն: Իսկ կանաչ մարգագետիներու վրայ կ՛արածին նաեւ անասունները` ստեղծելով ներդաշնակ կեանք մը` մարդ, բնութիւն եւ անասուն միաձուլուած: Ալմելոն անմասն չէ ամբողջ երկրին այս գեղեցկութենէն: Եօթանասուն եւ երկու հազար բնակչութիւն ունեցող այդ գեղեցիկ քաղաքը նաեւ առիթը տուած է հայկական իրականութեան մը ստեղծումին` մօտաւորապէս վեց հազար մարդ հաշուող գաղութով: Այս վեց հազարը, ինչպէս Անդոն մեր զրոյցին ընթացքին յաճախ կրկնեց, «Փոքր Հայաստան» մըն է:

Շաքէին ընտանիքը եւ հարազատները Հայաստան հաստատուած են: Մեր խօսակցութենէն արդէն կը նկատէի, թէ կը զրուցէի զոյգի մը հետ, որոնց մէջ հայկականութիւնը շատ ամուր կերպով խարսխուած է: Բայց այդ միայն իրենց անձնական եւ ընտանեկան կեանքին համար չէ: Անոնք այս եւրոպական «ազատ» աշխարհին մէջ կ՛ուզեն իրենց հայկականութիւնը բաժնեկցիլ իրենց շրջապատին հետ:

«Ժամանակի թաւալումին հետ որքան հայ սերունդները կը փոխուին, հայութեան հետ կապը կը տկարանայ: Չափազանց ազատութիւնն ալ շատ օգտակար բան մը չէ եղեր: Նոր սերունդին մէջ շատ միտում եւ ձգտում կայ առնչուելու տեղացի ժողովուրդին հետ»: Շաքէն հայ մայրն է, որ կը գիտակցի իր հայկական ինքնութեան կարեւորութեան եւ զայն նոր սերունդին փոխանցելու անհրաժեշտութեան: Ան երկար տարիներու փորձառութիւն ունի ազգային կեանքի մէջ, մաս կազմած է Հայ օգնութեան միութեան, ուր տակաւին  գործօն  անդամ է եւ կրնայ լաւապէս տեսնել հայկական իրականութեան ներկայ ընթացքը:

Րաֆֆի Թերզեանը 1993 թուականին եկած է Պաղտատէն: Ան վկայուած է Պաղտատի համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժանմունքէն: «Հոլանտա չկրցայ գործ մը գտնել, քանի որ վկայականս կարելի չէր վաւերացնել»: Այս ալ այլ մարտահրաւէր մըն է նոր երկիր երթալու ընտրանքին մէջ:

Րաֆֆին ՀՄԸՄ-ի պատասխանատու անդամներէն մէկն է: Նուիրուած հայ մը,  որ կ՛ուզէ հայ երիտասարդը ամէն գնով կապել հայկականութեան: «Արաբական աշխարհին մէջ հպարտ էինք մեր հայկական ինքնութեամբ: Հոս` Եւրոպայի մէջ, տարբեր է: Երիտասարդներ շատ աւելիով կ՛ուզեն նմանիլ եւ յարմարիլ տեղական պայմաններուն : Այս իմաստով շատ դժուար է երիտասարդները հայկական իրականութեան հետ առնչելը»:

Բայց Րաֆֆի լաւատես հայ է: Ան պատասխանատուութիւնը ստանձնած է կազմակերպելու համար տարբեր մարզական խաղեր եւ խումբեր` այդպիսով հայ երիտասարդները առնչելու համար հայկական իրականութեան: «Ֆութպոլը կը հրապուրէ երիտասարդները», ըսաւ Րաֆֆին, որուն դէմքին վրայ գծուած պզտիկ ժպիտին մէջէն կրցայ տեսնել յուսահատիլ չճանչցող հայ մարդը:

Ան հայր է երեք զաւակներու: Երեք պատանի-երիտասարդներ մեծցնելը Արեւմուտքի «ազատ» համակարգի մէջ ունի իր մտահոգութիւնները` յատկապէս ներկայ օրերու ապակրօն կարգավիճակներու մէջ:  «Զաւակներուս անդադար պէտք է սորվեցնեմ, թէ ի՛նչ է ճիշդը եւ ի՛նչ է սխալը»: Տան դաստիարակութեան հաւատացողն է Րաֆֆին, որ կը փորձէ ամէն գնով զաւակները լաւ հայ մեծցնել:

1998 թուականին Րաֆֆի փոխադրուած է Ալմելօ: «Ուզեցի ապրիլ քաղաքի մը մէջ, ուր հայութիւն կայ: Հայու կարօտը ունէի եւ ուզեցի ապրիլ հայերու հետ»:

Սկսայ տեսնել, թէ կը խօսիմ չափահաս հայու մը հետ, որ ունի հայութեամբ տրոփող սիրտ մը: « Հայութիւնը ամէն ինչ է ինծի համար», շարունակեց Րաֆֆի: Եւ այս «ամէն ինչի» տեսլականին համար կան մեծ զոհողութիւնները, որոնց լաւապէս կը գիտակցի ան:

Կարելի չէր չզրուցել արցախեան քառասունչորս օրերու պատերազմին մասին: Կը խօսէի ոչ միայն տոկուն նկարագիրով հայերու հետ, այլ նաեւ ու նոյնքան` մտահոգ: «Հայութիւնը էութիւն է ինծի համար,- ըսաւ Անդոն: – Առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդն ենք»: Անդոն կեանքին մէջ երկու բեռ շալկած մարդն է: Մէկը մարդու բեռն է, միւսը` հայուն, ինչպէս որ ան բացատրեց: Այս երկու բեռերը ան կը շարունակէ շալկել իր ուսերուն` իբրեւ «քաղցր լուծ»: Բայց այս բեռան տակ չկքելու համար կը հաւատայ հայրենիքի զօրութեան: «Հայրենիքը մեր արմատները կը պահէ եւ մեզ կը զօրացնէ», ըսաւ ան:

Արցախեան վերջին պատերազմը ծանր ճնշած է Անդոյին վրայ: «Հոգեկան հիւանդ պիտի դառնանք», ըսաւ ան` յուզումով: «Շատ անգամ կը մոռնամ», շարուակեց Անդօ, իսկ մոռնալէ աւելի կայ մտահոգութիւնը… «Հայրենիքը մեր ձեռքէն կ՛երթայ, եւ չենք կրնար բան մը ընել», աւելցուց ան:

Կը նայիմ Րաֆֆիին ու Շաքէին դէմքերուն, անոնք նոյնպէս կ՛արտայայտէին Անդոյի մտահոգութիւնը:

Ալմելոյի մտահոգութիւնը… Բայց հայկական ո՞ր անկիւնէն եւ աշխարհի ո՞ր տարածքին` չկայ Անդոյին մտահոգութիւնը: Հայրենիքի եւ անոր բարօրութեան մտահոգութիւնը: Հայրենիքը, որ մեր ձեռքէն կ՛երթա՞յ…

Բայց ո՛չ, հայրենիքը պիտի մնայ: Կայ Ալմելոյի հայուն վճռակամութիւնը:

Ձախէն աջ` Նուպար Մարտիրոսեան, Անդօ եւ Շաքէ Արամեաններ, Հրայր Ճէպէճեան

Նուպար Մարտիրոսեան 1990 թուականին Պաղտատէն եկած է Ալմելօ: Ան եղած է հիմնադիր անդամ ՀՄԸՄ-ի` 1997-ին: «Այս գաղութը մեզի համար փոքրիկ Հայաստան է», ըսաւ Նուպար, բայց փոքր Հայստանը եւ զայն պահելը միայն խօսք չէ: Նուպարը ընդհանուր պատասխանատու-մատակարարն է ՀՄԸՄ-ի նորակառոյց մարզական-մշակութային կեդրոն-համալիրի շինարարական աշխատանքին:

Նուպար ոչ միայն համբերութեամբ, այլ նոյնքան բծախդրութեամբ եւ մանրամասնօրէն ցոյց տուաւ ինծի նորակառոյց կեդրոնին տարբեր բաժինները: Բաւական գործ իրականացած է: «Եթէ համավարակը չըլլար, արդէն պիտի ամբողջացնէինք շինարարութիւնը», ըսաւ Նուպար:

Կը տեսնէի, բայց նաեւ կը զգայի Նուպարին միտքը, եւ թէ ինչպէս արհեստագիտութեան ամէնէն նորարար հնարքներով կ՛ուզէր լաւագոյն համալիրը մէջտեղ հանել: Միտքէն աւելի, կը տեսնէի որ ան իր սիրտն է, որ դրած է համալիրին մէջ: Նուպարը հայն է` վճռական, որ կ՛ուզէ տեսնել, թէ այս շինարարական գործը պիտի ամբողջանայ: Մօտաւորապէս վեց հազար յիսուն մեթր քառ. հողաշերտի վրայ Ալմելոյի հայերը կը փորձեն այս համալիրը իրականացնել:

Րաֆֆին, Շաքէն եւ Անդոն ալ կ՛ընկերակցէին ինծի: «Այս կեդրոնը պիտի իրականացնենք, որպէսզի հայութիւնը հպարտ զգայ», ըսաւ Րաֆֆի:

Կը խօսէի նուիրեալ հայերու հետ, որոնք կը հաւատան կառոյցին եւ անոր դերին` հայապահապանումի մեծ առաքելութեան: «Կը յուսամ, որ մեր երիտասարդները այս կառոյցին տէրը ըլլան եւ մնան», ըսաւ Նուպար:

ՀՄԸՄ-ի այս նորակառոյց մարզական-մշակութային համալիրը փոքր Հայաստան մըն է, իսկ փոքր Հայաստանի ապացո՞յցը:

Նուպարին խանդավառութիւնը հասաւ բարձրագոյն մակարդակի, երբ ան ցոյց տուաւ համալիրին երկու կամարները, որոնք լերան մը ձեւաւորումը ունին: «Այս ալ ըրինք, որպէսզի մեծ ու փոքր Մասիսները պահենք», ըսաւ Նուպար:

Հպարտ Նուպարը: Անպայմանօրէն հպարտ Ալմելոյի հայերը:

2003 տարին հիմնուած է Հայ առաքելական Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որուն շուրջ համախմբուած է հայութիւնը: Պէտք է գիտնալ, թէ իւրաքանչիւր կիրակի օր ս. պատարագին հոծ բազմութիւն մը ներկայ կ՛ըլլայ: Հայուն քրիստոնէական հաւատքը եւ ազգային ինքնութիւնը միշտ ալ զուգորդուած եղած են պատմութեան առանցքին: Եւ այս երկուքը պահելու համար եկեղեցին միշտ ալ կեդրոնական տեղ գտած է հայու կեանքին մէջ: Նաեւ` Ալմելոյի մէջ:

Օննիկ Կելիճին Թուրքիայէն եկած է 1971 թուականին: Ան կու գայ Շըրնաք գիւղէն` Իրաքի սահմանը: Օննիկ ատենապետն է եկեղեցւոյ վարչութեան: Ստիպուած էի Օննիկին հետ խօսիլ քիչ մը անգլերէն եւ քիչ մըն ալ «կոտրտուած» իմ թրքերէնովս: «Մեր գիւղին մէջ ունէինք հայկական դպրոց մը, ուր Ցեղասպանութենէն ետք արգիլուած էր հայերէն սորվեցնել,- ըսաւ Օննիկ,- միայն քրտերէն եւ թրքերէն ստիպուած էինք խօսիլ»:

Օննիկ Կելիճի եւ Հրայր Ճէպէճեան

Օննիկ նուիրուած հայն է, որ շատ ժամանակ կու տայ հայ եկեղեցւոյ եւ ընդհանրապէս հայութեան: «Ես հայերէն չսորվեցայ, բայց հայերէն կը սորվեցնեմ», ըսաւ Օննիկ: Ան ունի երկու զաւակներ, որոնք Ալմելոյի մէջ հայերէն սորված են ու կը խօսին:

Օննիկ գործին եւ առաքելութեան հաւատացող մարդն է: «Ժամանակ չեմ ուզեր վատնել եւ նեղուած մնալ, որ հայերէն չեմ գիտեր,- ըսաւ ան,- ես կ՛ուզեմ աշխատիլ եւ օգտակար ըլլալ հայութեան»: Ան վերջին տարիներուն կ՛օգնէ, սուրիահայերուն, որոնք ապաստան կը փորձեն գտնել Հոլանտա, որպէսզի անոնց կեցութեան իրաւական կարգավիճակերը ըստ պատշաճի դասաւորուի:

Հայկական եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կան շատ խաչքարեր: Բայց այն, ինչ որ զգացական է,  յատուկ մասն է, ուր զետեղուած են բազմաթիւ խաչքարեր կիսակլոր տարածքի մէջ` յիշատակելու համար Հայոց ցեղասպանութեան զոհուած հայորդիները: Եւ իւրաքանչիւր խաչքարի վրայ արձանագրուած է Պատմական Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ քաղաքներու անունները: «Այս ալ կառուցեցինք, որպէսզի ցոյց տանք հանրութեան եւ Հոլանտայի ժողովուրդին, որ Ցեղասպանութիւնը իրական է», շեշտեց Օննիկ:

«Հայապահպանումը շատ դժուար առաքելութիւն է, մանաւանդ` նոր կազմուող գաղութներու պարագային»: Մինաս Արսէնեանն ալ կու գայ Պասրայէն` Իրաք: 1996-ին հասած է Ալմելօ: ՀՄԸՄ-ի Ալմելոյի մեկուսի վարչութեան ատենապետն է եւ կը գիտակցի իր ստանձնած պարտականութեան կարեւորութեան եւ պատասխանատուութեան: «Միջին Արեւելքի մէջ այնքան չէինք զգար, որ հայութիւնը վտանգուած է: Հոս` Եւրոպա, տարբեր է: Այս իմաստով աւելի դժուար կ՛ըլլայ հայապահպանութիւնը», ըսաւ Մինաս:

Հայապահպանումը սփիւռքի տարածքին դժուար առաքելութիւն է: Ալմելոյի մէջ ալ, ինչպէս` իմ այցելած բազմաթիւ այլ գաղութներու, պարագան տարբեր չէ: Եթէ ամէն տեղ հայ կայ, բայց նոյնքան նաեւ` մարտահրաւէր: Հայապահպանումի մարտահրաւէրը: Եւ կարելի չէ անտեսել այս իրականութիւնը, որքան ալ դժուար ըլլայ այդ մէկը:

Բայց պէտք է կառչիլ եւ հաւատալ գործին:

Ալմելոյի մէջ կիրակնօրեայ դպրոցի ծրագիր հիմնուած է: «Մօտաւորապէս վաթսուն պատանի ունինք`չորս տարեկանէն մինչեւ տասներեք»: Շաքէն է զրուցողը, որ երկար տարիներ իր մասնակցութիւնը բերած է` դասաւանդելով հայերէն: «Իրաքահայեր, թրքահայեր, սուրիահայեր եւ Հայաստանէն եկած`բոլորը կ՛ուզեն, որ հայերէն սորվին եւ մայրենին պահեն», եզրակացուց Շաքէն:

Ալմելոյի հայերը կարիքը կը տեսնեն հայկական միօրեայ վարժարանի մը հիմնումին: Արդէն իսկ սկսած են խորհրդածել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է յաջողցնել այս գործը:

«Պիտի իրականացնենք այս ծրագիրը», ըսաւ Մինաս` հպարտ ու վճռական: «Ազգային ինքնութիւնը հայուն վերապրելու եւ մեր կեանքի շարունակականութեան գրաւական է: Թթուածին է, առանց որուն` կարելի չէ ապրիլ», եզրափակեց ան:

Այս թթուածինի համար պէտք է եկեղեցի, համալիր, նաեւ… դպրոց:

Թէեւ հրաժեշտ պէտք էր տայի Ալմելոյի խմբակին, բայց կար սրտիս մէջ ուրախութիւն, գոհունակութիւն եւ հպարտութիւն: Քանի մը ժամ անցուցած էի հայորդիներու հետ, որոնք եկած էին մեծ Իրաքէն: Հոն, ուր բոլորն ալ ուրախ էին եւ խաղաղ… Մինչեւ այն օրը, երբ ստիպուած եղան լքելու ամէն ինչ…:

Բայց ոչ ամէն ինչ… Անոնք իրենց հետ Ալմելօ բերած են իրենց սէրը եւ նուիրուածութիւնը, նաեւ համոզումն ու պատրաստակամութիւնը` կերտելու «փոքրիկ Հայաստան»: Փոքր թիւով, բայց` մեծ սրտով եւ էութեամբ: Ալմելոյի հայերը կը փաստեն, որ հայն ու հայութիւնը մեր կեանքերուն համար անհրաժեշտ իրականութիւններ են, զորս պէտք է պահել ի գին ամէն զոհողութեան:

Անոնց զոհողութեան հիմնական նպատակն է կերտել «փոքր Հայաստան»:

Մեծ Իրաքէն` փոքր Հայաստան:

Մեծ ու փոքր այս խաչմերուկներուն վկայ կայ մէկ առաքելութիւն` հայապահպանում:

Եւ հայապահապանութեան մեծ աշխատանքով է, որ կը պահենք հայը…

Եւ Հայաստանը…

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ