Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2024

Շաբաթաթերթ

Աչքերնիս Լո՜յս …

ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ

Նաւու ընկերութեան պաշտօնեան, Ճենովայի նաւահանգիստի շէնքին մէջ անգամ մը եւս ծռեցաւ կշիռքի սլաքին վրայ, յետոյ մեզի նայեցաւ եւ

– Քսան տոլար,- ըսաւ ու սպասեց:

Անկէ ետք, ձեռքի տետրակին էջը դարձուց եւ բան մը գրելու պատրաստ վիճակի մէջ,

– Յաւելական ուղեբեռ,- բացատրեց

– Յաւելական բե՞ռ, բայց ինչպէ՜ս…

Չհաւատացինք մեր լսածին

Գահիրէի մէջ ճամբորդական գրասենեակի պատասխանատու պաշտօնեան, մեզի այնպէս հաւաստիացուցած էր, թէ նաւու ընկերութիւնները յաւելեալ ուղեբեռի մասին, ճամբորդներու հետ սովորաբար չափաւոր կը վերաբերուէին, ու շատ անգամներ ալ, գրեթէ ոչինչ, կամ չնչին գումար գանձելու չափ ալ լայնամիտ կը գտնուէին…:

Մենք նաւուն վրայ պտոյտի համար գտնուող ճամբորդներէ չէինք,

– Հիմա այս ի՞նչ էր… յաւելական ուղեբեռ եւ դեռ ալ քսան տոլա՞ր…

Վայրկեանին չգիտցանք ինչ ընելնիս:

Թուականը 1962 Յունիս 8ն էր:

Դրամներու արժէքները եւ սակերը անշուշտ տարբեր էին այսօրուաններէն, եւ տոլարն ալ շուկային վրայ ուրիշ արժէքով կը գնուէր ու կը ծախուէր, բայց ամէն ձեւով, Ճենովայի նաւահանգիստին մէջ, քսան տոլարը մեր ունեցածին հարիւրէն տասն էր, եւ այդ վայրկեանին մեզի համար մեծ գումար կը նշանակէր:

Մենք ընտանիքով երկու շաբաթ առաջ, Գահիրէէն միայն իւրաքանչիւրիս պաշտօնապէս արտօնուած յիսուն տոլարով, ու մեր վիզէն ալ կախուած չորս ոսկի շղթաներով ճամբայ ելած էինք, եւ հիմա նաւահանգիստի շէնքին մէջ բոլորիս ունեցածով, հազիւ երկու հարիւր տոլարի չափ դրամ ունէինք մեր վրայ:

Քսան տոլաա՜ր…

Հայրս Գահիրէի մէջ ատենին չէր ուզած, ու վտանգաւոր տեսած էր ունեցած դրամը գաղտնի ճամբաներով Եգիպտոսէն դուրս հանելը, եւ նոյնիսկ աշխատցուցած բեռնակառքերն ալ, երթալնէս առաջ իր գործի ընկերոջ՝ ղպտի Մորիսին անվճառ նուէր ձգած էր:

Իսկ եղբայրս ու ես՝ ժամագործութեան մեր խանութին դուռը վերջին անգամ վար քաշած, մէջը լեցուն ապրանքներով գոց ձգած էինք:

– Աւելի լաւ է միայն արտօնուած գումարով երկրէն դուրս ելլել եւ օրէնքին մէջ գտնուիլ, քան թէ անկէ դուրս,- մտածած էինք ընտանիքով այն օրերուն:

Սակայն հիմա կշիռքի սլաքին առջեւ կացութիւնը տարբեր էր, եւ իտալացի պաշտօնեային պահանջած քսան տոլարները մեր հաշիւին մէջ չկային…

Անոնք մեր ունեցած քիչ դրամագլուխին հարիւրին տասը կը հաշուէին եւ շատ կարեւոր էին:

Մեր առջեւ լայն ծովերու Ճամբորդութիւնը երկար էր:

Դեռ երկու շաբաթներ պիտի անցնէինք նաւուն վրայ, եւ այդ դրամագլուխը մինչեւ մեր տեղ հասնիլը, գործ փնտռելը, աշխատիլը ու ամիս մը վերջ ալ առաջին աշխատավարձին ստանալը, պէտք է խնայուէր եւ բաւէր: Սակայն Իթալմար նաւի ընկերութեան պաշտօնեային համար կարեւոր չէին այս բոլորը: Ան իր կապոյտ համազգեստին մէջ հպարտ , գրիչին ետեւի ծայրով քիչ ետք սկսաւ ձեռքի տետրակը անհամբեր ու արագ հարուածել:

Դուրսէն նաւը անհոգ սուլոց մը արձակեց եւ մաքսատան մէջ եռուզեռը աւելցաւ: Յանկարծ տեղէ մը օգնական քննիչներ երեւցան եւ հոս-հոն վազելով անմիջապէս գործի անցան:

Անոնք սպասող բազմութեան մէջ, աճապարանքով պայուսակներ բանալ կու տային, կը կշռէին ու յաւելեալ քարշի համար ալ գումարներ կը գանձէին: Մեր քննիչն ալ կ’աճապարէր եւ արդէն նաւու երկրորդ սուլոցին բացէ ի բաց սպառնաց, որ եթէ քսան տոլարի գումարը չվճարէինք, մեր գոյքերը չէին կրնար նաւ բարձրանալ:

Քսան տոլա՜՜՜ր….: Բայց մենք չէինք կրնար Ճենովա մնալ:

Կապոյտ համազգեստով քննիչը ստացագիր մը գրեց, ստորագրեց , յետոյ կրունկներուն վրայ կէս շրջան դարձաւ ու աճապարանքով հեռացաւ:

Հայրս առաւ ստացագիրը եւ խնամքով պահեց:

Հիմա մեր քով եղած դրամէն միայն հարիւր ութսուն տոլար մնացած էր, եւ մեր ապագայի յոյսերն ալ, յանկարծ դուռի մը ետեւէն յուշիկ հեռացող լոյսի մը պէս տկարացան…

Մաքսատան մէջ եռուզեռը դեռ մեծ էր: Եկող-գացող բեռնակիրներ, սայլակներով մեր առջեւէն կ’անցնէին: Քիչ վերջ անոնցմէ մէկը մեր պայուսակները սայլակի մը վրայ շարեց ու տարաւ:

Երբ ճամբորդներուն քննութենէ անցուած բոլոր պայուսակները նաւէն ներս փոխադրուեցան, Ճիուլիօ Չեզարէն հրաժեշտի երկար սուլոցներ նետեց արեւին ու դանդաղ հեռացաւ քարափէն:

Հեռուն նաւահանգիստի շէնքին մօտ, երկու համազգեստաւոր «Քարապինիերի» ներ կառքի մը առջեւ կեցած հսկողութիւն կը կատարէին:

Մայրս կամրջակին վրայ քովս կեցած՝ երեսը խաչակնքեց, եւ հազիւ լսելի ձայնով

– Աչքերնիս լո՜յս,- փսփսաց:

Գահիրէէն մինչեւ Աղեքսանդրիա եւ Ճենովա, դիւրին չէին եղած մեր օրերը, եւ հիմա Ճիուլիոյին վրայ, դեռ նոր կը սկսէինք զգալ անոնցմէ հեռանալու վայելքը…

Խորունկ շունչ մը քաշեցինք:

Հսկայ նաւը ծովուն բացերը դարձուց ցռուկը, եւ ջուրին վրայ հետզհետէ արագացուց իր ընթացքը: Շատ չանցած Ճենովայի նաւահանգիստը անհետացաւ, եւ մեր դիմաց տեսարանը համատարած ծով դարձաւ:

Պայծառ օդը ծովուն վրայ երազներ կը գրգռէր, իսկ նաւը անհոգ կը սահէր եւ գալիք օրերու մասին յոյսեր կը ցանէր ջուրերուն վրայ…

Մթնոլորտը ուրախ էր, եւ բարեկամական:

Տարբեր ազգերէ մարդիկ արեւին տակ հազիւ ծանօթացած, ուշ կամ կանուխ՝

– Ուրկէ՞ կու գաք…

– Ո՞ւր կ’երթաք,- կը հարցնէին իրարու

Այս հարցումներուն առջեւ ազատ զգացողներ, երբեմն դիւրին կը բացուէին եւ իրենց ամբողջ կեանքը օտարներու կը պատմէին:

Սակայն կային ուրիշներ ալ, որոնք կեանքի եւ բախտի նոր խաղերու մտահոգութեամբ տարուած՝ չէին մասնակցեր շուրջի մթնոլորտին:

Օդը զով էր:

Կամրջակին վրայ հօրս եւ մօրս հետ Եգիպտոս մնացած մեր բարեկամներուն մասին կը խօսէինք, երբ քովս կեցած երկու Պոլիվիացի կիներ մեր կողմը դարձան եւ սպաներէնով՝

– Ի՞նչ լեզու կը խօսիք,- հարցուցին:

– Հայերէն,- պատասխանեցի

– Հայերէ՞ն,- կրկնեց առաջին կինը եւ յիշողութիւնը թարմացնելու ձեւով ձեռքով ճակատը քերեց :

Յայտնի էր թէ լուր չունէր մեր լեզուէն :

– Բայց դուք Հայաստանէ՞ն կու գաք, – հետաքրքրուեցաւ միւս կինը

– Ո՛չ , Եգիպտոսէն…

– Նասէրի երկրէ՞ն…

– Եգիպտոսէն,- կրկնեցի

Կինը երբ Եգիպտոսի անունը երկրորդ անգամ լսեց, կարծես աւելի հետաքրքրուեցաւ եւ ժպիտով

– Գո՞հ էիք, ինչպէ՞ս կ’ապրէիք հոն,- հարցուց…

Առիթը յարմար էր, ուզեցի տկար Փորթուկալերէնովս շատ բաներ պատմել Եգիպտոսի մեր կեանքին, լեզուին, եւ ուրիշ բաներու ալ մասին, բայց գիտցած բառերս շատ սահմանափակ էին, իսկ կիներն ալ սպաներէնէ զատ ուրիշ լեզու չէին գիտեր:

Հեռուն խաղաղ հորիզոնը մանկութեան հեքիաթունակ օրերուս սահմանը ըլլալ կը թուէր: Եթէ միայն գիտնայի կիներուն խօսած լեզո՜ւն եւ պատմել իրենց բոլոր ուզածները…:

Ճիուլիո Չէզարէն շնորհալի կոտրտուքով ջուրերուն մէջ կը յառաջանար: Մեզմէ քիչ հեռու, ալիքներ իրարու զարնուելով կը փշրուէին, բայց յետոյ ջուրերուն մէջ վերամիանալով, եւ «ծնունդ»ի ու «վերածնունդ»ի օրէնքին հետեւելով, ծովուն մէջ նոր ալիքներ կը կազմէին…:

Ես նաւու բազրիքին կռթնած, նոր «ծնող» ալիքները կը դիտէի:

Յանկարծ լայնարձակ ծովուն մէջ, ալիքներու վրայէն հով մը ոստոստելով նաւուն մօտեցաւ, եւ աղօտ ջուրի փոշի սրսկեց երեսիս:

Ջուրը գիտէի թէ Միջերկրականի ծովէն էր, որ այդ վայրկեանին Եգիպտոսը մեզմէ կը բաժնէր, բայց միեւնոյն ժամանակ ալ, միւս ափին գտնուող ծննդավայրս դեռ մեզի կը կապէր: Բայց հո՞վը, ուրկէ՞ կու գար այս հովը:

«Արդեօք նոյն հովը ծովէն անդին հիմա Եգիպտոսի վրա՞յ ալ կը փչէ… » անցաւ մտքէս:

Գիտէի թէ Գահիրէն իր հազար ու մէկ մինարէթներով, մզկիթներու առջեւ շարուած կօշիկներով, հին թաղերու ծուռ փողոցներով, Խան էլ Խալիլի շուկայով, եւ Էզպէքիայի խոշոր պարտէզով ուր պզտիկութեանս մայրս զիս պտոյտի կը տանէր, պիտի չտեսնէի այլեւս:

Գիտէի նաեւ թէ մեր Գալուստեան վարժարանը, Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ու հայկական ակումբներով գաղութային ճոխ կեանքն ալ, կարելի պիտի չըլլար ուրիշ տեղեր գտնել:

Անոնք Գահիրէի բարձր արմաւենիներուն հետ դիմացի ափը մնացած էին եւ ամէն վայրկեան հետզհետէ կը հեռանային մեզմէ:

Դժուար էր այդ վայրկեանին չմտածել բոլոր այդ տեղերու մասին եւ միտքով ալ չվերապրիլ հոն անցուցած մեր կեանքը, որովհետեւ բոլորս ալ գիտէինք թէ մեր երթը անվերադարձ էր:

Գահիրէն հին քաղաք էր: Փոշիով եւ վազող կառքերու շչակներու աղմուկով յագեցած՝ բայց համաշխարհային էր, բազմամարդ ալ էր եւ յատկապէս հոն ծնողներու համար, իր հրապուրիչ յատուկ կողմերը ունէր:

Կեանքը հին ատեններուն, մինչեւ 1952 թուականի երիտասարդ սպաներու ազգայնական յեղափոխութիւնը, հաճելի եղած էր Եգիպտոսի մէջ:

Այն օրերուն եւրոպական կարեւոր լեզուները գործածական էին երկրին մէջ, եւ արեւմտեան մշակոյթը տարածող դպրոցներու մեծ թիւին մէջ ալ, կային ֆրանսական լիսէներ, անգլիական դպրոցներ, ամերիկեան համալսարան, եւ արաբերէնէ զատ, ուրիշ լեզուներով հրատարակուած զանազան օրաթերթեր: Սակայն կարծես այս բոլորը դեռ բաւական չըլլային, պետական ձայնասփիւռի պաշտօնական կայանէն ալ, ամէն օր եւրոպական չորս լեզուներով հաղորդումներ կը կատարուէին:

Սակայն 1956 թուականի Նասէրի գլխաւորութեամբ, երիտասարդ սպաներու Սուէզի ջրանցքի ազգայնացումին իբրեւ հետեւանք, Անկլօֆրանսական ու Իսրայէլական բանակներու Եգիպտոս ներխուժումէն յետոյ, փոխուեցաւ երկրին կացութիւնը եւ Եգիպտոսը բաւական տարիներ, վտանգաւոր պատերազմներու լարուած վիճակի մէջ ապրեցաւ:

Մենք չէինք ուզեր պատերազմի տեւական սպառնալիքի տակ ապրիլ: Հիմա 1962 թուականի կէսերու մէջ էինք արդէն, ու Միջերկրականէն անդին, նաւուն վրայ, հարաւի հեռու աստղերուն տակ նոր եւ խաղաղ կեանք փնտռելու կ’երթայինք:

Վերէն ջուրերու վրայ տարածուած արեւը, ալիքէ ալիք կը սահէր, եւ անոնց երեսները կը շոյէր…. Իսկ անդին կապոյտ ծովուն մէջ հովեր, կարծես ձեռք ձեռքի տուած՝ ջուրերու վրայ տեղ տեղ օրօրուելով կլոր պար բռնած էին, ու նաւէն նայողին այնպէս կը թուէր թէ անոնք շարունակ, հեռու ծովերէ բերուած, երբեմն բաց, երբեմն ալ գոց կապոյտ գոյներ կը խառնէին անդադար շարժող ալիքներուն մէջ…

Նաւը արդէն ծովու բացերուն մէջ էր:

Մենք գաղութին մէջ առաջիններէն եղած էինք Եգիպտոսէն հեռանալու մասին մտածող: Ուրիշներու քով այն ատեն գաղթելու գաղափարը դեռ շատ չէր հասունցած:

Սակայն կարգ մը մօտիկ բարեկամներ, չէին հասկնար մեր երկրէն մեկնելուն պատճառը: Անոնք մեզմէ տարբեր կը մտածէին, եւ ընկերական շրջանակներու կամ խօսակցութիւններու մէջ, «Նեղոսի ջուրէն խմողը ա՛նպայման ետ կը դառնայ …» կ’ըսէին:

Խորքին մէջ անոնք չէին ուզեր մեր հեռանալը տեսնել:

Բայց մենք հիմա ժամերով ծովուն վրայ էինք արդէն, եւ կարեւոր չէին այլեւս մեր բարեկամներուն ըսածները:

Օրը յոգնած, վերջանալու մօտ էր: Դիմացի ծովուն անհուն ջուրերուն վրայ հանդարտ խաղաղութիւն իջած էր :

Հեռուն ուրախ ալիքներ ուղղութիւնը Ատլանտեանի կողմը դարձուցած իրար հրելով կ’աճապարէին…:

Մենք գոհ էինք որ Եգիպտոսէն կը հեռանայինք:

Սակայն զոհողութիւնը եւ վնասները մեծ եղած էին մեզի համար:

Բայց ծննդավայրը ծննդավայր էր, դժուար էր անկէ հեռանալը:

Այն օրը արեւին հեռացող ճառագայթներուն տակ, կամրջակին բազրիքին վրայ ծռած՝ սրտէս թել մը փրթաւ, Միջերկրականի ջուրերուն մէջ ինկաւ ու հոն մնաց :

Ես վայրկեան մը դիտեցի ծովուն գիրկ գիրկի տուած անհոգ պարող ալիքները, եւ ատեն մը վերջ, անոնց վրայ թեւածող հովեր, յանկարծ մօտեցան եւ մանկութեան օրերէս հին երգեր բերին ականջիս:

Ես կը սիրէի հին օրերուս երգերը…

Բայց Ճիուլիօ Չեզարէն անտարբեր զգացածէս, ցռուկով ծովուն ալիքները ճեղքեց, թափը արագցուց եւ Նիսի կողմը յառաջացաւ:

Մենք դեռ ճամբայ ունէինք կտրելիք…:

Քամփինաս, Պրազիլ
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ