Ուրբաթ, Ապրիլ 19, 2024

Շաբաթաթերթ

Մեր Անհետաձգելի Պարտքն Է՝ Հասնիլ Լիբանանահայ Գաղութին

Վերջին ամիսներուն, ահաբեկումով հետեւեցանք տրտմալի այլեւայլ իրադարձութիւններու հոլովոյթին, որոնց բերումով, Լիբանան այսօր կը գտնուի տնտեսական  համընդհանուր ահռելի տագնապի եւ գահավիժումի ամենածանր փուլին մէջ։

Մասնաւորպէս  2019 թուականէն սկսեալ երկիրը կ’ապրի ծանր օրեր, որոնց հիմնական պատճառները ոչ միայն ֆինանսական, դրամատնային եւ ընկերային են, այլ՝ աւելին, որովհետեւ Լիբանանի քաղաքական վերնախաւի որդեգրած հակասական մօտեցումները եւ իւրաքանչիւր խմբաւորման անձնական եւ շահադիտական դրդումներով առաջնորդուիլը կը խոչընդոտեն նոր կառավարութիւն մը կազմելու բոլոր ջանքերը եւ առաւել եւս կը բարդացնեն արտաքին ազդեցութիւններու հետեւանքով ստեղծուած ծանր կացութիւնը, երկիրը մատնելով անելանելի վիճակի:

Որպէս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, հարկ կը համարենք նշել, որ մեզի համար, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս, հիմնարար կը շարունակէ մնալ այն գաղափարը, որ Լիբանանը համակեցութեան, մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու երկխօսութեան հմայքով յառաջացած կեանքի եւ կենցաղի բնօրրանն է. Լիբանանը սոսկական երկիր մը չէ, այլ՝ ա՛յն պարարտ միջավայրը, որուն խորքերուն մէջ հայութիւնը յաջողեցաւ դուրս գալ  անցեալի վիրաւոր եւ աքսորեալ իր վիճակէն եւ լիարժէք կերպով ապրիլ, շնչել ու ստեղծել որպէս համայնք, միաժամանակ գործօն մաս կազմելով Լիբանանի ընկերային, հասարակական եւ նաեւ քաղաքական կեանքին: Եւ այսօր գաղտնիք չէ, որ գրեթէ երեք տարիներէ ի վեր, երկիրը հարուածող տնտեսական վիճակը, «Քովիտ» համավարակի սանձարձակ տարածումը եւ մանաւանդ ամբողջ Պէյրութը ցնցած նաւահանգիստի խոշոր պայթումը մեծ հարուածներ հասցուցած են Լիբանանահայ պատմական գաղութին:

Հետեւաբար, մենք, որպէս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն, կը հաւատանք որ համայն հայութեան անհետաձգելի պարտքն է օգնութեան ձեռք մեկնել ցաւոտ պայմաններ բոլորող մեր սիրելի քոյրերուն եւ եղբայրներուն, եւ կոչ կ’ուղղենք աշխարհատարած հայութեան, որ հնարաւոր ԲՈԼՈՐ միջոցներով, լիարժէք ճիգեր ի գործ դնէ եւ իր ամբողջական ներուժը ծառայեցնէ յօգուտ լիբանանահայ գաղութի պահպանման, ինչու չէ նաեւ անոր վերականգնումին ի խնդիր:

Ի Դիմաց՝

ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ

Ռաֆֆի Պալեան | Ատենադպիր

Մայք Խարապեան | Ատենապետ

Սեպտեմբեր 05, 2021
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ