Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

«Միջազգային Կրօնական Ազատութիւն եւ Խաղաղութիւն» Խորագիրով Համաժողով Ս. Էջմիածինի Մէջ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ՝ 2021թ. Սեպտեմբեր 9-10 Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ կ՝իրականացուի «Միջազգային կրօնական ազատութիւն եւ խաղաղութիւն» խորագիրով համաժողով։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Մայր Աթոռի Տեղեկատուական համակարգը:

«Համաժողովին ընթացքին, որուն պաշտօնական բացումը կը կատարուի Սեպտեմբեր 9-ին, քննարկուելիք թեմաներէն են հակամարտութեան գօտիներու մէջ դէպի պաշտամունքի վայրեր մուտքի հնարաւորութիւնը, կրօնական եւ ցեղական փոքրամասնութիւններու պաշտպանութիւնը, հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանումը եւ այլ թեմաներ։

2020 թուականին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան դէմ սանձազերծուած պատերազմէն ետք հայ հաւատացյալները զրկուած են պատմական վանքեր եւ եկեղեցիներ մուտք գործելու իրենց իրաւունքէն։ Առկայ է մտավախութիւն գրաւուած տարածքներուն մէջ հազարաւոր հայկական եկեղեցիներու, պատմական եւ հնագիտական վայրերու պահպանութեան առնչութեամբ:

Համաժողովին նպատակն է մէկ վայրի մէջ համախմբել տարբեր երկիրներէ ժամանած կրօնական առաջնորդները եւ յառաջատար գիտնականներն ու փորձագէտները՝ համաշխարհային հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանութեան մասին քննարկումներուն մասնակցելու։ Համաժողովին նպատակն է նաեւ մշակել միջազգային կրօնական ազատութեան եւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ առաջարկներ, որոնք կրնան լայնօրէն կիրառուիլ յետագային:

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ