Ուրբաթ, Մարտ 29, 2024

Շաբաթաթերթ

Ամերիկեան Բարքեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Գողերը Չե՞ն Պատժուիր . . .

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ հիւսիսային Գալիֆորնիոյ ծովեզերեայ՝ Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքէն։ Առաջ որ մեր նիւթին անցնիլս, կ՛ուզեմ ամփոփ ներածական մը ներկայացնել Walgreen անունը կրող (տես նկարը) անհրաժեշտ պիտոյքներ վաճառող՝ ներառեալ դեղորայք, խանութներու ցանցին մասին։

Ամերիկայի տարածքին այդ ցանցը ունի 9,021 խանութներ, իսկ Գալիֆորնիոյ մէջ՝ 586 խանութներ։ Վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին՝ Սան Ֆրանսիսքոյի շրջանին մէջ միայն, այդ խանութներէն 17 հատը փակուած է, տասը հատը վերջին երկու տարիներուն ընթացքին։ Հիմա թոյլ տուէք բացատրեմ թէ ի՞նչ է պատճառը այդ անսովոր երեւոյթին։

Ուրեմն ըստ ամերիկեան դատական համակարգին՝ (judicial system), երկու տեսակի յանցանքներ գոյութիւն ունին։ Պարզ յանցանք (misdemeanor) եւ քրէական յանցանք (felony), որը ոճիրի համազօր է։

Քրէական յանցանքով ամբաստանուած եւ դատապարտուած անձը կրնայ ենթարկուիլ 10,000 տոլար տուգանքի եւ ցմահ բանտարկութեան։ Իսկ եթէ ոճիրը ծանր է, կրնայ վճիռը ըլլալ մինչեւ իսկ մահ։ Բայց անձ մը որ պարզ յանցանքով ամբաստանուած եւ դատապարտուած է, նիւթական տուգանքը կ՛ըլլայ 1,000 տոլար եւ բանտարկութիւնը՝ մէկ տարի։

Այսքանը հասկնալի է եւ ընդունելի, սակայն՝ Սան Ֆրանսիսքոյի բնակչութիւնը 4 Նոյեմբեր, 2014-ին, քուէարկութեամբ վերոյիշեալ օրէնքը փոփոխութեան ենթարկեց։ Այդ նոր օրէնքը ի զօրու դարձաւ 47-րդ առաջարկութեամբ (Proposition 47), ըստ որուն՝ 950 տոլարէն պակաս եղած գողութիւն մը պատժելի է միայն 6 ամսուան բանտարկութեամբ . . .

Իսկ ի՞նչ է օրէնքի այս փոփոխութեան հետեւանքները։ Համբերեցէք եւ պիտի տեսնէք ու զարմանաք թէ գողերն են միայն օգտուողները այդ նոր օրէնքի տրամադրութենէն։ Արդարեւ Walgreen-ի տնօրէնութիւնը թելադրած է իր պաշտօնեաներուն որ չհալածեն գողերը, քանի պատահած է որ երբ պաշտօնեայ մը փորձած է դիմադրել՝ գողը իր ատրճանակով սպաննած է զինք։

Նոյնիսկ խանութներու այդ ցանցը որոշած է ոստիկանութեան տեղեակ չպահել, քանի 950 տօլարէն պակաս գողութիւն կատարողները պիտի չհետապնդուին ոստիկանութեան կողմէ։ Աւա՜ղ փառացս անցաւորին!

Իսկական Մարզական Ոգին . . .

Յաճախ լսած ենք թէ մարզական խաղերու եւ մրցումներու ընթացքին՝ յաղթելը կամ պարտուիլը կարեւոր չէ՝ այլ մասնակցիլը։ Մարզական ոգին այդ կը պահանջէ, չէ՞։

Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Ճաբոնի մայրաքաղաք Թոքիոյէն՝ ուր այս տարուան 23 Յուլիսէն մինչեւ 8 Օգոստոս, տեղի ունեցան Ողիմպիական 32րդ խաղերը։

Այդ մրցաշարքը ծրագրուած էր տեղի ունենալ անցեալ տարի, սակայն Պսակաձեւ Ժահրի համաճարակին պատճառաւ յետաձգուեցաւ այս տարուան եւ դարձեալ նոյն այդ ժահրին պատճառաւ՝ տեղի ունեցաւ առանց հանդիսատեսներու ներկայութեան։ Բան մը՝ որ առաջին անգամ ըլլալով կը պատահի Ողիմպիական խաղերու պատմութեան մէջ։

Գալով մարզական ոգի ցուցաբերող դէպքին, անոր հերոսներն են 800 մեթրի երկու վազողներ՝ ամերիկացի Այզէյա Ճէուէթ եւ Պաթսուանեացի Նիճէլ Ամոս։ Վազքի գրեթէ աւարտին՝ անոնք ակամայ իրար զարնուելով ինկած են (տես նկարը)։ Սակայն անմիջապէս իրար օգնելով ոտքի կանգնած են (տես նկարը) եւ շարունակած վազքը . . .

Այզէյա եւ Նիճէլ թէեւ կորսնցուցած են առաջնորդութիւնը՝ սակայն աւարտած են վազքը, առաջին հանդիսացողէն 54 երկվայրկեան ետք։ Սա է իսկական մարզական ոգին որ ցուցաբերուած է երկու երկիրներ ներկայացնող մարզիկներու կողմէ՝ որոնք հաւանաբար զիրար չէին ճանչնար Թոքիոյ չմեկնած։

Անդրադառնալով այդ դէպքին՝ Այզէյա սապէս արտայայտուած է, «Չնայած թէ որքան բարկացած ես, դուն ի վերջոյ պէտք է հերոս ըլլաս։ Որովհետեւ հերոսները այդպէս կ՛ընեն։ Անոնք կը ցուցաբերեն իրենց մարդկութիւնը՝ ինչ պայմաններու մէջ ալ գտնուին, եւ այսպէսով կը յատնաբերեն թէ իրենք լաւ մարդիկ են։»

Իսկ Այզէյայի քոյրը՝ Վիքթորիա, աւելցուցած է թէ, «Իր այս ընթացքով, եղբայրս կրցաւ հաստատել թէ ան նախ մարդ է եւ յետոյ մարզիկ։ Բան մը՝ որ բոլորին սրտին կը խօսի։»

Առ ի գիտութիւն՝ նշեմ ու Հայաստանի Հանրապետութեան մարզիկները շահած են չորս մետալներ, երկու արծաթ եւ երկու պրոնզ։ Ապրիք հայեր։

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ