Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Անկախութիւն

Իմ սիրելի, ամէնէն հարազատ ու միակ մայր

Շնորհաւոր 30-ամեայ յոբելեանդ:

Անկախութեանդ կայացումին համար մենք՝ որդիներդ  ու դուստրերդ ջանք  ու եռանդ չենք խնայած։ Քեզ կը նուիրենք մեր սէրը,  մեր ապագան, մեր ամէնէն նուիրական երազանքները։ Իմ եղբայրներէն շատեր նոյնիսկ քեզ նուիրեցին իրենց կեանքը։

Քու բարօրութեանդ համար մենք գիշերը ցերեկի վերածեցինք, մութը՝ լոյսի։

Ես քեզ կը մաղթեմ անամպ երկինք՝ խաղաղութեամբ եւ անդորրով։ Ամուր սահմաններ՝ ինքնիշխանութեամբ, հզօրութեամբ եւ ամրութեամբ։ Կը մաղթեմ զարգացած եւ հաստատակամ ապագայ։

Թող, որ բոլոր որդիներդ ապրին խաղաղ երկինքի տակ՝ երջանկութեան եւ բարեկեցութեան մէջ։ Թող բոլոր զաւակներդ իրենց նախաձեռնած գործերուն մէջ այնքան զօրանան, որ իրենց նուաճումներով քեզ դարձնեն ամէնէն հզօրը, ամէնէն բարգաւաճը, ամէնէն ուժեղը, ամէնէն զարգացածն ու ամէնէն լիարժէքը՝ քու քոյրերուդ եւ եղբայրներուդ մէջ։

Ես քեզ կը մաղթեմ յարատեւութիւն, իսկ այս յարատեւութեան մէջ՝ կայունութիւն եւ անսասանութիւն։

Ես քեզ կը մաղթեմ կամք, ուժ , եռանդ, կորով ու տոկունութիւն։

Ես քեզ կը մաղթեմ անձնուրաց սիրով  քեզ սիրող որդիներ ու դուստրեր, թոռներ ու  ծոռներ։

Ես կը հաւատամ քու յարատեւութեանն ու երջանկութեանը։ Ես՝ քու եօթ միլիոն որդիներէն մէկն եմ. դիմացդ ծունկի եկած կը խոստանամ, որ կեանքս կեանքիդ համար պիտի ծառայէ: Գործս քեզ շէնցնելու պիտի ծառայէ:  Ջանքս եւ կարողութիւններս քեզ հզօրացնելու պիտի ծառայէ։ Միտքերս ու գաղափարներս քեզ նոր շունչ հաղորդելու պիտի ծառայէ: Այդպէս եղած է եւ այդպէս ալ պիտի ըլլայ:

Սէրը, որ քու հանդէպ ունիմ, աշխարհի ոչ մէկ բառարան կրնայ բացատրել եւ աշխարհի ոչ մէկ միաւոր կրնայ չափել։

Իմ  ամենամիակ, ամենասուրբ, ամենակատարեալ Մայր ՝ Հայաստան, ծունկի եկած ձեռքերդ կը համբուրեմ, կորուստներուդ առջեւ կը խոնարհիմ, եւ ամբողջ սիրտով կը խոստանամ ծառայել յանուն ապագայիդ յարատեւութեան:

Դուստրդ՝

ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ 

ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ