Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 27, 2024

Շաբաթաթերթ

Հայ Քոյրերու Վարժարան

Հայաստանի Անկախութեան 30-Ամեակի Նշում

Երկուշաբթի, 20 Սեպտեմբեր 2021-ի առաւօտուն, Գալիֆորնիոյ Հայ Քոյրերու Վարժարանի աշակերտները նշեցին Հայաստանի Հանրապետութեան 30-ամեակը: 

Ամերիկայի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք,  5-րդ դասարանէն խումբ մը աշակերտներ հայերէնով եւ անգլերէնով հակիրճ տեղեկութիւններ ընթերցեցին անկախութեան մասին, թէ ինչպէս Հայ ժողովուրդը իր ազատատենչ ոգիով դարձեալ տիրացաւ անկախութեան 21 Սեպտեմբեր 1991-ին եւ ստեղծուեցաւ 3-րդ հանրապետութիւնը, ունենալով իր դրօշակը եւ զինանշանը եւ թէ Հայաստան այսօր աշխարհին կը ներկայանայ որպէս զարգացած երկիր իր հարուստ պատմութեամբ, մշակոյթով եւ արուեստով: Աշակերտները նաեւ վեր առին այն փաստը, որ ամէն տարի հայերը, հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ, մեծ հպարտութեամբ կը նշեն անկախութեան տօնը Հայաստանի, որու ճանապարհը այնքա՜ն լեցուն եղած է փուշերով:

Այնուհետեւ խօսք առաւ վարժարանի փոխտնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան, որ նշեց,  թէ մենք բոլորս հաւաքուած ենք մեր սիրելի դպրոցին մէջ, ամէն մէկուս ծնողները Սփիւռքի մէկ երկրէն եկած կրնանք ըլլալ, բայց երբ կայ հայկական շունչ, հայկական ոգի, հայեցի դաստիարակութիւն, երբ կը խօսինք հայերէն, կ’երգենք ու կ’աղօթենք հայերէն, հոն անպայման պիտի ստեղծուի Հայաստան մը:  

Տիկ. Պոյաճեան ըսաւ, թէ Հայաստանը մեր տունն է, մեր մայրն է, մեր հայրն է, եւ մենք պէտք է գուրգուրանք անոր: «Երկա՜ր տարիներ այլ ազգերու ենթարկուած մեր հայրենիքը 30 տարի առաջ անկախացաւ, եւ մենք ուրախ ու հպարտ ենք այդ անկախութեամբ: Այո՛, դիւրին չէ եղած եւ հիմա ալ դիւրին չէ Հայաստանի անցած ճամբան, բայց մենք երբեք պէտք չէ յուսահատինք, երբեք պէտք չէ տկար զգանք մենք մեզի, մենք զօրաւոր ենք թէ՛ մեր յաղթանակներով, թէ՛ մեր պարտութիւններով, որովհետեւ երբ մենք իրար ձեռք բռնենք, իրար հետ միասնական ըլլանք, ոչ մէկ թշնամի կրնայ յաղթել մենք մեզի անկախ զգալէ», նշեց փոխտնօրէնուհին եւ աւելցուց. «Ուրեմն, սիրենք մեր հայրենիքը, սիրենք մեր հայ եղբայրներն ու քոյրերը, եւ նոյնիսկ երբ հիմա մենք Հայաստանէն հեռու ենք, կը սիրենք ու կը յարգենք մեզ հիւրընկալող Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները, Հայաստանը միշտ պիտի մնայ մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, եւ մեր կարելին պիտի ընենք Հայաստանը ուժեղ պահելու»:    

Ապա, «Իմ անունը Հայաստան է» երգին ընկերակցութեամբ աշակերտներն ու ուսուցիչները ե՛ւ երգեցին, ե՛ւ պարեցին, բարձր ճօճելով հայկական դրօշը:

Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ