Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 23, 2024

Շաբաթաթերթ

Մահագրական

Էտվին Մինասեան (1963-2021)

Լոս Անճելըսահայ գաղութը, Լոս Անճելըսի Պոլսահայ Միութիւնը, Մինասեան գերդաստանի կողքին, կը կորսնցնեն հայ ազգային եւ միութենական նուիրեալ գործիչ մը, յանուն Էտվին Մինասեանին:

Էտվին Մինասեան, ծնած եւ հասակ առած է Պոլսոյ մէջ: Փոխադրուելով Միացեալ Նահանգներ, Լոս Անճելըս, շարունակած է իր կեանքի ասպարէզը, հմտանալով իրաւաբանական ճիւղին մէջ:

Ան կեանքի մեծագոյն մասնիկը, աւելի քան 30 տարիներ շարունակ, նուիրած է իր սիրեցեալ միութեան՝ «Պոլսահայ Միութեան»,  սատարելով անոր ազգային նուիրեալ գործունէութիւններուն:

Իրաւաբանական մասնագիտութիւնը բնաւ արգելք չհանդիսացաւ Էտվինին համար, երախտապէս պաշտպանելու եւ ծառայելու հայ համայնքի շահերուն եւ ի մասնաւորի՝ Պոլսահայ Միութեան բարգաւաճման եւ գոյատեւման:

Իրաւաբան Էտվին Մինասեան եղաւ Պոլսահայ Միութեան հիմնադիր սիւներէն մին, պահելով զայն մինչեւ իր վերջին շունչը: Ան եղաւ հիւրընկալը եւ հանդիսավարը բազմաթիւ հայ եւ օտար պետական, մշակութային, քաղաքական եւ այլ անձնաւորութիւններու այցելութիւններուն նուիրուած հանդիսութիւններու եւ միջոցառումներու, իր միութեան հոգաբարձական պաշտօնէութեան ժամանակաշրջաններուն եւ անկէ ետք եւս:

Էտվին Մինասեան անսակարկ եւ հաւատարմօրէն ծառայեց իր ազգին եւ միութեան մինչեւ իր կեանքի վերջին շունչը:

Էտվին Մինասեան իր մասնագիտութեան, իրաւաբանութեան գիտական աստիճանի կոչումը ստացած է հարաւային Գալիֆորնիոյ համալսարանէն եւ դոկտորական աստիճանի կոչումը ստացած է Լօյօլա Մէրիմաունթ իրաւաբանական կաճառէն: Ան 1990-ին ընդունուած է Գալիֆորնիոյ Իրաւաբաններու կաճառը եւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն Ատեանին դիմաց իր մասնագիտութիւնը կիրառելու իրաւունքը:

Էտվին Մինասեան ծառայած է բազմաթիւ միութենական եւ Լոս Անճելըսի հայ համայնքի յանձնախումբերու մէջ, գլխաւորապէս Պոլսահայ Միութեան հոգաբարձութեան պաշտօնին, զոր կը վարէր 2010-էն ի վեր: Ան եղած է նաեւ պաշտօնական այլ շրջանակներու մէջ գործուն դերով ինչպէս՝ «Արարատ Հօմ», «Հայ Կեդրոն», «Հայ Իրաւական Կեդրոնի Արդարադատութեան եւ Մարդկային Իրաւունքներու Տնօրէններու Խորհուրդի անդամ», «Ազգային եւ Միջազգային Ուսումնասիրութիւններու Վարչական անդամ» եւ աշխատակցած է հայ մամուլին եւ պարգեւատրուած՝ Ս. Ներսէս Շնորհալի մետալով ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Գարեգին Բ.-ի կողմէ

Կանխահաս մահը զինք խլեց Լոս Անճելըսահայ գաղութէն, կիսատ թողելով իր հոգեհարազատ ազգային եւ միութենական աշխատանքները:

Հողը թեթեւ գայ վրադ սիրելի Էտվին:

Թող որ  լուսաշող հոգիդ յաւէտ սաւառնի երկնի անդաստանին մէջ:

Էտվին Մինասեանի թաղման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Ս. Պետրոս եկեղեցուոյ մէջ, Վէն Նայս, Գալիֆորնիա, 30 Սեպտեմբեր 2021-ին:

Յիշատակը յարգողներէն կը խնդրուի ներկայ գտնուիլ:

Խորին ցաւակցութիւններ կը յայտնեն իր հոգեհարազատներուն՝

«Նոր Օր»-ի խմբագրական եւ վարչական կազմերը,
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան
Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը:
ՅԱՐԱԿԻՑ ՅՈԴՈՒԱԾՆԵՐ

ՆՈՐ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ